Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Բարգաւաճման Ապու Տապիի ֆոնտի գրասենեակին հետ իր գումարած ժողովի ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան կառավարութիւնը աշխատանք կը թափէ տարբեր ոլորտներու մէջ արաբ եղբայրներէն տեսակարար ներդրումներ ապահովելու` նշելով, որ ժողովի ընթացքին այդ ծիրին մէջ կառավարութեան ծրագիրի ներկայացում տեղի ունեցած է:
Սալամ նշեց, որ կառավարութիւնը ճշդեց բարեկարգչական յստակ հայեցակարգ մը, որ կը կեդրոնանայ ելեւմտական կայունութեան ապահովման, իրաւարարութեան ամրապնդման, հաստատութիւններու աշխատանքի կազդուրման եւ մարդու վրայ ներդրում կատարելուն վրայ:
Ան աւելցուց, որ ջանք կը թափուի վերաշինութեան հոլովոյթին համար անհրաժեշտ աջակցութեան ապահովման եւ գործադրութեան վրայ ծրագիրներու, որոնք պետութեան հաստատութիւնները կը զօրացնեն:
Սալամ շեշտեց, որ Լիբանան արաբական աշխարհի գիրկը վերադառնալու յստակ որոշում մը տուաւ` յոյս յայտնելով, որ այդ վերադարձը իր արձագանգը կը գտնէ վերականգնելով ազդու գործընկերութիւններ, որոնք ի շահ Լիբանանին եւ շրջանին են:
Բարգաւաճման Ապու Տապիի ֆոնտի բանբերը իր կարգին յայտնեց. «Կ՛ուղղուինք Վաղուան համախմբումէն ետք նախաձեռնութիւններու ձեռնարկման հոլովոյթը արագացնելու, եւ կարեւորը այդ նախաձեռնութիւններուն ազդեցութիւնը եւ լիբանանցի ժողովուրդին ու սեփական մարզին վրայ լաւ ազդեցութիւնները ճշդելն է»:
«Մեզի ցուցմունք տրուեցաւ Լիբանան գտնուելու` կառավարական զարգացման ոլորտին աջակցութիւն տրամադրելու համար, եւ վաղը աշխատանքը պիտի սկսի աշխատանոցներու շարքի մը վրայ, որ կը կեդրոնանայ Լիբանանի հանրապետութեան համար առաջնահերթութիւն եղող ոլորտներու վրայ», նշեց ան:
«Մեր այսօրուան այցելութիւնը երկարատեւ երթ մըն է, որ կառավարական երկու խումբերուն միջեւ գործընկերութիւնը պիտի ամրապնդէ, իսկ մենք պատրաստ ենք անոնց ծառայելու: Սկսելիք նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն հսկողութիւն տեղի պիտի ունենայ», աւելցուց ան:
Միւս կողմէ, Սալամ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Իրանեան յեղափոխութեան արտածման ժամանակաշրջանը աւարտեցաւ»:
«Դաւաճան պիտակելը Լիբանանի մէջ քաղաքական զէնքերէն դարձած է, եւ զիս չգրգռեցին այն բացագանչութիւնները, թէ սիոնական եմ», ըսաւ ան` ակնարկելով Մարզական աւանի պաշտօնական բացումը կատարելու ընթացքին իր հասցէին հնչած բացագանչութիւններուն: