Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բոլոր լիբանանցիներուն եւ իսլամներուն կոչ ուղղեց` մասնակցելու Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի յառաջիկայ կիրակի օր նախատեսուած յուղարկաւորութեան, որ «խիղճի, պատմութեան եւ մարդու պահ է»:
Ան ըսաւ, որ թող յուղարկաւորութեան մասնակցութիւնը ըլլայ «այս աշխարհի սրտին մէջ բարձր ճիչ մը», «ամբողջ աշխարհին յայտարարենք, թէ Դիմադրութիւնը երկրի պարծանքն է, կեանքի աղը, գոյութեան պատմութիւնը, մարդու մշակոյթը եւ հայրենիքի սրբութիւնը»:


