Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Ազատագրութեան տօնին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցեցանք միաւորող խորագիրով, եւ մենք չենք ուզեր ոեւէ մէկը ջնջել»:
«Վերաշինութիւնը կայունութեան պատուարն է, եւ քաղաքացիին անվտանգութիւնը այս վերաշինութեամբ է: Կառավարութիւնը պէտք է աւելի ազդու կերպով գործէ», ըսաւ ան:
«Ոչ ոք կրնայ Լիբանանը տեղէն շարժել եւ ոչ ոք կրնայ Դիմադրութիւնը լիբանանեան հողերէն հեռացնել», աւելցուց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Իսրայէլեան պայմանները պիտի չիրագործուին, ինչ ալ ըլլան զոհողութիւնները, եւ թող ոչ ոք մեզի սպառնայ: Մեր դիմաց ունինք երկու ընտրանք` կա՛մ յաղթանակ, կա՛մ նահատակութիւն, եւ մենք անոնց պատրաստ ենք», յայտնեց շէյխ Քասեմ:
«Լիբանանը պէտք է հզօր, ինքնավստահ եւ ազատ ըլլայ: Պէտք է Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ձայն բարձրացնել իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու նպատակով պէտք եղածը ընելու համար», ըսաւ ան:
«Եթէ պետութիւնը իր գործունէութեան մէջ ձախողի, ապա այլընտրանքները կան, եւ իմացէ՛ք, որ Դիմադրութիւնը լուռ պիտի չմնայ եւ անձնատուր պիտի չըլլայ», շեշտեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Թող բոլորին յստակ ըլլայ. այսուհետեւ մեզմէ ոչինչ պահանջեցէք, թող Իսրայէլը հեռանայ, իր յարձակումները դադրեցնէ եւ ազատ արձակէ գերիները, համաձայնութեան մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր յանձնառութիւնները թող կատարէ, եւ ատկէ ետք կը նայինք ինչ կ՛ընենք»:
«Իսրայէլացի թշնամիին հետ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, որովհետեւ յանձնառու չեղաւ, եւ թող ոչ ոք կարծէ, թէ Իսրայէլի կատարածը մեր նահանջին պիտի յանգեցնէ», նշեց շէյխ Քասեմ: