Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ եւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ այցելեցին Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցան հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժիի եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի:
Քալիպաֆ հանդիպումէն ետք նախագահական պալատէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն իրանեան պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանան յոգնեցաւ ուրիշներու պատերազմներէն, եւ լիբանանցիներու միասնականութիւնը որեւէ պարտութեան կամ յարձակումի լաւագոյն դիմակայումն է»:
«Լիբանան մեծ գին վճարեց Պաղեստինեան դատին համար, եւ կը զօրակցի երկու պետութիւններ լուծումի վերաբերեալ Ռիատի վերջին վեհաժողովին», աւելցուց ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասնելէ ետք յայտնեց, որ Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի յուղարկաւորութեան կը մասնակցի ներկայացնելով Իրանի նախագահը` ընդգծելով, որ յուղարկաւորութիւնը պիտի փաստէ, թէ Դիմադրութիւնը կենդանի է եւ արժանի աստուածատուր յաղթանակին:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդատու Ալի Լարիժանի մէկ օր առաջ յայտարարեց. «Հետագային լիբանանեան կառավարութեան յստակ պիտի դառնայ, թէ կարելի չէ Իսրայէլի դիմաց ապահով ապրիլ առանց Դիմադրութեան»:


