Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 15, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահի եւ վարչապետի կեցուածքները նոյնութեամբ նշուած են պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ, եւ ուղղակի ու կտրուկ կերպով փոխանցուեցան Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիին, ինչ որ փաստ է, թէ Լիբանան նոր փուլ մուտք գործած է»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիի հետ իր հանդիպումի ընթացքին նախագահ Ժոզեֆ Աուն ամբողջովին անկեղծ գտնուած է եւ չէ հերքած Լիբանանի վրայ միջազգային ճնշումներու գոյութիւնը, սակայն Դիմադրութեան զէնքի թղթածրարի քննարկման ճամբան փակած է` ըսելով, որ որդեգրուած որոշումը կառավարութեան եւ լիբանանեան բանակին յանձնուած է:

. ԸՍՏ «Լեպանոն Տիպէյթ»-ին, ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք երկուշաբթի օր Լիբանան պիտի այցելէ:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ախպար Ալեաոյմ»-ին. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի ամերիկացի դիւանագէտ Մորկըն Օրթէյկըսի հետ 18 օգոստոսին Լիբանան այցելութիւնը, իր ձեւով ու պարունակութեամբ նախկին այցելութիւններէն տարբեր պիտի ըլլայ». անիկա վճռական ցուցանիշներ պիտի բերէ, ինչ կը վերաբերի Լիբանանի մէջ քաղաքական ու ապահովական յառաջիկայ փուլի յստակացման:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար աշխատանքի լծուած է Սուրիոյ արդարադատութեան նախարարութեան հետ սուրիացի շարք մը բանտարկեալներու յանձնման համար համաձայնութեան նախագիծի մշակման վրայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին կը յայտնեն. «Սուրիական պետութեան լիբանանեան ապահովութիւնը խաթարած ոճիրներ գործած իսլամական կալանաւորներէն ոմանք իրեն յանձնելու դիմումներուն անկարելի է ընդառաջել»:

. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ լիբանանեան իշխանութիւններուն մօտ գոյութիւն ունի ուղղուածութիւն մը յառաջիկայ ամիսներուն Լիբանան գտնուող որեւէ սուրիացի «տեղահանուած»-ի պիտակէն զրկելու, որովհետեւ ստեղահանուած նկատուելու բոլոր պատճառները վերացած են:

Լիբանանեան ապահովական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ»-ին նշած է, որ այդ պարագային Լիբանանի մէջ որեւէ սուրիացիի ներկայութիւնը ապօրինի պիտի նկատուի, եթէ իրեն լիբանանեան հողերու վրայ մնալ արտօնող կեցութեան արտօնագիր չունի:

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ելեկտրականութեան ընկերութիւն. «Ամրան շրջանին ելեկտրականութեան հոսանքի յաճախակի ընդհատումներուն պատճառը մեր կամքէն անկախ եղող թեքնիք գործօններն են»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ օդերեւութաբանական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ տաքի ալիքը այսօրուընէ սկսեալ պիտի սկսի աստիճանաբար նահանջել, եւ ջերմաստիճանը կիրակի օր պիտի վերադառնայ իր եղանակային սովորական աստիճանին:

 

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ

Յաջորդը

Շէյխ Քասեմ-Լարիժանի Հանդիպում

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.