Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը Յանձնառու Է Լիբանանի Իր Դիրքի Վերատիրացման Եւ Արաբական Պետութիւններուն Վրայ Յարձակումի Հարթակ Չըլլալուն»

February 22, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ արաբական պետութիւններու դեսպաններուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին գնահատեց «նոր իշխանութեան ու կառավարութեան արաբական աջակցութիւնը»` նշելով. «Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը յանձնառու է Լիբանանի իր արաբ եղբայրներուն միջեւ դիրքին վերատիրանալուն եւ նախանձախնդիր է արաբական ու բարեկամ պետութիւններուն վրայ յարձակում գործելու հարթակ չըլլալուն»:

Սալամ շեշտեց. «հասարակաց մարտահրաւէրներու դիմակայման, մասնաւորաբար պաղեստինցիներու տեղահանման ծրագիրներուն դէմ արաբական միացեալ դիրքորոշման կարեւորութիւնը»:

Վարչապետը արաբ դեսպաններուն ներկայացուց այն հաղորդակցութիւնները, զորս ունեցած է արաբ պաշտօնատարներու հետ` Իսրայէլի լիբանանեան հողերէն կարելի եղածին չափ շուտ հեռանալուն նպատակով դիւանագիտական ճնշումի նպատակով:

Սալամ արաբներուն կոչ ուղղեց` «կառավարութեան ապահովել ջանալիք նոր պայմաններու լոյսին տակ» վերադառնալու Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելուն ու զբօսաշրջութեան:

Արաբ դեսպաններու համախմբումի նախագահ, Լիբանանի մէջ Պաղեստինի դեսպան Աշրաֆ Տապպուր յայտնեց, որ իրենց ներկայութիւնը յստակ պատգամ է, «թէ բոլոր փուլերուն մէջ եղբայրական Լիբանանի կողքին կը կանգնինք»:

«Ուշադրութիւնս գրաւեց Սալամի դիրքորոշումը, որ անակնկալ մը չէր, թէ շրջանին մէջ չկայ կայունութիւն առանց պաղեստինցի ժողովուրդին արդար լուծումին, եւ անիկա Միջին Արեւելքի դատն է», ըսաւ Պաղեստինի դեսպանը:

Ան գնահատեց Լիբանանի պաղեստինցի տեղահանուածները հիւրընկալելը եւ ընդգծեց. «Պաղեստինցի ժողովուրդին այլ ուղղութիւն չկայ, բացի Պաղեստինի հող վերադառնալը, եւ պաղեստինցիները կը մերժեն բնակեցման ու տեղահանութեան բոլոր ձեւերը եւ անոնք կառչած են իրենց հայրենիք վերադարձին»:

Վարչապետը երէկ նաեւ ընդունեց Եւրոպական Միութեան Միջերկրականի շրջանի հարցերու յանձնակատար Տուպրաւքա Սուիքան` ներկայութեան Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տէ Վալի, եւ անոնց հետ քննարկեց յառաջիկայ փուլին Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարելիութիւնները, մանաւանդ որ Եւրոպական Միութիւնը մեծ յոյսեր կը կապէ ներկայ կառավարութեան:

Նախորդը

Ֆայեատ. «Պըրրի Սէյիտ Նասրալլայի Յուղարկաւորութեան Ներկայ Պիտի Ըլլայ, Եւ Մեր Մօտ Կառավարութեան Վստահութեան Քուէ Շնորհելու Ուղղուածութիւն Գոյութիւն Ունի»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ամերիկեան Քոնկրեսի Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց, Որ Ուաշինկթըն Ճնշում Բանեցնէ` 5 Կէտերէն Իսրայէլեան Հեռացումը Ապահովելու Համար

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.