Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի հակադարձեց Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, որ քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղէր իսրայէլացի թշնամիին հետ չհաղորդակցելու: «Օրինակի համար եւ ոչ բացառապէս Հարաւային արուարձաններուն մէջ օրէնքը մեզի ցոյց տուէք», ըսաւ ան:
«Բաց տեղեկատուութեան դարաշրջանին, գրառումի մը կամ հրապարակային քննարկումի մը պարզապէս պատասխանելը ոճի՞ր կը նկատուի: Ո՞ւր է խօսքի ազատութիւնը, որուն գոյութեամբ Լիբանանը միշտ ինքզինք գոված է: Լիբանանցին այլեւս գիտէ, թէ Աւիխայ Ատրահին անպայման թշնամի մը չէ, ինչպէս տարիներ շարունակ անոր ներկայացուցած են», ընդգծեց Ատրահի:
«Ո՞ր օրէնքին մասին կը խօսին: Ո՞ր օրէնսդրութիւնը կ՛ուզեն գործադրել այն ժամանակաշրջանին, երբ Լիբանանի մէջ օրէնքներուն մեծամասնութիւնը սառեցուած է եւ առկախուած», աւելցուց ան:
Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնեց, որ ան, որ ուրիշներուն կոչ կ՛ուղղէ օրէնքը յարգելու, «նախ եւ առաջ պէտք է զայն յարգելու օրինակ ըլլայ, ոչ թէ դատարկ նշանաբաններուն ետին պահուըտի` թաքցնելու համար ամբողջովին թերի իրականութիւն մը»:
Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարութիւնը հրապարակած էր զգուշացման հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ բոլոր քաղաքացիներուն, մասնաւորաբար հանրային ազդեցութեան տէրերուն, արուեստագէտներուն եւ լրագրողներուն կոչ ուղղած էր` բացարձակապէս որեւէ ձեւի ուղղակի կամ անուղղակի հաղորդակցութիւն չունենալու թշնամի Իսրայէլի բանակի բանբերներուն կամ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն հետ, «ինչ ալ ըլլան պատրուակները կամ արդարացումները»: