Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Պահանջուածը Լիբանանի Մէջ Օտարներու Ծրագիրները Գործադրելէն Խուսափիլն Է Եւ Արտաքին Միջամտութիւններէ Հեռու Երկրի Կայունութեան Երաշխաւորման Վրայ Աշխատիլը»

June 10, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ այս շաբաթ Լիբանանի մէջ նախատեսուող դիւանագիտական այցելութիւններէն մեծ բան չի նախատեսեր:

«Հակառակ Պէյրութ այցելութիւններուն, որոնք արտաքին կողմերու Լիբանանի մէջ ունեցած շահերուն ծիրին մէջ են, ոմանց կարծածին նման մենք առաջնահերթութիւն չենք», ըսաւ ան:

«Երկրին մէջ արձանագրուող զարգացումները կրնան Սուրիոյ թղթածրարին եւ հիւլէական բանակցութիւններուն նման անոնց շահերուն վրայ ազդել, որովհետեւ Լիբանանի մէջ որեւէ զարգացում կրնայ բանակցութիւններուն ընթացքին վրայ ազդել», աւելցուց Բագրատունի:

«Արտաքին ուժերուն Լիբանանի մէջ առաջնահերթութիւնը բարեկարգումները չեն, ինչպէս կը պնդեն, այլ` Հըզպալլայի զինաթափումը», նշեց երեսփոխանը` աւելցնելով, որ այս ծիրին մէջ բարեկարգումներու մասին խօսիլը միայն իսկական նպատակները թաքցնելու միջոց է:

Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքական կարծր հռետորաբանութիւնը առկախ մնացած հարցերու լուծման պիտի չնպաստէ` ընդգծելով. «Միակ լուծումը ողջմիտ եւ հաւասարակշռուած հռետորաբանութեան մէջ է»:

«Նախագահ Ժոզեֆ Աուն իր կարգ մը խորհրդականներուն պարտականութիւն տուաւ երկխօսութեան ճամբով զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու շուրջ բանակցիլ: «Երկխօսութիւն» բառը կրնայ ոմանց մօտ մտավախութիւն յառաջացնել, սակայն, երկխօսութենէն փախուստ չկայ, որովհետեւ այլընտրանքը բռնի ուժի կիրարկումն է, սակայն բանակը այդպիսի ճակատումի մը մէջ մտնելու նպատակ չունի», յայտնեց Բագրատունի:

«Պահանջուածը Լիբանանի մէջ օտարներու ծրագիրները գործադրելէն խուսափիլն է եւ արտաքին միջամտութիւններէ հեռու երկրի կայունութեան երաշխաւորման վրայ աշխատիլը», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

«Հըզպալլան տակաւին յանձնառու է ինքնազսպումին եւ ամենայն վճռականութեամբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ու զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան վրայ կը պնդէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իսրայէլ կացութեան լարուածութիւնը շարունակելու իր մտադրութիւնը չի ծածկեր»:

«Լիբանանի վրայ իրերայաջորդ յարձակումները ներկայ պատերազմի եւ սպառնալիքի կացութեան պահպանման կանոնաւոր քաղաքականութեան մէկ մասն են», նշեց Միջին Արեւելքի պատասխանատուն:

«Կեսարեան գործողութեամբ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը սպասումներու նշաձողի չափազանց բարձրացում չ՛ենթադրեր», ըսաւ Բագրատունի` աւելցնելով. «Նախագահը, լիբանանեան ներկայ վարչակարգին մէջ, չունի այն ամբողջական լիազօրութիւնները, որոնք իրեն առանձնաբար կ՛արտօնեն պէտք եղած փոփոխութիւնը իրագործել, ուստի բարձր ակնկալութիւնները շուտով յուսախաբութեան կը յանգին»:

«Այսօր լիբանանցիները յուսալից սպասողական վիճակի մէջ են, եւ կարծէք իշխանութենէն կը սպասեն, որ իր իրողական կարելութիւններէն աւելին կատարէ», նշեց Բագրատունի:

 

Նախորդը

«164 Տարիներ Հայրենիքի Ծառայութեան Մէջ»

Յաջորդը

Լեւոն Տէր Պետրոսեան Դատապարտեց Եկեղեցւոյ Դէմ «Իշխանութեան Հակասահմանադրական Ոտնձգութիւնը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.