. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը նշեց, որ Իսրայէլ որոշած է միանալ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու աշխատանքին վերջ տալու ամերիկեան վարչակազմի դիրքորոշումին:
Աղբիւրներ «Իսրայէլ Հայոմ»-ին յայտնած են. «Իսրայէլի կարծիքով` լիբանանեան բանակին հետ համակարգումը չափազանց ազդու է, այնքան մը, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութիւնը կը դարձնէ ոչ անհրաժեշտ»:
Աղբիւրներ իրենց կարգին իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանին յայտնած են, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման շուրջ քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ ամիսներ ետք:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին յայտնած են. «Իսրայէլ աշխատանք պիտի տանի պետութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ զէնքի վերաբերեալ որեւէ համաձայնութիւն խանգարելու, որպէսզի ուզած պահուն, սովորականին պէս, պատրուակ ունենայ զէնքերու պահ դրման վայրերու կասկածներու հիմամբ Լիբանանի վրայ յարձակում գործելու»:
-ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին. «Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն նկատմամբ ընդդիմութիւնը Ուաշինկթընի ճամբան պիտի հարթէ այդ ուժերու լիազօրութեան վերանորոգումը վեթոյի ենթարկելու, ինչ որ անոնց առաքելութեան վերանորոգումը կը բացառէ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պետական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են. «Իսրայէլ ամերիկեան ծածկոյթ կը վայելէ` շարունակելու Լիբանանի վրայ իր ճնշումը, որպէսզի անոր ստիպէ Հըզպալլան զինաթափելու ժամանակացոյց ճշդել, եւ զայն լիբանանեան հողերէն իր հեռացման կապէ»:
. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն այսօր կը մեկնի Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման` ընդառաջելով Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորի հրաւէրին:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՏԻՊԷՅԹ» հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան այսօր պիտի հասնի Պէյրութ` Լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալու համար:
Ան հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպում պիտի ունենայ չորեքշաբթի օր, որովհետեւ նախագահը այսօր միօրեայ այցելութեամբ Յորդանան կը մեկնի:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականներու գործակալութեան բանբեր Լիզա Ապու Խալետ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, թէ գործակալութիւնը ֆինանսաւորումի մեծ պակասի պատճառով պիտի ստիպուի 2025 թուականի աւարտին գաղթականներու բժշկական դարմանումներու ծախսերուն աջակցութիւնը ամբողջովին դադրեցնել:
«Նախնական առողջապահական աջակցութիւնը իրողապէս դադրեցաւ: Ինչ որ ուղղակի կերպով պիտի ազդէ 80 հազար գաղթականներու վրայ», նշեց ան:
. ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ճամբորդներ ընդգրկող իրաքեան օդանաւի մը մէջ երէկ հրդեհ ծագեցաւ, մինչ ան կանգնած էր Պաղտատի միջազգային օդակայանին մէջ դարպասին վրայ: Հրշէջները անմիջապէս միջամտեցին եւ վերահսկողութեան տակ առին հրդեհը: Լիբանանցի ճամբորդները այլ օդանաւ մը փոխադրուելով ուղղուեցան Պէյրութ:
. ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում Երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ «Նաշրա» կայքին յայտնեց, որ այս շաբաթ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ զէնքի գոյութեան հարցի լուծման շուրջ հաղորդակցութիւններով լեցուն պիտի ըլլայ:
. ՀԶՕՐ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղասսան Աթալլա «Նաշրա»-ին յայտնեց. «Պաղեստինեան զէնքի հարցի կարգաւորումը ազգային առաջնահերթութիւն է, եւ պետութիւնը ունի այդ թղթածրարին մէջ յառաջ ընթանալու կարողութիւնն ու ծածկոյթը»:
. ՀԶՕՐ հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆատի Քարամ «Նաշրա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է, որ գաղթակայաններէն պաղեստինեան զէնքի գրաւման սկսելու համար ճշդուած ժամկէտէն` 15 յունիսէն ետդարձ չկատարուի:
Ան նշեց, որ կարգախօսներն ու հնչեղ ճառերը այլեւս օգուտ չունին, եւ պահանջուածը գործնական քայլերն են:
. ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒ երեսփոխանական պլոքի անդամ Էլիաս Հանքաշ «Նաշրա» կայքին յայտնեց, որ գաղթակայաններու մէջ պաղեստինեան զէնքի խնդիրի լուծման որոշումէն ետդարձի մտավախութիւններ չկան` նշելով, որ թերեւս թեքնիք ուշացում կրնայ ըլլալ, սակայն բանակի հրամանատարութիւնն ու հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունը այդ առնչութեամբ վճռական են:


