Երէկ երեկոյեան Իսրայէլ սպառնալիք ուղղեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու բնակիչներուն` ճշդելով վայր մը, որ պիտի ռմբակոծուի «Հըզպալլայի պահեստներուն մօտ գտնուելուն պատճառով»:
Իսրայէլեան բանակը հաղորեց, որ յարձակում պիտի գործէ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ բնակելի ընդյատակեայ վայրի մը վրայ, ուր, ըստ Իսրայէլի, Հըզպալլա անօդաչու սարքեր կ՛արտադրէ: Աւելի ուշ իսրայէլեան բանակը սպառնաց հարուածել Հարաւային արուարձաններու Հատաս, Պըրժ Պարաժինա եւ Հարեթ Հրէյք շրջանները:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ այս հարուածը մեծագոյնը պիտի ըլլայ զինադադարի հաստատումէն ի վեր:
Մինչեւ թերթի աշխատանքներուն աւարտը իսրայէլեան բանակի օդուժը 8 զգուշացման յարձակումներ գործած էր Հարաւային արուարձաններուն վրայ: Այնուհետեւ իսրայէլեան օդուժը գործադրեց իր սպառնալիքը` ռմբակոծելով ճշդուած թիրախները: