Այնճարի նորընտիր քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեան, փոխքաղաքապետ Շահան Փանոսեանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի 18 անդամներու ընկերակցութեամբ այցելեց Պեքայի նահանգապետ Քամալ Ապու Ժաուտէին:
Միւս կողմէ, պաշտօնի պաշտօնական փոխանցման ընթացքին նախկին քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան շնորհաւորեց նորընտիր քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդը` անոնց մաղթելով յաջողութիւն գիւղի ծառայութեան մէջ: