. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը կը գրէ. «Լիբանանեան բանակը, մասամբ իսրայէլեան հետախուզութեան օգնութեամբ, մեծապէս յաջողեցաւ Հըզպալլան հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող կեդրոններուն մէջ ապազինել»:
Ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ օրաթերթին նշած են, որ իրենք դրական կերպով անակնկալի մատնուած են լիբանանեան բանակի արձանագրած յաջողութենէն, «այժմ հարցումը այն է, որ լիբանանեան պետութիւնը կարո՞ղ է հարաւային Լիբանանի մէջ իր առաքելութիւնը ամբողջացնել եւ իր ջանքերը ընդլայնելով ներառել երկիրին մնացեալ շրջանները»:
. ԸՍՏ «Հատաս»-ի աղբիւրներուն, «Ամերիկան վրդոված է Լիբանանէն զինադադարի համաձայնութեան կէտերը չգործադրելու պատճառով: Ամերիկեան կողմը Լիբանանէն պահանջած է Հըզպալլայի զինաթափման թղթածրարին մէջ գործնական եւ շօշափելի քայլեր կատարել»:
Աղբիւրները աւելցուցած են, թէ Ուաշինկթըն սպառնացած է զինադադարի համաձայնութեան գործադրման եւ Հըզպալլայի զինաթափման համար ժամանակացոյց ճշդել: Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի Լիբանան այցելութեան պատճառը ամերիկեան վրդովումն է, եւ ան Պէյրութ կը վերադառնայ Հըզպալլայի զինաթափման թղթածրարին մէջ «աւելի սուր» խօսելաոճով:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին յայտնած են. «Կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի Լիբանան այցելութիւնը տեղի ունենայ յառաջիկայ յունիսի կիսուն, սակայն անոր թուականը տակաւին չէ ճշդուած»:
Աղբիւրները նաեւ նշած են. «Օրթէյկըս աշխատանք պիտի տանի շարունակելու այն քայլերը, որոնք կ՛ապահովեն պետութեան իր բոլոր հողերուն վրայ գերիշխանութեան պարտադրումը, զէնքի մենաշնորհի եւ պաղեստինեան խմբաւորումներու զինաթափման յստակ հոլովոյթի մեկնարկը»:
. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը կը գրէ. «Միջազգային դրամատունը, հակառակ ապօրինի զէնքի խնդիրի չլուծուելուն, Լիբանանին վարկերու տրամադրման դիմեց: Այդ վարկերը շատ ցած տոկոսներով եւ երկարաժամկէտ են` ընդառաջելով ենթակառոյցներու մակարդակի վրայ Լիբանանի մեծ կարիքներուն»:
. ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ աղբիւրներ «Նաշրա» կայքին յայտնած են, թէ լիբանանեան բանակը երեքշաբթի օր «Պաղեստինեան ուժերու դաշինք»-էն պատուիրակութեան մը պաշտօնապէս փոխանցած է յունիսի կէսէն սկսեալ, այսինքն` Ատհայի տօնէն ետք Պէյրութի մէջ երեք գաղթակայաններէ` Սապրա եւ Շաթիլայէն, Պըրժ Պարաժինայէն Եւ Մար Էլիասէն զէնքերու հանգրուանային ստանձնման պատրաստութեան մասին:
. ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թինընթի «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը գործադրող կողմը չենք, այլ աշխատանք կը տանինք լիբանանեան բանակին անոր գործադրութեան օգնելու, եւ չենք կրնար սեփական կալուածներ մուտք գործել կամ զէնքեր գրաւել, եւ եթէ զէնքեր գտնենք, բանակը տեղեակ կը պահենք, եւ մեր իրաւասութեան առաւելագոյն չափը այսքան է»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը միշտ ալ հարաւային Լիբանանի եւ անոր բնակչութեան կողքին էին, անոնց տարբեր ձեւերով օժանդակութիւններ տրամադրած են, եւ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն ու խաղաղապահ ուժերուն միջեւ բախումները յառաջիկայ 31 օգոստոսին անոնց լիազօրութեան վերանորոգման ընթացքին այդ ուժերու ամրապնդման համար նպաստաւոր չեն»:
. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն եգիպտական-լիբանանեան գործարարներու միութենէն պատուիրակութեան մը հետ Պաապտայի պալատին մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց. «Գործունէութեանս 90 առ հարիւրը կը կեդրոնանայ փտածութեան դէմ պայքարին վրայ: Լիբանանի մէջ տնտեսական ճգնաժամի մեծ համեմատութեան պատճառը այդ է, որովհետեւ մեր երկիրը սնանկացած չէ, այլ գողցուած, եւ երբ փտածութեան դէմ կը պայքարինք եւ յանցագործները հաշուետուութեան կ՛ենթարկենք, կը սկսի Լիբանանի կացութիւնը դրուիլ պետութեան նկատմամբ ներքին ու արտաքին վստահութեան վերականգնման ուղիին վրայ»: