Լիբանանի փոխվարչապետ, սուրիացի գաղթականներու հարցով նախարարական յանձնախումբի նախագահ Թարեք Մըթրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ յանձնախումբը մշակած է սուրիացի գաղթականները իրենց երկիր վերադարձնելու նոր ծրագիր մը, որ կը բաղկանայ շարք մը փուլերէ, եւ զայն ամէնէն մօտ առիթով պիտի ներկայացնէ նախարարաց խորհուրդին` անոր գործադրութեան սկսելու նպատակով հաւանութիւն ստանալու համար:
Մըթրի նշեց, որ ծրագիրը հաշուի կ՛առնէ, որ մեծաթիւ սուրիացիներ տարբեր պատճառներով սկսած են իրենց երկիր վերադառնալ` աւելցնելով, որ այդ առնչութեամբ ճշգրիտ թիւ գոյութիւն չունի:
«Մեծաթիւ գաղթականներ պատրաստակամութիւն յայտնեցին վերադառնալու, ըստ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գործակալութեան կատարած հարցախոյզին: Աւելի՛ն. նախագահ Ահմետ Շարհի նախագահութեամբ սուրիական կառավարութիւնը անոնց վերադարձին չ՛ընդդիմանար, թէեւ մտահոգ է կենցաղային ու բնակարանային պայմաններուն նկատմամբ», յայտնեց փոխվարչապետը` աւելցնելով. «Այդ բոլորը կամաւոր եւ փուլերու վրայ երկարող վերադարձը կը դարձնէ կարելի»:
«Պիտի ջանանք առաջին փուլը ամբողջացնել նախքան յառաջիկայ սեպտեմբերի սկիզբը դպրոցական տարեշրջանի մեկնարկը, սակայն կարողութիւնը չունինք թիւերը ճշդելու, թէեւ կը նախատեսենք, որ ատիկա 200 հազարի եւ 300 հազարի միջեւ ըլլայ, եւ ատիկա կախեալ է գործողութեան յաջողութենէն», նշեց Մըթրի:
Ան բացատրեց, որ վերադարձը պիտի ըլլայ կազմակերպուած եւ ոչ կազմակերպուած, եւ երկու պարագային ալ իւրաքանչիւր գաղթական 100 տոլար պիտի ստանայ: «Լիբանանեան Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը զանց պիտի առնէ հեռացողներուն աւարտած կեցութեան արտօնագիրներու համար տուգանքները, պայմանով, որ Լիբանան չվերադառնան», ըսաւ փոխվարչապետը:
«Կառավարութիւնը խոստումներ ստացաւ, թէ նուիրատու կառոյցները եւ կարգ մը պետութիւններ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն հաստատուելու համար Սուրիա վերադարձողներուն, եւ տնտեսական պատճառներով ապօրինի կերպով Լիբանան չվերադարձնողներուն», նշեց Մըթրի` աւելցնելով. «Հաւաքական պարտադիր արտաքսումը բացառուած է»: