. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն 1 յունիսին միօրեայ այցելութեամբ պիտի մեկնի Իրաք` քննարկելու համար երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան թղթածրարները:
. «ԱՍԱՍ» կը գրէ. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս Լիբանանը պիտի դնէ իր պատմական պատասխանատուութեան առջեւ` յառաջ ընթանալու արմատական եւ շատ արագ լուծումներու կիրարկման ուղղութեամբ, որովհետեւ կիսատ-պռատ լուծումները այլեւս չեն բաւարարեր պահանջը Թրամփի վարչակազմին, որ կը ջանայ աւարտել շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման վրայ աշխատանքը»:
. ՇԻԻ երկեակին մօտիկ աղբիւրներ` քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լուրջ մտավախութիւն գոյութիւն ունի, որ օդային յարձակումներու մագլցում տեղի ունենայ, ըլլայ այդ յարձակումներու, թէ թիրախաւորումներու բազմացումով Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնելու առումով` իրագործելու համար այն, ինչ որ Իսրայէլ կը ջանայ իրագործել կամ պահանջուած կը նկատէ զինադադարի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան համար:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին կը յայտնեն. «Իսրայէլ սահմանի հարցին վրայ աւելի կը կեդրոնանայ, քան լիբանանեան ներքին կացութեան եւ զինաթափման վրայ, եւ մեկնելով այդ իրողութենէն, պիտի փորձէ բարձրացնել թիրախաւորումներու կշռոյթը, ըլլայ այդ հարաւային Լիբանանի շրջանէն անդին անցնելով կամ թիրախաւորած անձնաւորութիւններու ճամբով»: