Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Իսկական Առաջնահերթութիւնը Զէնքը Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելն Է»

Մայիս 30, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Քաղաքապետական ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակներու մասին չեմ սիրեր խօսիլ, սակայն անկասկած ընդհանուր մթնոլորտը, մասնաւորաբար Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան գոյութեան շրջաններուն մէջ, յստակ կերպով ի նպաստ մեզի էր»:

«Կը նախատեսէինք Մեթնի քաղաքապետութիւններու համադաշնակցութեան մէջ յաղթանակ արձանագրել, սակայն այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, կարգ մը քաղաքապետներու կողմէ «կռնակէն դաշոյնի հարուած»-ի համազօր էր», յայտնեց Ժահժահ: Ան նշեց, թէ այդ համադաշնակցութեան ընտրութեան մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան մրցակից չէին, «եւ չեմ գիտեր ճիշդ ինչ տեղի ունեցաւ»:

Արձագանգելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմին` Ժահժահ յայտնեց. «Դիմադրութիւնը Լիբանանի մէջ վերջին շիի սիրտին վրայ մնացած է, եւ լիբանանեան պետութիւնը զէնքի մենաշնորհը ապահովելու որոշակի ժամկէտի պարտաւորութեան տակ է, որովհետեւ վերաշինութեան որեւէ օժանդակութիւն պիտի չհասնի, նախքան զէնքի մենաշնորհի հաստատումը, իսկ Նայիմ Քասեմը այս նիւթին շուրջ խօսելու կամ յայտարարութիւն կատարելու իրաւունք չունի»:

«Իշխանութեան սկիզբէն բոլոր հարցերը կանգնեցան, եւ մենք այժմ զէնքի յանձնման կը սպասենք: Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահէն բացի որեւէ պետութեան ղեկավար մեզի չայցելեց, որովհետեւ այդ հարցը կը սպասեն, եւ շնորհակալութիւնը հանրապետութեան նախագահին` այս առումով կատարած ջանքերուն համար», ըսաւ Ժահժահ:

«Նայիմ Քասեմը զուգահեռ աշխարհի մէջ կ՛ապրի. ան չի գիտակցիր ուժերու հաւասարակշռութեան եւ գետնի վրայ կացութեան: Ինչ կը վերաբերի զէնքի մենաշնորհին, ոմանք զայն ուշացնելու իրերայաջորդ փորձեր կը կատարեն», յայտնեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը:

«Հըզպալլան կը փորձէ ժամանակ շահիլ, երբ պետութիւնը պէտք է շտապէ զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու, որովհետեւ այդ է իսկական առաջնահերթութիւնը, եւ ներկայիս մեր առաջնահերթութիւնը Իսրայէլի հետ խաղաղութիւնը չէ, այլ զինադադարի (1949-ի, «Ա.») համաձայնութեան վերադառնալը, իսկ ատիկա ներկայիս մեր ձգտած առաւելագոյնն է», նշեց Ժահժահ:

Միւս կողմէ, արձագանգելով արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին ուղղուած քննադատութիւններուն, Ժահժահ երէկ ըսաւ. «Ժամանակն է, որ կառավարութենէն հրաժարի ան, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը կը մերժէ եւ պետութեան պաշտօնական ուղղուածութիւնը կը մերժէ, եւ ոչ թէ ժամանակը վատնէ յարձակելու արտաքին գործոց նախարարին վրայ` պետութեան պաշտօնական դիրքորոշումը յարգելուն համար:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախագահ Աունի

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?