Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Ընտրութիւններուն Յաջողութիւնը Անգամ Մը Եւս Կը Հաստատէ Լիբանանեան Ժողովրդավարութեան Կենսունակութիւնը»

May 27, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 24 մայիսին հարաւային Լիբանանի եւ Նապաթիէի նահանգներուն մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու վերջին փուլը:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու աւարտէն ետք լիբանանցիներուն յղեց պատգամ մը` շնորհաւորելով «այս ժողովրդավարական կարեւոր հոլովոյթին մէջ բոլոր յաղթողները` թէ՛ քուէատուփերու ճամբով քուէարկողներուն վստահութիւնը ստացածները, թէ՛ անոնք, որոնք իրենց հասարակութիւններուն միաձայնութեամբ մրցակիցի ի չգոյէ ընտրուեցան»: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին «այս ժողովրդավարական կարեւոր հոլովոյթի յաջողութեան», ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարութեան եւ վարչական բոլոր պաշտօնեաներուն, արդարադատութեան նախարարութեան, դատաւորներուն եւ պաշտպանութեան նախարարութեան:

«Այս հոլովոյթի յաջողութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ լիբանանեան ժողովրդավարութեան կենսունակութիւնը, եւ մեր ժողովուրդին իր հայրենիքը հիմէն կառուցելու մասնակցութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

«Մենք խաղաղութեամբ աւարտած ընտրական հոլովոյթին դրական կողմերը նշելէ ետք պէտք է ընդունինք, որ արձանագրուեցան խախտումներ, սխալներ ու բացթողումներ, զորս առնչակից կողմերը աշխատանք տարին կարելի եղածին չափ լուծելու, սակայն պէտք է դասեր քաղել զանոնք չկրկնելու համար», նշեց ան:

«Կառավարութեան պարտաւորութիւնը պիտի ըլլայ ժրաջան կերպով աշխատիլ, որպէսզի մէկ տարի ետք նախատեսուած երեսփոխանական ընտրութիւնները բացթողումներէ զուրկ ըլլան, ինչ որ կը պահանջէ մէկ կողմէ վերատեսութեան ենթարկել ընտրական օրէնքները, իսկ միւս կողմէ` ապահովել ընտրական հոլովոյթի կազմակերպումն ու ղեկավարումը, որպէսզի արտայայտէ լիբանանցիներու փափաքներն ու աւելի լաւ ապագայի ձգտումները», յայտնեց նախագահ Աուն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին Ազատագրութեան տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` յայտնելով, որ անոնք դիմադրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան մէջ իրենց մեծութիւնը փաստեցին:

Հանրապետութեան նախագահը ընտրութեան օրը Այշիէ գիւղին մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց. «Ասիկա առաջին անգամն է, որ կը քուէարկեմ` 40 տարի ընտրական հոլովոյթը պաշտպանելէս ետք»:

Ապա Նապաթիէի սերայ այցելելով հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ «դիրքը առանձնաշնորհում մը չէ, այլ երկրին ծառայելու պատասխանատուութիւն»` շեշտելով հանրային աշխատանքի այդ հասկացողութեան կարեւորութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ ամիսները ականատեսը կը դառնան հարաւային Լիբանանի վերաշինութեան եւ անոր ապրած ողբերգութիւններու, քանդումի եւ պատերազմներու աւարտին:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար Նապաթիէէն յայտնեց. «Լիբանանը միշտ ոտքի կը կանգնի»: Ան Մարժաայուն այցելելով  յոյս յայտնեց, որ ներկայ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւնները քաղաքապետական աշխատանքի վերականգնման եւ վերաշինութեան հոլովոյթի մեկնարկի առաջին քայլը ըլլայ:

Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի Սայտայի մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Մուսթաքպալ հոսանքի մասնակցութեան վերաբերեալ իր մօր`  նախկին երեսփոխան Պահիա Հարիրիի յայտարարութիւնը «կարեւոր է ապագային նկատմամբ եւ մեր համակիրներուն ու ժողովուրդին յոյս կու տայ: Այս հարցին վերաբերեալ հետագային որոշակի քայլեր կ՛ըլլան: Մենք գետնի վրայ ներկայ ենք, եւ ատիկա շարք մը առիթներով փաստեցինք: (…)երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու որոշումը քաղաքական որոշում մըն է, որ օրին կը տրուի»:

Ինչ կը վերաբերի Պէյրութի քաղաքապետական ընտրութեան մէջ Մահմուտ Ժամալի ընտրութեան իր հակազդեցութեան, Հարիրի ըսաւ. «Իրաւունք չունի՞մ Մուսթաքպալ հոսանքի կուսակիցիս համար ուրախանալու: Ժամալ ամէնէն դժուար օրերուն մեզի հետ էր, 7 մայիսին եւ մեր վտանգ դիմագրաւած բոլոր փուլերուն մեզի հետ էր: Հպարտ եմ, որ կրցաւ բոլոր կուսակցութիւններուն դիմաց ընտրուիլ»:

 

Նախորդը

Քասեմ. «Այսուհետեւ Մեզմէ Ոչինչ Պահանջեցէք. Թող Իսրայէլ Հեռանայ, Յարձակումը Դադրեցնէ Եւ Ազատ Արձակէ Գերիները, Որմէ Ետք Կը Նայինք Ինչ Կ՛ընենք»

Յաջորդը

Ամերիկեան Պատուիրակութեան Մը Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Աուն. «Յունիսի Կիսուն Պէյրութի Պաղեստինեան 3 Գաղթակայաններու Մէջ Պիտի Սկսի Զէնքի Գոյութեան Հարցը Լուծելու Աշխատանքը»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.