«Գոյութիւն Ունի Լաւ Առիթ Մը, Որ Պէտք Չէ Կորսնցնենք» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարք
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ սուրբ պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց. «Լիբանանի առաքելութեան խորքը բազմազանութեան ու գործընկերութեան հայրենիք ըլլալն է, ազգային միութեան մէջ բազմազան համայնքներու հայրենիքը: Սակայն այս առաքելութիւնը այսօր աղաւաղման ենթակայ է պառակտումին, իրարմէ հեռանալուն եւ պարանաձգութեան պատճառով»: Ան նշեց, որ Լիբանան այսօր խաչմերուկի վրայ կանգնած է. կա՛մ կը շարունակէ տեղքայլի եւ պառակտման փապուղիին մէջ քալել, կա՛մ...




















