Աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտար յայտնեց. «Մեր պատկերացումը այն է, որ Հըզպալլայի զէնքի խնդիրը պէտք է լուծուի երկխօսութեան ճամբով եւ ոչ թէ որոշումներու»:
Հայտար «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Մենք չենք ուզեր ներքին ճակատումի հասնիլ, այլ կ՛ուզենք մեր երկիրը պահպանել»:
«Հակառակ բարձր լարուածութեան, պէտք է երկխօսութիւն կատարենք եւ այս խնդիրները լուծելու համար հասարակաց հարթակ գտնենք», շեշտեց նախարարը:
«Բանակին եւ զայն զօրացնելու կողքին կը կանգնինք, որպէսզի ան կարենայ հայրենիքը պաշտպանել եւ ամբողջական կերպով ապահովութիւնը ղեկավարել», աւելցուց Հայտար: