Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:
Սինիորա Սալամի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Քննարկեցինք Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող բոլոր հարցերը: Անկասկած, Լիբանան տակաւին կը տառապի Իսրայէլի առօրեայ յարձակումներէն, որոնք աւերման, քանդումի, ահաբեկման եւ սպանութեան կը յանգեցնեն»:
Ան դատապարտեց եւ մերժելի նկատեց երէկ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիրի` կարգ մը զինուորներու ընկերակցութեամբ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ շրջագայութիւնը:
Անդրադառնալով Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիի Լիբանան այցելութեան` նախկին վարչապետը նշեց. «Կ՛ուզենք, որ Իրան իրողապէս Լիբանանի բարեկամը ըլլայ եւ անոր ներքին հարցերուն չմիջամտէ: Մինչ Լիբանան ծանրաբեռնուած է, Իրան կը շարունակէ զայն ծանրաբեռնել այնպիսի բաներով, որոնք չի կրնար տանիլ: Հետեւաբար, յոյս ունինք, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ` Լիբանանը հեռու պահելու այն բաներէն, զորս կը փորձէ անոր պարտադրել եւ զորս ան չի կրնար տանիլ»:
Ան խոր գնահատում յայտնեց «անցեալ շաբաթ լիբանանեան կառավարութեան որդեգրած կարեւոր ու քաջարի որոշումներուն, ինչպէս նաեւ երէկ Ալի Լարիժանիի այցելութեան ընթացքին հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին արտայայտած կեցուածքներուն, եւ ասիկա իրապէս Լիբանանի որդեգրած կարեւոր բաներէն է, եւ որ պէտք է շարունակ պնդէ զէնքը լիբանանեան պետութեան եւ բանակէն ու ներքին ապահովութեան ուժերէն բաղկացած անոր օրինական ուժերուն մենաշնորհը դարձնելու կարեւորութեան վրայ, որովհետեւ ատիկա միակ ձեւն է, որ պետութիւնը կրնայ իր ամբողջական իշխանութեան եւ իր բոլոր հարցերուն մէջ ազատ որոշումին վերատիրանալ»:
«Օրերը փաստեցին, թէ ոչ ոք լիբանանցիներէն որեւէ խումբ կը պաշտպանէ բացի լիբանանեան պետութենէն, եւ որեւէ արտաքին կողմէ, ասկէ կամ անկէ իսկական պաշտպանութիւն չկայ. լիբանանեան պետութիւնը մեր միակ յոյսն է», շեշտեց Սինիորա: