Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տրիան Այցելեց Պըրրիի Եւ Սալամի

June 11, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան երէկ հասաւ Պէյրութ:

Ան այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրոյի:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան իսրայէլեան բանակին կողմէ լիբանանեան հողերու բռնագրաւման, յարձակումներու, զինադադարի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի խախտման շարունակման, ինչպէս նաեւ զինադադարի եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան հսկողութեան հնգեակ յանձնախումբին հետ չգործակցելուն լոյսին տակ քաղաքական ու ապահովական զարգացումները:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վերաշինութեան թղթածրարին, բարեկարգումներու եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններու ընթացքին:

Պըրրի ընդգծեց, որ խորհրդարանը յանձնառու է պահանջուած բարեկարգչական բոլոր օրէնսդրութիւնները ամբողջացնելու, եւ շեշտեց, որ պէտք է սկսիլ վերաշինութեան` գնահատելով վերաշինութեան խորհրդաժողովի նախապատրաստութեան ծիրին մէջ Ֆրանսայի ջանքերը:

Ինչ կը վերաբերի ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման, խորհրդարանի նախագահը կարեւոր նկատեց «Ֆրանսական ջանքը աջակցելու Լիբանանին` դիմակայելու համար միջազգային ուժերուն դէմ մշակուող դաւադրութիւնը, որուն նպատակը ՖԻՆԻՒԼ-ի, Լիբանանի եւ անոր հարաւին միջեւ յարաբերութիւնները խաթարելն է»:

Լը Տրիան նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանին:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական եւ տնտեսական ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն շարունակման լոյսին տակ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումները:

Լը Տրիան եւ Սալամ նաեւ քննարկեցին Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները:

Լը Տրիան նաեւ հանդիպում ունեցաւ ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի հետ:

 

Նախորդը

«Հարաւային Լիբանանի Մէջ Աւելի Քան 500 Պահեստանոցէ Զէնքեր Գրաւեցինք» Կ՛ըսէ Վարչապետ Սալամ

Յաջորդը

Պիտիասի Եւ Տէյր Քանունի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Վրայ Անջատ Յարձակումներ

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.