Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ նախագահեց սահմանադրական եւ իրաւական խորհրդատուական ժողովին:
Նախագահը ժողովի մասնակիցներուն յայտնեց. «Ձեր առաքելութիւնը երկրի նախագահին ուսին դրուած սահմանադրական եւ իրաւական պարտականութեան կատարման օգնելն է` հիմնուելով պետական շահին վրայ` շարունակելու համար սահմանադրութեան գործադրութիւնը եւ լուծելու անոր բացերը` մեկնելով երդման ճառէն եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրէն»:
Նախագահ Աուն նաեւ ստանձնեց 8 պետութիւններու` Պրազիլի, Քուպայի, Իտալիոյ, Սերպիոյ, Նորվեկիոյ, Աւստրիոյ, Թուրքիոյ եւ Ալճերիոյ դեսպաններուն հաւատարմագիրները:


