Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Ընթացք Առաւ Պաղեստինեան Գաղթակայաններու Զէնքը Որոշակի Ժամանակացոյցի Հիմամբ Յանձնելու Հոլովոյթը»

May 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ողջունեց Լիբանանի մէջ պաղեստինեան գաղթակայաններու կացութեան հետեւելու լիբանանեան-պաղեստինեան միացեալ յանձնախումբի առաջին ժողովը, որ վարչապետարանին մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ դեսպան Ռամեզ Տիմաշքիէի հրաւէրով` հիմնուելով Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի` գաղթակայաններուն մէջ պաղեստինեան զէնքի խնդիրը լուծելու որոշումին վրայ:

Սալամ նշեց, որ Ապպասի որոշումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ լիբանանեան-պաղեստինեան յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ պաղեստինցի գաղթականներու մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական կացութեան բարելաւման վրայ:

Վարչապետը նշեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ազգային սկզբունքներուն եւ ցուցմունք տուաւ «գործադրութեան յստակ մեքանիզմի մշակման եւ որոշակի ժամանակացոյցի հիմամբ գործնական քայլերը շտապեցնելու անհրաժեշտութեան գծով»:

Լիբանանեան-պաղեստինեան  երկխօսութեան յանձնախումբը իր ժողովին աւարտին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ժողովին մասնակիցները համաձայնութիւն գոյացուցած են որոշակի ժամանակացոյցի հիմամբ զէնքի յանձնման հոլովոյթ սկսելու` անոր զուգահեռ պաղեստինցի գաղթականներու ընկերային-տնտեսական իրաւունքները ամրապնդելու գործնական քայլեր կատարելու:

Պաղեստինեան կողմէն ժողովին կը մասնակցէր Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահի խորհրդական Եասեր Ապպասը, Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան գործադիր յանձնախումբի քարտուղար Ազզամ Ահմետը, կազմակերպութեան գործադիր յանձնախումբի անդամ տոքթ. Ահմետ Մաժտալանին եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահի իրաւական հարցերու խորհրդատու Ուաէլ Լաֆին:

Լիբանանեան կողմէն ժողովին կը մասնակցէր յանձնախումբի նախագահ դեսպան Ռամեզ Տիմաշքիէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Հասան Շքէյր, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան պաղեստինցիներու բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Սապհ, հետախուզութեան տնօրէնութեան մէջ ազգային անվտանգութեան բաժանմունքի ղեկավար գնդապետ-զօրավար Ուաժտի Տմիան, այդ բաժանմունքին մէջ օտար գաղթականներու բաժինի ղեկավար գնդապետ-զօրավար Ժոզեֆ Ղարպի եւ երկխօսութեան յանձնախումբի աշխատանքային խումբը:

Լիբանանեան կառավարական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գարծակալութեան յայտնեց. «Համաձայնութիւն գոյացաւ գաղթակայանները զինաթափելու կիրառական ծրագիր մը սկսելու շուրջ: Գործադրութիւնը յունիսի կիսուն կը սկսի Պէյրութի գաղթակայաններէն, ապա կարգը կու գայ մնացեալ գաղթակայաններուն»:

Միւս կողմէ, պաղեստինեան երկու աղբիւրներ ԱՖՓ-ին յայտնեցին. «Պաղեստինեան խմբաւորումները Ասատի վարչակարգի տապալումէն ետք իրենց բոլոր զէնքերը յանձնեցին Սուրիոյ իշխանութիւններուն, եւ անոնց ղեկավարներուն մեծամասնութիւնը հեռացաւ այլ երկիրներ, ներառեալ Լիբանան»:

Նախորդը

Մարզական Աւանի Հանդիսաւոր Վերաբացում

Յաջորդը

«Ազդակ»-Ի 77-րդ Առցանց Լսարան. Բագրատ Էսթուքեան. «Անգարա-Երեւան Երկխօսութեան Մէջ Ազրպէյճան Ստանձնած Է «Աւագ Եղբօր» Դերակատարութիւնը»

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.