Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի. «Զէնքի Նիւթը Լիբանանեան Ներքին Հարց Է»

Յունիս 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութ իր այցելութիւնը միայն իր նոր գիրքին` «Բանակցելու ուժը» գիրքին գինեձօնին մասնակցելու համար չէր, այլ նաեւ լիբանանեան նոր կառավարութեան հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու Իրանի քաղաքականութեան ծիրին մէջ էր:

«Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի նախագահութեամբ իրանեան 14-րդ կառավարութեան արտաքին քաղաքականութիւնը կը կեդրոնանայ շրջանային գործակցութեան ամրապնդման եւ բարի դրացնութեան քաղաքականութեան հաստատման վրայ», ըսաւ Արաղչի:

«Անցնող տասը ամիսներուն ընթացքին ընդլայնեցինք Ծոցի երկիրներուն, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Օմանի հետ մեր յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի հետ մեր յարաբերութիւնները նկատառելի զարգացում ապրեցան, հակառակ դիւանագիտական պաշտօնական յարաբերութիւններու չգոյութեան», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ Լիբանան իր այցելութիւնը շրջանային այդ ջանքերը շարունակելու ծիրին մէջ է:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ իր հանդիպումներուն`  իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց. «Անոնք շինիչ էին եւ յանգեցան առեւտրական ու տնտեսական գործակցութիւնը ընդլայնելու եւ քաղաքական համակարգումը աւելցնելու համաձայնութեան` յարգելով երկու երկիրներուն գերիշխանութիւնն ու մէկզմէկու ներքին խնդիրներուն չմիջամտելու սկզբունքը»:

Ան շեշտեց, որ իր երկիրը կ՛աջակցի Լիբանանի անկախութեան ու գերիշխանութեան, եւ կոչ ուղղեց վերջ տալու իսրայէլեան բռնագրաւումին:

Ինչ կը վերաբերի իրանեան օդանաւային ընկերութիւններու օդանաւերուն Պէյրութի միջազգային օդակայան էջքին դէմ հաստատուած արգելքին, Արաղչի ըսաւ, որ այդ խնդիրը արծարծած է լիբանանցի պաշտօնատարներուն հետ եւ Իրանի պատրաստակամութիւնը յայտնած այդ առնչութեամբ թեքնիք կամ գործնական խնդիրները լուծելու` նշելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ ուղիղ թռիչքները իրենց նախկին վիճակին վերադարձնելու համար լուծումներ գտնելու լիբանանեան իսկական կամք գոյութիւն ունի:

Արաղչի շեշտեց, որ Իրան այլ պետութիւններու ներքին խնդիրներուն չի միջամտեր, եւ իրանեան յեղափոխութեան սկզբունքները, որոնք տիրապետութեան մերժումը եւ անկախութեան ու ազգային արժանապատուութեան ձգտիլն են, կը տարածուին շնորհիւ անոնց արդարութեան եւ ազնիւ արժէքին, եւ ոչ թէ պարտադիր արտածման կամ ուղղակի միջամտութեան ճամբով:

Պատասխանելով Լիբանանի վրայ «իրանեան հովանաւորութեան»-ի գոյութեան մասին ամբաստանութիւններուն` Արաղչի ըսաւ, որ ատիկա լիբանանցի ժողովուրդի թշնամիները շրջանառութեան մէջ դրած են Հըզպալլան նսեմացնելու համար:

«Հըզպալլան լիբանանեան անկախ խմբաւորում մըն է, որ քաղաքական ու ընկերային բեմերու վրայ կը գործէ, եւ Իրանի թեւ մը չի ներկայացներ, ինչպէս անոր հակառակորդները կը պնդեն», շեշտեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

Արաղչի ըսաւ. «Իրանը կը մերժէ լիբանանեան խնդիրներուն մէջ արտաքին միջամտութիւնները»:

Ինչ կը վերաբերի վերաշինութեան հարցին, ան յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Լիբանանի վերաշինութեան նպաստելու` նշելով, որ իրանեան ընկերութիւնները շարք մը պետութիւններու, օրինակ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ ենթակառուցային մեծ ծրագիրներ գործադրելու փորձառութիւն ունին` աւելցնելով, որ այդ մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ պետական պաշտօնական շրջագիծին մէջ եւ ըստ լիբանանեան կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն:

Ան նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան առիթներու ուսումնասիրման համար տնտեսական միացեալ յանձնախումբ ստեղծելու շուրջ նախնական բանակցութիւն կը կատարեն:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի զէնքի հարցին` Արաղչի շեշտեց. «Այս թղթածրարը բացառապէս լիբանանեան ներքին խնդիր է, որ պէտք է ազգային գետնի վրայ քննարկուի լիբանանեան կառավարութեան, քաղաքական եւ ժողովրդային տարբեր բաղադրիչներու միջեւ»: Ան նաեւ ընդգծեց. «Այդ առնչութեամբ որոշումը Դիմադրութիւնը կ՛որդեգրէ լիբանանեան ուժերուն հետ համակարգաբար»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Հըզպալլային Իրանի տրամադրած քաղաքական աջակցութիւնը «որեւէ պարագայի չի նշանակեր անոր գերիշխան որոշումներուն միջամտել»:

Արաղչի ըսաւ, որ Հըզպալլայի եւ Իրանի յարաբերութիւնները «խոր բարեկամութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան յարաբերութիւններ են»` աւելցնելով. «Երկու կողմերը շարունակ տեսակէտներու փոխանակում կը կատարեն, եւ Իրան ամբողջովին կը յարգէ կուսակցութեան անկախութիւնն ու ազգային որոշումները:

«Հըզպալլան անկախ կազմակերպութիւն մըն է, որ իր որոշումները կ՛որդեգրէ առաջին եւ վերջին հաշուով ըստ Լիբանանի շահերուն», յայտարարեց Արաղչի:

 

Նախորդը

Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Դարձեալ Թիրախ` Իսրայէլեան Սպառնալիքներուն

Յաջորդը

Բագրատունի. «Հայրենիքը Միայն Բոլորի Զոհողութիւններով Պիտի Վերականգնի»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?