Կենսոլորտի նախարար Թամարա Զէյն «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանեան բանակի (զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ) ծրագիրը պիտի ներկայացուի 2 սեպտեմբերի նիստին, եւ ոչ ոք գիտէ այդ ծրագիրին բովանդակութիւնը»:
«Պէտք էր չաճապարել (զէնքի հարցին շուրջ) նախարարաց խորհուրդի երկու նիստեր գումարելու` առիթ ընծայելով կողմերուն միջեւ համաձայնութեան գոյացման», նշեց Զէյն:
«Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի փաստաթուղթի քննարկումը անձնատուութեան համազօր է», յայտնեց նախարարը:
«Անուղղակի համաձայնութիւն կար յետաձգելու զէնքի մենաշնորհման օրակարգային կէտի վաւերացումը, սակայն այդ համաձայնութիւնը չյարգուեցաւ», ըսաւ ան:
«Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին մինչեւ վերջին պահ պիտի փորձէ Լիբանանի բախումի կամ լարուածութեան հասնիլը արգիլել», նշեց Զէյն: