Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ծերակուտական Ճաքսընէն Կը Պահանջէ Իսրայէլեան Հեռացումը Ապահովել

February 24, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ Թեքսաս նահանգը ներկայացնող ծերակուտական Ռոնի Ճաքսընը, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը:

Նախագահը ծերակուտականին յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ եւ սահմանի երկայնքին կայունութիւնը կը պահանջէ իսրայէլացիներուն հեռացումը այն բլուրներէն, որոնց վրայ կեդրոնացած են, եւ վերադարձնել այն լիբանանցիները, որոնք վերջին պատերազմին ընթացքին կալանաւորուեցան, եւ ասիկա Լիբանանի հաստատ ու վերջնական դիրքորոշումն է»:

«Լիբանանեան բանակը տեղակայուեցաւ այն գիւղերուն ու գիւղաքաղաքներուն մէջ, ուրկէ իսրայէլացիները հեռացան, եւ պատրաստ է սահմանի երկայնքին տեղակայուելու», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը` նշելով. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի եւ անցեալ 27 նոյեմբերին գոյացած համաձայնութեան գործադրութեան նպատակով հարաւային Լիբանանի մէջ գործող միջազգային ուժերուն հետ լաւ գործակցութիւն գոյութիւն ունի»:

«Իսրայէլ բլուրները բռնագրաւել շարունակելով խախտեց այդ համաձայնութիւնը, որուն հովանաւոր պետութիւնները, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգները, պէտք է անոր վրայ ճնշում բանեցնեն, որպէսզի զայն ամբողջովին յարգեն», շեշտեց նախագահ Աուն:

«Լիբանանեան բանակը իր պարտականութիւնը ամբողջական կերպով եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ համակարգաբար կը կատարէ, եւ ճիշդ չեն այն տարաձայնութիւնները, թէ համաձայնութեան գործադրութեան մէջ կը թերանայ», ընդգծեց ան:

Ամերիկացի ծերակուտականը վստահեցուց, որ Միացեալ Նահանգներ կը կանգնին Լիբանանի կողքին, որ նախագահ Աունի ընտրութենէն եւ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք կայունութեան նոր փուլ մուտք գործելով սկսաւ վերառողջանալ:

Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Քոնկրեսի իր պաշտօնակիցներուն հետ պիտի աշխատի նիւթական ու կազմածներու աջակցութիւնը ապահով լիբանանեան բանակին, որ արտակարգ աշխատանք կը տանի եւ Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս բոլորին աջակցութիւնը կը վայելէ` աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գործակցութիւնը լիբանանցի եւ ամերիկացի ժողովուրդներու շահերէն կը բխի:

Պատասխանելով Պէյրութի օդակայանին ու Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական ներկայացուցիչ Ճոնսընի այն յայտարարութեան, թէ Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յուղարկաւորութեան մասնակցող ոեւէ լիբանանցի իրանեան վարչակարգին կողմնակից կը նկատուի, ծերակուտական Ճաքսըն ըսաւ. «Ո՛չ, այն ինչ որ կը վերաբերի երկրորդ հարցումին, յուղարկաւորութեան վերաբերեալ այդ տեսակէտը չեմ բաժներ: Կը հասկնամ, որ ասիկա այստեղ դժուար կացութիւն է, եւ կան իրարու կապուած ընտանիքներ, որոնք տարբեր կողմերու կ՛աջակցին: Ուստի չեմ կարծեր, որ պէտք է այդ առնչութեամբ խնդիրները հրահրենք, եւ աւելի լաւ է թոյլ տանք, որ այդ իրադարձութիւնը անցնի, եւ յառաջ ընթանանք: Եթէ ըսուելիք բան կայ, ապա պէտք է ասիկա առիթ ըլլայ սերտելու փակելու փուլ մը եւ բանալու նոր փուլ մը, եւ կը յուսամ, որ ատիկա բազմաթիւ մարդիկ վերստին զսպելու համազօր կ՛ըլլայ»:

 

Նախորդը

Առաջին Տիկինը Փափաք Յայտնեց Նախարար Պայրագտարեանի Հետ Գործակցելու

Յաջորդը

Լիբանանեան Տարբեր Շրջաններու Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.