Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի: Այս մասին հաղորդեց Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը:
Շէյխ Քասեմ վերստին շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին` «Լիբանանին եւ անոր Դիմադրութեան իսրայէլեան թշնամիին դէմ շարունակուող աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանի միութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան կողքին կանգնելուն համար»:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց «լիբանանցի եւ իրանցի ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները»: