Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոքշթայն. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ցամաքային Սահմանագծումը Հասանելի Է, Եւ Անոր Բանալին Պատմական Գիծերուն Կառչիլը Չէ»

Մայիս 24, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի նախկին պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ 2022 թուականին իր միջնորդութեամբ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծման համաձայնութիւնը եւ 2024 նոյեմբերին Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ թշնամական գործողութիւններու դադրեցման համաձայնութիւնը ցոյց կու տան, թէ ցամաքային սահմանագծումը «հասանելի է»:

Ան նշեց, որ անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ «մեծ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ», եւ արձանագրութիւններուն մէջ հաստատուած շինիչ լուծումներ կան, եթէ քաղաքական կամքը ապահովուի:

Ամերիկացի նախկին պատուիրակը ըսաւ, որ զինադադարը պիտի յաջողի, եթէ Իսրայէլ Լիբանանէն ամբողջովին հեռանայ, եւ լիբանանեան բանակն ու ապահովական մարմինները Լիթանի գետէն հարաւ մինչեւ սահման երկարող շրջանին վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատեն, իսկ Հըզպալլան ապազինուի եւ Լիթանիի շրջանէն հիւսիս հեռանայ: Ան նշեց, որ այդ պատճառով ստեղծուած է ամերիկեան բանակի մեքանիզմ մը, որպէսզի մեծ ներկայութիւն ունենայ, լիբանանեան զինեալ ուժերուն տեղակայուելու աջակցելու, զանոնք մարզելու, սարքաւորելու եւ անոնց ենթակառոյց տրամադրելու, որպէսզի կարենան շրջանին մէջ իրենց դիրքը ամրապնդել եւ զայն պահպանել:

Հոքշթայն յայտնեց, որ ներկայիս հիմնականը Կապոյտ գիծն է, սակայն անիկա սահման չէ` նշելով, որ մարտահրաւէրներուն մէկ մասը ֆրանսական-բրիտանական հին համաձայնութիւններու ժառանգութեան հետ մեր գործ ունենալն է, որոշումներ, որոնք տրուեցան անձերու կողմէ, որոնք շրջանին մէջ երբեք չեն եղած եւ զայն պարզապէս ակադեմական վարժանք նկատած են: Ան նշեց, որ բանալին պատմական գիծերուն կառչիլը չէ, այլ ներկայ իրողութեան: Երկու կողմերը Կապոյտ գիծը իբրեւ աշխատանքային գիծ ընդունեցին, սակայն ատիկա ճանչցուած սահման չէ:

Հոքշթայն զգուշացուց, որ Հըզպալլան պարզապէս թեւն է Իրանի, որ կ՛ուզէ իր քաղաքական կամքը Լիբանանին պարտադրել, եւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ հանդիպումը դրական զարգացում մըն էր, որ կրնայ Լիբանանին օգտակար ըլլալ:

Ամերիկացի նախկին պատուիրակը ըսաւ, որ Լիբանան առիթ ունի իր ապագան վերակերտելու, եւ ատիկա կարելի չէ իրագործել աստիճանական բարեփոխումներով, այլ` արմատական փոփոխութեամբ:

Անդրադառնալով Սուրիոյ` Հոքշթայն ըսաւ, որ այսօր Սուրիոյ մէջ մտահոգիչ բաներ կան, սակայն կայ նաեւ առիթ մը: «Շարհ ամէն ճիշդ բան կ՛ըսէ: Այնքան ատեն, որ անոր գործերը խօսքերուն կը համապատասխանեն, ան աջակցութեան արժանի է: Ան աւելցուց, որ ատիկա կը ներառէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի սահմանին վրայ վերահսկողութեան հաստատումը, եւ սուրիացի գաղթականները եւս պէտք է իրենց հայրենիք վերադարձի ճամբայ մը ունենան, ինչ որ կը նուազեցնէ Լիբանանի եւ մերձակայ պետութիւններուն վրայ ճնշումները:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Լիբանան կրնա՞յ իր աւանդական բարեկամներու վստահիլ, Հոքշթայն ըսաւ. «Լիբանան այնքան բարեկամներու պէտք չունի, որքան ներդրումներու:

«Լիբանանը համաշխարհային մակարդակի մարդկային դրամագլուխ ունի: Եթէ իր խնդիրները իմաստուն կերպով լուծէր, ան կրնար վերագրաւել իր դիրքը` իբրեւ կենսալից պետութիւն: Անիկա կը շարունակէ Միջին Արեւելքի մէջ միակ երկիրը ըլլալ, ուր բոլոր կրօններու հետեւորդները կրնան ամբողջովին հաւասար իրաւունքներով ապրիլ, եւ ասիկա բան մըն է, որուն համար կ՛արժէ պայքարիլ», յայտարարեց Հոքշթայն:

 

 

Նախորդը

Մըթրի. «Ծոցէն Մեր Եղբայրներուն Լիբանան Գալու Մտահոգութիւնները Փարատելու Համար Յառաջադէմ Քայլեր Կատարեցինք»

Յաջորդը

Մարզական Աւանի Հանդիսաւոր Վերաբացում

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?