Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ներկայ ընտրական օրէնքին հետ փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ անիկա խայտաբղէտ օրէնք է, եւ անոր արդիւնքները երկիրը քանդեցին, ուստի անոր կիրարկման շարունակումը ամբողջովին բացառուած է»:
«Այս օրէնքը բարեփոխելու շարք մը առաջարկներ գոյութիւն ունին, եւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը երեսփոխանական ընտրութիւններուն ու Ծերակոյտի հաստատման շուրջ համապարփակ առաջարկ մը ներկայացուց, եւ անոր շուրջ քննարկումը պիտի վճռէ այն ուղղութիւնը, որով պիտի ընթանայ ընտրական օրէնքը, որ հաստատօրէն ներկայ օրէնքի ծիրէն դուրս պիտի ըլլայ», նշեց Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահը նաեւ ըսաւ, որ խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջանը պէտք է կապուած ըլլայ ընթացիկ նստաշրջանին, որ կը սկսի յառաջիկայ հոկտեմբերի կիսուն` նշելով, որ խորհրդարանը պատրաստ է երկրի վերականգնման նպատակին ծառայող անհրաժեշտ օրէնսդրութիւնները ամբողջացնելու իր դերը կատարելու, ինչպէս նաեւ իր լիագումար նիստով քննարկելու այն ծրագիրները, որոնց կառավարութեան կողմէ ամբողջացման կը սպասուի:
«Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Պըրրի մերժած է մեկնաբանել այցելութեան կարելիութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի, որ կը սպասուի, որ հեռանայ իր պաշտօնէն:
Ան նշած է Օրթէյկըսի հեռացման նկատմամբ իսրայէլեան կողմի դժգոհութեան հակազդեցութիւնը, որովհետեւ ան ամէնէն ծայրայեղականներէն եւ Իսրայէլի ամէնէն շատ աջակցողներէն մէկն է. Պըրրի բաւարարուած է ըսելով. «Իսրայէլեան դժգոհութիւնը ինքնին սիրտը ուրախացնող լաւ բան է»:


