Խմբագրական

Editorial

Ակնարկ.  Հաւասարակշռումի Եւ Ընտրութիւններու Արդիւնքի Համատեղումը

Ակնարկ. Հաւասարակշռումի Եւ Ընտրութիւններու Արդիւնքի Համատեղումը

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն երեք ամիս անց` տակաւին անորոշ կը մնայ կառավարութեան կազմութեան ճակատագիրը: Մագոգային հանդիպումներ, յայտարարութիւններ, առաջադրանքներ, համալիբանանեան մօտեցումի ընդգծումներ, այսուհանդերձ տեղապտոյտի մէջ գտնուող ապարդիւն եռուզեռ, որ չի յաջողիր կազմութեան մեկնարկի համար փակուղիէն ելքի ճանապարհը հարթել: Հանգոյցը առաւելաբար ներլիբանանեան առումով կեդրոնացած կը թուի նախ եւ առաջ ներքրիստոնէական եւ ապա ներտիւրզիական անհամաձայնութիւններու, յատկապէս իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի վերապահելի չափաբաժիններու ճշդումի առեւտուրով յատկանշուած:...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Կտրուկ Շրջադարձային Վարքագիծը

Միացեալ Նահանգներու նախագահին մօտ հռետորաբանական  վերիվայրումներն ու կտրուկ շրջադարձները հետեւողական վարքագիծի բնոյթ կրած են: Այնքան մը, որ ոճի աննախընթաց սաստկացումը, հասցէական վերագրումները, հետեւողներուն մօտ սկսած են տարակուսանքներ ստեղծել յայտարարուածի եւ անոր համապատասխան առնուելիք քայլերու բացակայութիւնը կանխատեսելով: Փիոնկեանկ-Ուաշինկթըն արձանագրուած փոխմեղադրական մագլցողականութիւնը պահ մը աշխարհը համոզեց, որ հիւլէական պատերազմի մեկնարկը սարերու ետին չէ: Կտրուկ շրջադարձը Ուաշինկթընի կողմէ, աւելի ճիշդը` նախագահ Թրամփի ոճային...

Ակնարկ.  Իրաւական Գործընթացով Արձագանգելու Քայլը

Ակնարկ. Իրաւական Գործընթացով Արձագանգելու Քայլը

Հայ ազգային քոնկրեսի (ՀԱՔ) անդամ Զոյա Թադեւոսեանի յայտարարութիւնը, թէ` Արցախի ազատագրուած տարածքները պէտք է վերադարձնել Ազրպէյճանին, եթէ հիմնախնդիրի լուծումը ատիկա կը պահանջէ, պէտք է ըսել, որ բոլորովին միակ ու նոր զգայացունց յայտարարութիւնը չէ: Թադեւոսեանէն առաջ եւս այդ տարածքներու կարգավիճակին մասին տարբեր ձեւակերպումներ հնչած են, նոյնիսկ անոնց հայկական պատմական պատկանելիութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձած է: Թադեւոսեան աւելի մանրամասնելով իր միտքերը կը հաստատէ,...

Ակնարկ.   Քաղաքակիրթ Բանավէճ Եւ Զուտ Իրաւական Հարթութիւն

Ակնարկ. Քաղաքակիրթ Բանավէճ Եւ Զուտ Իրաւական Հարթութիւն

Հայաստանի երկրորդ նախագահի կալանաւորումը  տեղի տուած է տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու: Տարաբնոյթը որոշ տեղեր վերածուած է ուղղակի հակոտնեայ տեսակէտներով եւ իրերամերժ փոխամբաստանութիւններով յատկանշուող  ընդհանուր մթնոլորտի: Նման մթնոլորտ քաղաքական եւ հասարակական բեմերու վրայ այդքան ալ անհաւանական կրնայ չթուիլ, եթէ մտաբերենք որեւէ երկրի պարագային նախկին նախագահի նկատմամբ քրէական գործի յարուցման եւ անոր հետեւող կալանաւորման որոշումի պարագաներ: Զգայացունց եղելութիւններուն կը հետեւին թէժ քննարկումներ: Այդ քննարկումները...

Վարչապետ Փաշինեան. «Ռուսիան Ալիեւին Պատերազմէ Հրաժարիլ Տալու Բոլոր Կարելիութիւնները Ունի»

Ակնարկ. Սահմանի Բացման Ենթաուղերձն Ու Սպասուող Բուն Ուղերձը

«Հայաստանը պատրաստ է առանց որեւէ նախապայմանի բացել Թուրքիայի հետ սահմանը»: «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ այս մասին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան (news.am): Լուրի կամ աւելի ճիշդը խորագիրի հաւաստիութիւնը խնդրոյ առարկայ է: Մանաւանդ որ սահմանի փակումէն ի վեր Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան այս գերակայ ուղղութեան վերաբերող խնդիրին մէջ միշտ ցուցաբերուած է հետեւողականութիւն` սահմանի փակումին ամբողջական պատասխանատուութիւնը բարդելով Անգարայի ուսերուն:...

Խմբագրական.  Լիզպոնէն 5, 8 Եւ 35 Տարի Ետք  (Լիզպոնի Գործողութեան 35-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Լիզպոնէն 5, 8 Եւ 35 Տարի Ետք (Լիզպոնի Գործողութեան 35-ամեակին Առիթով)

Լիզպոնի հերոսներուն թողած պատգամներուն եւ փոխանցած ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի իրաւատիրոջ կարգավիճակով հայոց համազգային իրաւունքներու վերատիրացման գաղափարը: Գերագոյն զոհաբերումի հիմնական պատճառը այդ իրաւունքներու բարձրաձայնումն է, լռութեան պատի քանդումը եւ միջազգային հանրութեան ու քաղաքական շրջանակներուն հայկական հիմնահարցերու վրայ կեդրոնացումը: 35 տարի առաջ, օրուան պայմաններուն մէջ այդ իրաւունքը հիմնականին մէջ կը վերաբերէր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային ճանաչումի հրամայականին եւ անկէ...

Վարչապետ Փաշինեան. «Չեմ Հաւատար,  Որ Ռուսիան Կրնայ Իր Լծակները Օգտագործել  Պատերազմ Թոյլ Տալու Համար»

Ակնարկ. Միջազգային Փաստաթուղթերով Նշուած Հայկական Ամրագրումներ

Լրագրողներուն հետ վարչապետ Փաշինեանի  ունեցած հանդիպումը շօշափեց հարցերու լայնածիր շրջագիծ: Եթէ լուսարձակի տակ առնենք արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ վարչապետին կատարած պարզաբանումները, ապա այնտեղ կը նկատենք երանգային որոշ շեշտադրումներ, որոնք ընդհանուր գիծերու մէջ կը պահեն իր կատարած յայտարարութիւններու հետեւողականութիւնը: Այսպէս. նախ բառացի մէջբերենք այս պարագային պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը պարզաբանող վարչապետին խօսքը. «Առանց Արցախի ժողովուրդի մասնակցութեան Արցախի հարցի լուծում չի կրնար կայանալ: Բոլոր...

Ակնարկ.  Մընպեժ, Իտլիպ Եւ Հելսինքի

Ակնարկ. Մընպեժ, Իտլիպ Եւ Հելսինքի

Սուրիական պատերազմին հետ կապուած զինուորական ուժերու տեղաբաշխման գործընթացը կը յուշէ ուրուագծուող ազդեցութեան գօտիներու աշխարհագրական սահմանագծումներու ընդհանուր պատկերի մը մասին: Այս տեղաշարժերը սկսած են աւելիով առարկայանալ Թրամփ-Փութին հելսինքեան հանդիպումէն ետք: Եթէ նկատի ունենանք  Անգարան շահագրգռած ազդեցութեան գօտիները, կը կեդրոնանանք հետեւեալ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ Անգարայի կատարած հրապարակային յայտարարութիւններուն վրայ: Վերջերս, Մընպեժի զինուորական խորհուրդը յայտարարեց, թէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու վերջին խումբը, «մարզումի եւ...

Ակնարկ.  Արժանի Ըլլալու Համար` Պէտք Է Լիարժէք  Ճանչնալ Արամն Ու Բոլոր Պետականակերտ Դէմքերը

Ակնարկ. Արժանի Ըլլալու Համար` Պէտք Է Լիարժէք Ճանչնալ Արամն Ու Բոլոր Պետականակերտ Դէմքերը

Արամ Մանուկեանի արձանի ոդիսականը կը թուի, որ աւարտած է: Կը թուի, որովհետեւ կայքերու թէ ընկերային ցանցերու ճամբով տակաւին կը շարունակուի արծարծուիլ արձանի գեղագիտական բաժինը, տեղադրումի իրաւական ընթացակարգը, տեղադրումի վայրին նպատակայարմարութիւնը, անձին դերակատարութիւնը, կուսակցական պատկանելիութիւնը եւ ընդհանրապէս նման արձան կանգնեցնելու արարքին իմաստը: Կարելի է ըսել, որ ընդհանրապէս, շատ քիչ բացառութիւններ զանց առնելով, միանշանակ չեն ընկալուած որեւէ արձանի տեղադրումի որոշումը, քանդակագործի գեղագիտական...

Ակնարկ.   Քաղաքական Ֆութպոլ

Ակնարկ. Քաղաքական Ֆութպոլ

Ամէն ինչ քաղաքական պրիսմակէ դիտելու կամ տարբեր ոլորտներու իւրաքանչիւր գործընթաց քաղաքականօրէն մեկնաբանելու համատարած երեւոյթը ֆութպոլի համաշխարհային մրցաշարքին առիթով ինքզինք աւելի տիրական դարձուց: Զանգուածային լրատուամիջոցներուն առընթեր ընկերային ցանցերը եւս գերյագեցած էին մեկնաբանութիւններով, ծաղրանկարներով, իւրաքանչիւր մրցումի արդիւնքին հետեւող քաղաքական վերլուծումներով: Այս բոլորը առատ էին եւ օրինաչափ` այսօրուան համակարգի տրամաբանութիւններն ու զարգացման միտումները նկատի ունենալով: Առընթեր` միջազգային ամենալուրջ ու հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ո՛չ միայն...

Ակնարկ. Միջազգային Ընկալելիութիւն Ունեցող Հայկական Նոր Մօտեցումներ

Ակնարկ. Միջազգային Ընկալելիութիւն Ունեցող Հայկական Նոր Մօտեցումներ

ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին առիթով կայացած բազմաթիւ հանդիպումներուն ընթացքին փոխանցուած մօտեցումներուն եւ կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ կարելի է առանձնացնել հետեւեալ միտքերը, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը յայտնած է Լաթվիոյ նախագահին հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին: Ա.- Հայաստանի ժողովրդավարական փոփոխութիւնները այս երկիրները իրարու աւելիով կը միացնեն եւ աւելի մօտ կը դարձնեն: Հայկական կողմը կ՛ակնկալէ նաեւ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը այս ճամբուն վրայ` աւելի ուժեղ դարձնելու Հայաստանի Հանրապետութիւնը:...

Ակնարկ.  Քաղաքական Առաւելներ. Բացառել Ետդարձը

Ակնարկ. Քաղաքական Առաւելներ. Բացառել Ետդարձը

Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը Հայաստանի Հանրապետութեան մասին դրական-քաջալերական յստակ բաղադրիչներ կը պարփակէ իր մէջ` համագործակցութիւնը խորացնելու եւ առաջադրուած կէտերը իրականացնելու համար աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելու առումով: Թէ քննարկումներու ընթացքին հնչած տեսակէտներու հիմնաւորումներու բաժինները եւ թէ՛ բանաձեւի խմբագրութիւնը յստակօրէն ներառած են մեր երկրին մէջ կայացած յեղափոխութեան եղանակը, բախումներէ զերծ մնալը, դէպի իրաւական պետութիւն եւ առ այդ եւրոպական համակարգի սկզբունքներուն ընդառաջ շարժիլը: Տարբեր խօսքով`...

Ակնարկ.  Երկու Հիմնովին Տարբեր Բանաձեւեր  Եւ Համատեղուող Մօտեցումներ

Ակնարկ. Երկու Հիմնովին Տարբեր Բանաձեւեր Եւ Համատեղուող Մօտեցումներ

Եւրոպական խորհրդարանը կողմ քուէարկած է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրին եւ Եւրոպական Միութիւն - Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերող բանաձեւին: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին, վերջին զարգացումներուն, յատուկ ուշադրութեան արժանացած է իշխանափոխութեան խաղաղ եւ սահմանադրական բնոյթը, կարեւոր նկատուած է Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու ներառական ընթացակարգի ապահովումը, ընդդիմութեան ներգրաւուածութիւնը բարեփոխումներու հոլովոյթին եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու...

Ակնարկ.  Յուսադրիչ, Բայց Ոչ Բաւարար

Ակնարկ. Յուսադրիչ, Բայց Ոչ Բաւարար

Լիբանանեան քրիստոնեայ քաղաքական գլխաւոր ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները եւ անոնցմէ անդին անցնող նաեւ կառավարութեան ձեւաչափին մասին քննարկումները յուսադրիչ նախանիշեր են կառավարութեան կազմութեան ոդիսականի աւարտին: Յուսադրիչ, բայց ոչ բաւարար անշուշտ, քանի որ պարզ է, որ քրիստոնեայ համայնքը բաղկացնող գլխաւոր ուժերու եւ երեսփոխանական պլոքներու միջեւ կայացած համաձայնութիւնները պէտք է ստանան միջհամայնքային եւ ատով նաեւ համալիբանանեան տարողութիւն: Լիբանանեան ուժերու առած  նախաձեռնութիւնը մէկ կողմէ...

Ակնարկ.  Ռուսական Տարբեր Գնահատականներն  Ու Նախիջեւանեան Ճակատը

Ակնարկ. Ռուսական Տարբեր Գնահատականներն Ու Նախիջեւանեան Ճակատը

Ազրպէյճանական  լրատուամիջոցները մեծ ոգեւորութեամբ լուրեր տարածած էին, թէ  խումբ մը ռուս փորձագէտներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ այցելած էին Լելէ Թեփէի բարձունք ու հակահայկական հարցազրոյցներ տուած էին խրամատներուն մէջ: Լելէ Թեփէ այցելողներու շարքին էին Պետական տումայի պատգամաւորներ: Եւ որովհետեւ Պետական տումայի բաղկացուցիչ պատգամաւորական խմբակցութիւններէն էին Լելէ Թեփէի այցելուներէն ոմանք, փորձենք մնալ Պետական տումայի շրջանակներուն մէջ եւ յիշենք Ռուսիոյ Պետական տումայի նախագահ...

Ակնարկ.  Առանցքի Պետութիւններ Եւ  Կրկնակի Խաղեր

Ակնարկ. Առանցքի Պետութիւններ Եւ Կրկնակի Խաղեր

Պաշտօնական Թեհրանը ողջունեց եւ դրական գնահատական տուաւ Թուրքիոյ նախագահի վերընտրութեան: Հաւանաբար քաղաքականօրէն ընկալելի դրսեւորում է, որ կը կատարուէր Իրանի իսլամական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին կողմէ: Քաղաքական հասկնալիւթիւնը այս պարագային առաւելաբար տարածաշրջանին մէջ Մոսկուա-Թեհրան-Անգարա երբեմն ուրուագծային, յաճախ ուղղակի տեսանելի ռազմավարական եռակողմ դաշինքի հետ կապուած է, յատկապէս Սուրիոյ տարածքին արձանագրուող իրադարձութիւնները նկատի ունենալով, ինչպէս նաեւ Թեհրան-Ուաշինկթըն ըստ էութեան հակադրութեան եւ վերիվայրումնային...

Ակնարկ.  Երկրագունդին Սպառնացող  Աղէտի Դիմակայման Համար

Ակնարկ. Երկրագունդին Սպառնացող Աղէտի Դիմակայման Համար

Այսօր իր լրումին կը հասնի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան մշակոյթի ու միջազգային  հաղորդակցութեան կեդրոնին միջեւ կրօններու երկխօսութեան յատկացուած խորհրդաժողովը: Կրօնական երկխօսութեան այս նիստերը ունին հետեւողականութիւն, եւ իւրաքանչիւր խորհրդաժողովին ընտրուած կարգախօսային բնաբանը ըստ էութեան համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող այժմէական խնդիրներու կը վերաբերի: Բնապահպանութեան ճգնաժամը կարմիր գիծերը անցնելու ահազանգային իրավիճակ կը պարզէ, եւ աշխարհաքաղաքական ուժերը այսօր այդ ահազանգին ընդառաջ...

Խմբագրական.  Համաթրքական Ազգայնականութիւնը` Խորքային  Պետութեան Հիմնական Բաղադրիչը

Խմբագրական. Համաթրքական Ազգայնականութիւնը` Խորքային Պետութեան Հիմնական Բաղադրիչը

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները վերլուծական մեկնաբանութիւններու հարուստ գրականութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ կը զարգանան: Համաշխարհային լրատուադաշտը լուսարձակներ կը կեդրոնացնէ յատկապէս էրտողանական Թուրքիոյ տարածաշրջանայինէն դէպի համաշխարհային խաղցողի անցում կատարելու յայտարարութիւններու գործնական կարելիութիւնները տեսնելու ուղղութեամբ: Քանի մը դիտարժան կէտեր յամենայն դէպս արդիւնքներու անմիջականութեամբ եւ հեռանկարային  ուրուագծումի փորձերով կարելի է արձանագրել: Համեմատական տրամաբանութիւնը կարեւոր է այն առումով, որ վերջին նախագահական...

Ակնարկ.  Ռազմաթատերական Ներկայացումներ  Եւ Նկարահանումներ

Ակնարկ. Ռազմաթատերական Ներկայացումներ Եւ Նկարահանումներ

Պաքուի  պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական բաժանմունքը աշխուժացուցած է ապատեղեկատուական արտադրութիւններու թափը եւ անվերջ կը խօսի նոր տարածքներ վերահսկելու նպատակով իրականացուած գործողութիւններու յաջողութիւններուն մասին: «Վերջին տարիներուն զինուորական կարողականութիւնը էականօրէն ընդլայնուած է  եւ հիմնովին փոխուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ մեզի», յայտարարած էր պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը: Հասանովը նաեւ ըսած էր, որ ազրպէյճանական բանակը արդէն կը վերահսկէ Լաչին...

100-ամեակ. Մեր Մասնակցութիւնը

100-ամեակ. Մեր Մասնակցութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով մեր թերթի նախաձեռնած աշխատանքները իրենց աւարտին չեն հասած. տարին ամբողջ յոբելենական է, եւ տարբեր միջավայրերէ կը հնչեն առաջարկներ Ա. Հանրապետութեան երկուքուկէս տարուան իրագործումները նշելու, պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու այժմէականացման փորձեր կատարելով քննարկման եւ հրատարակչական նոր տարածքներ ձեւաւորելու: Հիմա գանք մեր փոքր ածուին` նկատելու համար «Ազդակ»-ի կատարած մինչ այժմեան աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը: Հիմնական երկու յայտարարուած առաջադրանքներ կատարուած են արդէն:...

Page 45 of 62 1 44 45 46 62

Արխիւներ