– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ հինգշաբթի գիշեր օդային յարձակում գործած է Սուրիա-Լիբանան սահմանին մօտ գտնուող փոխադրութեան առանցքներուն վրայ, որոնք Հըզպալլայի կողմէ կ՛օգտագործուին Լիբանան մարտական միջոցներ մտցնելու համար:
Իսրայէլեան բանակը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ այդ փորձերը բացայայտ խախտում են Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ գոյացած փոխհասկացողութիւններուն ու զինադադարին` նշելով, որ պիտի շարունակէ աշխատանք տանիլ վերացնելու Իսրայէլի պետութեան դէմ որեւէ սպառնալիք եւ Հըզպալլայի դիրքաւորման որեւէ փորձ պիտի արգիլէ:
– ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ դիւանագիտական աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած է, որ Իսրայէլ կը պնդէ մնալ այսպէս կոչուած իշխող բլուրներու վրայ` վերահսկողութիւն կատարելու համար: Այս պնդումը յստակ պատրուակ է լիբանանեան հողերու բռնագրաւումը շարունակելու համար, եւ անոր իսկական նպատակը Լիբանանը մղելն է ուղղակի բանակցութիւններու, որոնք կրնան յանգեցնել նոր համաձայնութեան մը, որ կը նուիրականացնէ բռնագրաւումը վերջերս շրջանին մէջ կնքուած համաձայնութիւններուն նման եղող տարազի տակ: Այս ընթացքը լիբանանեան գերիշխանութեան համար չափազանց վտանգաւոր է եւ կը վերաբանայ թղթածրարները 1949 թուականին ստորագրուած զինադադարի համաձայնութեան, որուն իր ռազմավարական շահերուն համար շրջանցման կամ տապալման կը ձգտի Իսրայէլ»:
– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են.«Հըզպալլան վերապահ կը մնայ ներկայիս քաղաքական որեւէ դիրքորոշում արտայայտելէ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մասին եւ զէնքը բանակին ու միւս օրինական ուժերուն մենաշնորհը ըլլալու գաղափարը որդեգրելուն նկատմամբ:
«Այս վերապահութիւնը հիմնականին մէջ կը բխի կուսակցութեան իր երկու ընդհանուր քարտուղարներ սէյիտ Հասատ Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի յառաջիկայ կիրակի օր յուղարկաւորութեան նախօրեակին քաղաքական տագնապ չստեղծելու փափաքէն: Կուսակցութիւնը կ՛ուզէ այդ առիթը անցընել` առանց քաղաքական որեւէ հեղինակութեան հետ լարուածութեան, մանաւանդ որ անոնց մասնակցութեան հրաւէրներ ուղղած է»: