Խմբագրական

Editorial

Ակնարկ.  Տարածաշրջանային Հարթակի  Ձեւաւորման Շարժառիթները

Ակնարկ. Տարածաշրջանային Հարթակի Ձեւաւորման Շարժառիթները

Պաքուի զօրահանդէսին Ազրպէյճանի նախագահին հնչեցուցած յոխորտանքները հայկական տարածքներու պատկանելիութեան առումով նորութիւն չեն: Նման առիթներու Պաքուն յայտնաբար պիտի շարունակէ բարձրաձայնել, իր տարածքներուն մասին նման յերիւրանքներ: Նման յայտարարութիւններ ներքին սպառման համար նկատառելի նիւթեր են, մանաւանդ պատերազմի արդիւնքի անմիջականութեան լոյսին տակ: Առաւելապաշտ մօտեցումները Ալիեւ ընտանիքի իշխանութեան վերահաստատման նպաստող քայլեր են, որոնք ըստ երեւոյթին կը քաջալերուին Անգարայի կողմէ: Հեռու է պատահականութեան տեսութիւնը` Պաքուի զօրահանդէսը...

Ակնարկ.  Ամերիկեան Նախաբան` Կարգաւորման  Վերաբանակցութիւններու

Ակնարկ. Ամերիկեան Նախաբան` Կարգաւորման Վերաբանակցութիւններու

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Ֆիլիփ Ռիկըրի յայտարարութիւնը, որ իր պետութիւնը  դեռ շատ հարցեր ունի Ռուսիոյ միջնորդութեամբ զինադադարի եւ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին, ուշագրաւ է տարբեր առումներով: Ան աւելցուցած է նաեւ, որ իր պետութիւնը չափազանց մտահոգ է Արցախի պատերազմին Թուրքիոյ ներգրաւուածութեամբ: Այստեղ քննադատութիւնը հիմնականին մէջ ուղղուած է Անգարային, սակայն առաջին բաժինը կը վերաբերի Ռուսիոյ Դաշնութեան: Ռիկըրի յայտարարութեան մէջ պարզ...

Խմբագրական.  Սահմանադրութեամբ Նախատեսուած  Հրաժարական` Անցնցում Փոփոխութիւններու Համար

Խմբագրական. Սահմանադրութեամբ Նախատեսուած Հրաժարական` Անցնցում Փոփոխութիւններու Համար

Հայաստանի երկրաշարժի 32-րդ տարելիցի նշումներուն ընթացքին, յիշատակի խորհուրդը այժմէական-քաղաքական հնչեղութեամբ ներկայացնելու որեւէ փորձ բնականաբար կանգ առաւ վերականգնումի հրամայականին վրայ: Հիմա ազգովին եւ իբրեւ պետականութիւն վերակազմակերպուելու, ամբողջ համակարգ մը արմատապէս վերահունաւորելու անհրաժեշտութեան առջեւ կանգնած ենք: Կառուցումը ո՛չ միայն յետերկրաշարժեան ժամանակահատուածին զուտ շինարարական առաջադրանքներ կ՛ենթադրէ, այլ նաեւ կրթական, մշակութային, ռազմական, դիւանագիտական եւ յատկապէս բարոյահոգեբանական ուղղութիւններ կը ներառէ: Երկրաշարժի կեդրոն Գիւմրի քաղաքը այսօր...

Խմբագրական.  Ապաշրջափակումէն Անդին

Խմբագրական. Ապաշրջափակումէն Անդին

Եռակողմ յայտարարութեան մէջ կը թուի, որ  ամէնէն աշխարհաքաղաքական հնչեղութիւն ունեցող կէտը Թուրքիա-Ազրպէյճան ցամաքային կամրջումի վերաբերող համաձայնութիւնն է: Յայտարարութեան 9-րդ կէտը կը բանաձեւէ` «Տարածաշրջանում բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերն ապաշրջափակուած են: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապահովում է փոխադրական կապեր Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ` երկու ուղղութիւններով քաղաքացիների, փոխադրական միջոցների եւ ապրանքների անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրական հսկողութիւնն իրականացնում են...

Խմբագրական.  Ամբողջական Հողահաւաքի Համար   (Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռի 100-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Ամբողջական Հողահաւաքի Համար (Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռի 100-Ամեակին Առիթով)

Հայ քաղաքական միտքը այս տարի բոլոր տուեալները ունէր կեդրոնանալու Սեւրի պայմանագիրի եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի 100-ամեակին վրայ: Օրեր առաջ, 22 նոյեմբերը անցաւ անշուք, ազգային-պետական ներկայ մթնոլորտին հետ կապուած իրավիճակին պատճառով: Ուիլսընի իրաւարար վճիռը համազգային եւ ինչու չէ նաեւ միջազգային մակարդակով վերարծարծելու հրամայականը ինքզինք զգալի կը դարձնէր տարբեր առիթներու: Միջազգային մամուլը յաճախ կ՛օգտագործէր Թուրքիան հալածող Սեւրի ախտանիշ ըսելաձեւը: Հիմնականը քաղաքական տրամաբանութիւնն...

Խմբագրական.  Փրկութեան Կառավարութիւն` Գերիշխանութեան Համար (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Փրկութեան Կառավարութիւն` Գերիշխանութեան Համար (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութիւններու սահմանափակումի որոշումները, բացի համավարակին հետ կապուած հանգամանքներէն, անկախութեան խորհուրդի մշուշապատման  իրականութիւնը կը յուշեն: Անկախութիւնը գերիշխան որոշումներու կայացման պետական գործիքակազմ կ՛ենթադրէ. առ այսօր Լիբանանի քաղաքական երկնակամարին վրայ չ՛երեւիր ինքնիշխան որոշումներու բնական ընթացքը: Կը թուէր, որ համավարակի եւ պայթումի ամէնէն ծանրակշիռ հետեւանքները յաղթահարելու համար Լիբանանի քաղաքական կողմերը շտապ կարգով անսային փրկութեան կառավարութեան կողմերու առաջադրանքի կոչերուն: Իրավիճակի ծանրակշռութեան տարողութիւնը կ՛ընդգծէր...

Խմբագրական.   Ստորագրուած Փաստաթուղթը Հակասահմանադրական Է

Խմբագրական. Ստորագրուած Փաստաթուղթը Հակասահմանադրական Է

Ստորագրուած յանձնուողական յայտարարութեան փաստաթուղթը արցախեան պատերազմական գօտիի սահմաններէն հեռացած է եւ ներառած Հայաստանի տարածքներուն վրայ թրքական-ազրպէյճանական պահանջներու իրականացման յանձնառութիւններ: Նման պայմաններ ընդունելով` հայկական կողմը լրիւ ներքաշուած է Ազրպէյճան-Արցախ հակամարտութեան էութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան վերափոխելու Պաքուի երկարատեւ ռազմավարական ծրագիրին մէջ: Հրադադարի պայմանականութիւնը դէպի հայաստանեան տարածքներ առաջնորդելով եւ նման պայմաններու պաշտօնական վաւերացումով, Երեւան իր համաձայնութիւնը կու տայ բանակցութիւններէն Ստեփանակերտը դուրս մղելու ազրպէյճանական առաջադրանքին: Այստեղ...

Խմբագրական. Համազգային Նոր Մեկնարկ  Ապահովելու Համար

Խմբագրական. Համազգային Նոր Մեկնարկ Ապահովելու Համար

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ ստորագրուած յանձնուողական յայտարարութիւնը յետանկախ Հայաստանի ամենապարտուողական եւ միակողմանի զիջումներ ներառող փաստաթուղթն է: Հայկական ուժերը կը հեռանան ոչ միայն բանակցային փաստաթուղթերու մէջ նշուած տարածքներէն, այլ նաեւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ կը ձգեն կարգավիճակի ճշդման համար միջազգային ընտանիքի կողմէ ընդունուած եւ նկատի առնուած քաղաքներ (նախկին ԼՂԻՄ-ի սահմաններ): Գրչի հարուածով համաձայնութիւն կը տրուի նաեւ Կոպըլի կամ Քի Ուեսթի առաջադրած Նախիջեւանէն...

Ակնարկ.  Խաղաղապահական Հանգոյցը

Ակնարկ. Խաղաղապահական Հանգոյցը

Հոկտեմբերի 30-ին Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ռոպըրթ Օ՛Պրայընը յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կ՛առաջարկեն արցախեան հակամարտութեան գօտիին մէջ սքանտինաւեան  երկիրներէ խաղաղապահներ տեղակայել: Մինչեւ այդ` նախագահ Թրամփը իր նախընտրական արշաւի ընթացքին  բարձրաձայնած էր ծրագիրի մը  մասին` արցախեան հակամարտութիւնը դիւրութեամբ լուծելու խոստումով: Թրամփի յայտարարութեան նախորդած էր արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոյի յորդորը հայերուն` պաշտպանողական արդիւնաւէտ մարտեր մղելու: Ամերիկեան խառն ուղերձներ, որոնցմէ դժուար...

Ակնարկ.  Նոր Մեկնարկ. Մեր Կշռադատումները

Ակնարկ. Նոր Մեկնարկ. Մեր Կշռադատումները

Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան գործընթացը կը թուի, որ դրական ենթահողի վրայ է: Վարչապետի նշանակումի գործնական եւ արագ եղանակը կրնայ անպայման չկրկնուիլ կառավարութեան կազմութեան առումով, այսուհանդերձ կայ որոշ քաղաքական մթնոլորտ, որ վարչապետ Հարիրի պիտի յաջողի կազմել կառավարութիւնը: Կը թուի նոյնիսկ, որ պայմանականութիւնները կառավարութեան ձեւաչափի, թիւի առումներով դասական կառչածութիւնները չունին այս փուլին: Յայտնաբար կայ միջազգային մեկնարկ եւ նաեւ անոր ներշնչումը լիբանանեան-տեղական ուժերու վրայ`...

Ակնարկ.  Քոսովօ, Խրիմ` Կարգավիճակի  Գերադասումի Միտումներ

Ակնարկ. Քոսովօ, Խրիմ` Կարգավիճակի Գերադասումի Միտումներ

Ամերիկեան նախաձեռնութիւնը հրադադարի հաստատման կ՛ենթարկուի նախորդ երկու մարդասիրական հրադադարի խախտումի ճակատագիրին: Պաքուն փաստօրէն չի կրնար տէր կանգնիլ իր յանձնառութեան: Այստեղ միանգամընդմիշտ պէտք է ըմբռնել, որ զինադուլ յարգելու կամ չյարգելու որոշումը Անգարան է, որ կը կայացնէ Պաքուի փոխարէն: Պաքուն ռազմաքաղաքական մարզին մէջ ամբողջովին յանձնուած է Անգարային: Այս իրողութեան էապէս ծանօթ են բոլոր այն կողմերը, որոնք կը նախաձեռնեն միջնորդութեամբ հրադադար հաստատելու աշխատանքին:...

Ակնարկ.  Անգարան Հանդիպումի Հրաւիրուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Մոսկուային` Սաստկացնելով Պատերազմը

Ակնարկ. Անգարան Հանդիպումի Հրաւիրուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Մոսկուային` Սաստկացնելով Պատերազմը

Հայ-ազրպէյճանական ուղղակի թէ անուղղակի բանակցութիւնները ցոյց կու տան, որ Պաքուն եթէ մինչեւ սեպտեմբերեան պատերազմը անվստահելի ոչ կառուցողական կողմ էր եւ ամէն առիթի կը խախտէր համաձայնութիւնները, այս պարագային այլեւս պարզ է, որ Պաքուն ի վիճակի չէ իր երկրին կողմէ որոշում կայացնելու կամ  այս պարագային Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կայացած պայմանաւորուածութիւն գործադրելու: Պատերազմը հրահրուած է Թուրքիոյ կողմէ. Թուրքիոյ ո՛չ միայն զինուժը, այլ նաեւ զինուորական...

Խմբագրական.  Զօրակցելու Եւ Նշելու Համար Հայութեան Յաղթանակը

Խմբագրական. Զօրակցելու Եւ Նշելու Համար Հայութեան Յաղթանակը

Լիբանանահայութիւնը  համաժողովրդային հաւաքով կ՛արտայայտէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին, պաշտպանութեան բանակին, մեր երկրորդ հանրապետութեան:  Մինչ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը նոյն նպատակով կը կազմակերպէ ինքնաշարժի զանգուածային երթ: Լիբանանի ներկայ իրավիճակը` անհեռանկար, անորոշ, տնտեսապէս փլուզուած եւ տակաւին համավարակի զարգացման նոր միտումներով  յատկանշուող, անուղղակիօրէն կը խանգարէ ցուցական, քարոզչական եւ քաղաքական աշխատանքներ այս առումով լիարժէք ծաւալելու առաջադրանքի իրականացումը: Այս բոլորով հանդերձ յատկապէս  Հայ դատի...

Ակնարկ.  Փարիզը Դուրս Կը Մղէ Անգարան

Ակնարկ. Փարիզը Դուրս Կը Մղէ Անգարան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնները` հակամարտութեան կարգաւորումը Մոսկուա-Անգարա համատեղ դերակատարութեամբ պայմանաւորելու, անպայման պիտի արձագանգուէր Ազրպէյճանի կողմէ: Եւ այսպէս. Ալիեւը պարզ դարձուց, որ բանակցութիւններուն դերակատար պէտք է դառնայ Թուրքիան: Յայտարարութիւնը ընդհանուրէն դէպի մասնակի առաջադրանքի բանաձեւում է: Խօսելով յաւերժական խաղաղութեան տեսութեան մասին` Ալիեւը շեշտած է, որ արցախեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը պէտք է ամրապնդուի աշխարհի յառաջատար երկիրներու երաշխիքներով, ընդ որում,...

Ակնարկ.  Հայկական Տեղեկատուական Առաւելութիւններ` Աշխարհաքաղաքական Նախադրեալներով

Ակնարկ. Հայկական Տեղեկատուական Առաւելութիւններ` Աշխարհաքաղաքական Նախադրեալներով

Հայկական տեղեկատուական ռազմավարութիւնը` քաղաքական, թիրախային  եւ հանրային կարծիքի ձեւաւորման առումներով, որոշ արդիւնքներու յանգած է արդէն: Պատերազմի սանձազերձման առաջին վայրկեաններէն արդէն զգալի էր հրամայականը տեղեկատուական առումով կեդրոնանալու Պաքուի նախայարձակ ըլլալու հանգամանքին վրայ: Հիմնական նշանակութիւն ունեցող այս հանգամանքին վրայ լուսարձակներ կեդրոնացնելը ո՛չ միայն պատերազմի այս փուլին կը վերաբերէր, այլ ամբողջ հակամարտութեան էութեան հետ խոր առնչութիւն ունէր: Արցախի հայութեան դէմ գոյութենական սպառնալիքի հերթական...

Խմբագրական.  Համաշխարհային Պայմաններ Եւ Հայկական Նախաձեռնութիւններ   (Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Համաշխարհային Պայմաններ Եւ Հայկական Նախաձեռնութիւններ (Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման Տօնին Առիթով)

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը կը յառաջացնէ համաշխարհային  ներկայ  պայմաններուն նկատառումով խոհեր, որոնք քաղաքական ընկալումով անպայման պէտք է պայմանաւորուին ժամանակակից գործընթացներով: Աշխարհը, կը թուի, թէ թեւակոխած է համաճարակներու պատճառով ստեղծուող իրավիճակային փուլ: Կենսոլորտային հարցերը, գիւղատնտեսական, արդիւնաբերական, ճարտարարուեստական նորարարութիւնները, ուժանիւթի գործարկման նոր եղանակները եւ կենսա-արհեստագիտութիւնը յայտնաբար տեղի կու տան նոր վարակներու ստեղծման, ծնունդին: Եւ որովհետեւ անվերջ են այս գործընթացները, անվերջ պիտի ըլլայ...

Լիբանանի Կը Սպասէ Քաղաքական  Անորոշութեամբ Խորհրդանշուող Շաբաթ Մը

Ակնարկ. Չկորսնցնել Վերջին Առիթը

Կառավարութիւն կազմելու երկշաբաթեայ ժամկէտը սպառած է: Քաղաքական հորիզոնին վրայ չ՛երեւիր փրկութեան կառավարութիւնը: Յոռետեսական կանխատեսումներ մրցավազքի մէջ են գալիք ահաւորութեան մասին նախանշումներ կատարելու առումով: Քաղաքական տրամաբանութեամբ եթէ ընդունինք, որ վերջին առիթի ընդգծումով, ֆրանսական նախաձեռնութեան գործընթացը քանի մը օրով յետաձգելով ճնշում կը բանեցուի համաձայնելու առաջադրուած կառավարական ձեւաչափին շուրջ, ապա իսկապէս անորոշ է, թէ նախաձեռնութեան ձախողութեան պարագային ի՛նչ իրավիճակ կը սպասէ այս երկրին:...

Լիբանանի Կը Սպասէ Քաղաքական  Անորոշութեամբ Խորհրդանշուող Շաբաթ Մը

Ակնարկ. Ժամկէտներ, Պայմաններ Եւ Առաջադրանքներ

Կառավարութեան կազմութեան ժամկէտը կը մօտենայ իր աւարտին: Վարչապետի նշանակման հրամանագիրին հրապարակման հետ շրջանառութեան մէջ մտաւ 15 օրուան ընթացքին կառավարութիւն կազմելու համընդհանուր, թէկուզ պայմանական, մօտեցումը: Վարչապետի նշանակման եւ կառավարութեան կազմութեան միայն չեն վերաբերիր ժամկէտները: Կան նաեւ բարենորոգման ծրագիր մշակելու քանի մը ամսուան տեւողութեան եւ ապա Ֆրանսայի նախագահի հերթական այցելութիւններու ժամկէտները` բարեկարգումներու գործնական փուլերուն գնահատման եւ ըստ այնմ միջազգային ընտանիքի դիրքորոշման պայմանականութեամբ:...

Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային  Զօրակցութիւնը Կը Շարունակուի

Խմբագրական. Հետեւողականութեամբ Վաստակուած Հեղինակութիւն

Փրկութիւն կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը կը թուի, որ փակուղիի մէջ պիտի չյայտնուի: Ահազանգային վիճակի ծանրութիւնը մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ` միջազգային ընտանիքի ճնշումը տեղի տուած են կառավարութեան կազմութեան գործընթացի կայացման: Թէկուզ դիւանագիտական ըսելաձեւերով, այնուամենայնիւ ժամկէտային եւ պայմանական առիթ տրուած է պետական գործիչներուն իրավիճակ փոխելու: Քաղաքական բանականութիւնը կը յուշէ, որ ո՛չ պատմական նշանակութիւն ունեցող ֆրանսական հոգատարութիւնը, ո՛չ վարչակառավարումը բարեկարգելը եւ ո՛չ ալ...

Խմբագրական.  Նոր Համակարգի Կոչեր. Մե՛ր Հայեցակէտերը

Խմբագրական. Նոր Համակարգի Կոչեր. Մե՛ր Հայեցակէտերը

Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի նախաշեմին Հանրապետութեան նախագահը, իր ուղերձով կոչ կ՛ուղղէր պատմական իրերը կոչելու իրենց անուններով: Այլ խօսքով, ուղղակի սլաքներով կը մեղադրէր Օսմանեան կայսրութիւնը` Լիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ, ջարդարարական եւ ցեղային զտման քաղաքականութիւն կիրարկած ըլլալու յանցանքով: Անգարան կը հակազդէր ամենաբարձր ատեաններով. ոչ միայն Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը, այլ Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդականը բացատրութիւն կը պահանջէր պաշտօնական Պէյրութէն: Պէյրութը, գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ,...

Page 35 of 62 1 34 35 36 62

Արխիւներ