Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Այսօրուան Առաջադրանքին Սահմանդրական Հիմքը

Ապրիլ 21, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտախորհրդարանական ընդդիմադիր զանգուածը յայտնաբար յաջողած է իրավիճակ ստեղծել։ Նոր սահմանադրութիւնն ու նոր ընտրակարգը նոր գործառոյթներ եւ նոր յաւելեալ իրաւական ազդեցիկութիւն ապահովելու նախադրեալներ կը յուշէին խորհրդարանական ընդդիմութեան, որ զուտ թուաբանական առումով այս փուլին չնպաստեց, որ ակնկալուած չափով կայանայ։

Այսօրուան պատահարները եթէ մէկ կողմէ խորհրդարանական ընդդիմութեան անազդեցիկ վիճակի հակազդեցութեան հետ որոշ աղերսներ կը փոխանցեն, այնուամենայնիւ հիմնականին մէջ համակարգային գործնական փոփոխութեան ուշացումի պատճառով կուտակուած դժգոհութիւններու ենթահողի կտրուկ դրսեւորումներ են։

Դրականը այս բոլորին մէջ կրնայ ըլլալ այն, որ հանրապետութեան տարբեր շրջաններուն մէջ դրսեւորուած բողոքի գործողութիւնները կրնան խթան հանդիսանալ համակարգային գործնական փոփոխութիւններու առարկայացման։

Ամէն ինչ ունի անշուշտ հետեւողական եւ հանգրուանային կշռոյթ։ Համակարգային իրաւական փոփոխութիւնը անհրաժեշտ էր իրականացնելու համար անոնց գործնականացումը։ Բարեկարգումները, ընկերային-տնտեսական բարելաւման համար ծրագիրներու արդիւնաւէտութիւնը, աղքատութեան յաղթահարման դէմ պայքարի իրողական արդիւնքներ ձեռք բերելը, հակամենաշնորհային դրութեան բանեցումը. տակաւի՛ն՝ փտածութեան դէմ պայքարի, ներդրումային վստահելի դաշտի կայացման, ընկերային արդարութեան հաստատման ճիգերը կրնային թափ հաւաքել նաեւ նախորդ սահմանադրութեան օրով, այնուամենայնիւ յաւելեալ ժողովրդավարացման, լիազօրութիւններու բաշխման, միանձնեայ իրաւասութիւններու վերացման եւ հակակշիռ հիմնարկներու ստեղծման համար անհրաժեշտ էր նորացնել սահմանադրութիւնը, փոխել կառավարման համակարգը։

Իրաւական փոփոխութենէն ետք եւ գուցէ անոնց առընթեր կ՛ակնկալուին (կ՛ակնկալուէին) այդ բոլոր ոլորտներուն վերաբերեալ բարեփոխումներու իրականացումները փուլ առ փուլ։ Ի հարկէ, կային որոշ յառաջընթացներ։ Հիմա համակողմանիօրէն կը շեշտուի թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական մակարդակներով այդ խնդիրները յաղթահարելու արագ, արդիւնաւէտ քաղաքականութեան կիրարկումը։

Ձեւակերպուած առաջադրանքը`  նախագահի հովանաւորութեամբ քաղաքական հիմնական ուժերու մասնակցութեամբ երկխօսութեան սեղանի շուրջ համախմբուելու առումով, ամէնէն կառուցողական ճանապարհն է հանգուցալուծման գործընթացի մեկնարկի։

Ճիշդ այս պատճառով ալ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր շարժումը, որ յամենայն դէպս ներկայացուած է նաեւ խորհրդարանին մէջ իր հաւաքած բողոքարկու զանգուածի յենարանով, բարեփոխոխումներու թղթածրար պատրաստ ունենալու անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուի, եթէ անշուշտ միայն դէմքի փոփոխութեան պահանջով եւ ատով իսկ ստեղծուելիք անորոշութեամբ չի պայմանաւորեր այս ամբողջ գործընթացին իր մօտեցումները։

Մէկ նրբութիւն եւս այս առաջադրանքի ձեւակերպման մէջ ինքզինք զգալի կը դարձնէ. այն, որ ընդդիմութիւն_իշխանութիւն լարուած իրավիճակներու պարագային նոր սահմանադրութեամբ իսկ ճշդուած իրաւադրոյթով հանրապետութեան նախագահը կ՛ընկալուի իբրեւ գլուխը պետութեան, իբրեւ անաչառ, անկուսակցական եւ բացառապէս ազգային ու պետական շահերով առաջնորդուող պետութեան բարձրագոյն պաշտօնեայ։

Նախագահին շուրջ համախմբուելու եւ հակաճգնաժամային բանակցութիւններու սկսելու ու հարցերուն բացառապէս երկխօսութեամբ լուծում բերելու առաջադրանքի ձեւակերպումը այս իմաստով իսկ կ՛ընդգծէ նոր սահմանադրութեան իրաւական եւ բարոյական նշանակութիւնները։

Սահմանադրութիւնը մեր բոլոր գործընթացներուն հունաւորման համար գերակայ փաստաթուղթն է։ Անոր հիման վրայ պիտի շարունակեն ընթանալ մեր բողոքի գործողութիւնները, պետական բարձրագոյն պաշտօններու ստանձնման ընթացակարգերը եւ ճգնաժամի պահուն սահմանադրութեամբ ճշդուած նախագահի լիազօրութիւններուն բերումով անոր շուրջ համախմբուիլը եւ հանգուցալուծման առաջնորդուիլը։

 

Նախորդը

Հրանդ Մարգարեան. «Անհրաժեշտ Են Հիմնական Փոփոխութիւններ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Ներկայ Ընտրակարգը Եւ Կուսակցութիւններու Դերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?