Մըթրի. «Ծոցէն Մեր Եղբայրներուն Լիբանան Գալու Մտահոգութիւնները Փարատելու Համար Յառաջադէմ Քայլեր Կատարեցինք»
Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Տակաւին կանուխ է շրջանին մէջ փոփոխութիւններուն խորքն ու տեւողութիւնը գնահատելու համար»: «Կը կարծեմ, որ տակաւին շրջանային նոր համակարգի ուրուագիծը ամբողջովին չկազմուեցաւ, թէեւ բնական է ըսել, որ Արաբական ծոցը, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիան կշիռ ունի ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու մօտ, այլ նաեւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ ազդեցիկ մնացեալ ուժերուն, այսինքն` Եւրոպայի, Չինաստանի եւ...




















