Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան դիմադրողականութեան եւ քաղցկեղային հիւանդութիւններու նուիրուած «Պիօ Պէյրութ» 12-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին ներկայացուց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը:
Խորհրդաժողովը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, զոր ներկայացուց աշխատանքի նախարար դոկտ. Մոհամետ Հայտարը, իսկ երեսփոխան դոկտ. Միշել Մուսան ներկայացուց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին: