. ՄԱԿ-ԷՆ եւ արեւմուտքցի դիւանագէտներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին կը յայտնեն, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը հեռացնելու հաւանականութեան մասին շրջանառուող լուրերը ճշգրիտ չեն եւ պարզապէս տարաձայնութիւններ են:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր մը իր կարգին օրաթերթին ըսած է. «Նշեալ տեղեկատուութիւնները ճշգրիտ չեն»:
Դիւանագէտներէն մէկը` Միացեալ Նահանգները հակուած են ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութիւններուն վերջ տալը պահանջելու մասին իսրայէլեան լրատուամիջոցներու հաղորդումները նկատեց «վախցնելու սովորական փորձ` ջանալով Լիբանանին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերանորոգմամբ հետաքրքրուող այլ կողմերուն, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ Կապոյտ գիծի երկայնքին անոր դերակատարութեան վրայ ազդել»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը առկախելու մասին խօսակցութիւնը ամերիկեան երկար շարժանկար մըն է, որ պիտի շարունակուի մինչեւ օգոստոս` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերանորոգման ժամկէտը: Ամերիկան ու Իսրայէլը կ՛ակնկալեն լիբանանեան կառավարութեան վրայ ճնշումի ճամբով գետնի վրայ փոփոխութեան մը արձանագրումը ստանալ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին կը յայտնեն. «Ամերիկեան վարչակազմը տակաւին Լիբանանին առնչուող թղթածրարներու լուծման համար Սուրիոյ թղթածրարի պատասխանատու Թոմ Պրաքի Պէյրութ այցելութեան ժամկէտը չճշդեց, եւ ան յունիսի վերջաւորութենէն կամ յառաջիկայ ամսուան սկիզբէն առաջ պիտի չժամանէ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Տէյվիտ Հէյլ «Նահար» օրաթերթին. «Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւնները տեսնող եւ «սպասենք ու տեսնենք» ըսող կայ: Ասիկա սխալ է. Միացեալ Նահանգներ Իրանի ուժը պիտի չվերականգնեն, եւ չեմ կարծեր, որ սպասելն ու տեսնելը Լիբանանի շահերէն կը բխի»:
«Հըզպալլան ինք համաձայն գտնուեցաւ իր զինաթափման, ուստի այս սպասումը ինչի՞ համար է, եւ ինչո՞ւ կը փորձէ լիբանանցիներուն հետ բանակցիլ ու հոլովոյթը դանդաղեցնել: Ատիկա պիտի չյաջողի, որովհետեւ իսրայէլացիները, ուզենք կամ չուզենք, հարցը իրենք պիտի ստանձնեն», ըսաւ ան:
. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթի հաւաստի տեղեկութիւններուն համաձայն, պաղեստինեան գաղթակայաններու ապազինման հարցը բախած է բարդութիւններու, որոնց գլխաւորներն են գաղթակայաններու բարդ կացութիւնը, ներպաղեստինեան տարակարծութիւնները, որոնք այդ թղթածրարին շուրջ կատարուած վերջին հաղորդակցութիւնները ցոյց տուին, թէ անկարելի է տարատեսակ պաղեստինեան խմբաւորումները զէնքի յանձնման վերաբերեալ մէկ դիրքորոշման շուրջ համախմբել, եւ ամրապնդեցին մտավախութիւնները բոլոր գաղթակայաններուն մէջ դիտաւորեալ ապահովական լարուածութիւններու նկատմամբ, որոնք կրնան վերահսկողութենէն դուրս գալու կարող կացութիւն մը ստեղծել:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութիւնը կառավարութեան կողմէ որդեգրուած վառելանիւթի գիներուն վերաբերեալ որոշումները բողոքարկեց պետական շուրայի խորհուրդին մօտ:
. ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ ու վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Քապպանի վարչապետարանին մէջ նուիրատու պետութիւններու եւ կողմերու հետ ժողովի ընթացքին յայտարարեց. «Վերաշինութեան հոլովոյթը պիտի սկսի այս տարուան վերջաւորութեան»: