Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ պետութիւնը պէտք է լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ զէնքի մենաշնորհը ունենայ:
«Լիբանանեան կառավարութիւնը երկրին հարաւը ապազինելու իր նպատակներուն 80 առ հարիւրը իրագործեց», շեշտեց Սալամ:
Վարչապետը նաեւ ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին յայտնեց. «Չենք ուզեր երկիրը դէպի քաղաքացիական պատերազմ ուղղել, սակայն յանձնառու ենք պետութեան իշխանութեան ընդլայնման եւ ամրապնդման»: