Խմբագրական

Editorial

Խմբագրական.  Նախընտրական Խոհեր

Խմբագրական. Փրկութեան Կառավարութեան Հրամայականը

Միջազգային, շրջանային եւ լիբանանեան մակարդակներու վրայ Լիբանանի քաղաքական գործընթացներուն վերաբերող յայտարարութիւններն ու մամլոյ հրապարակումները կ՛ընդգծեն պայմանական մօտեցում մը` միջազգային ընտանիքէն դէպի լիբանանեան բեմ: Թէեւ երեւցող կողմը միջազգային ընտանիքին  կողմէ Ֆրանսան է, որ աշխուժ միջնորդութիւն կատարելով փորձ կը կատարէ հանգուցալուծում ապահովելու, այդուհանդերձ կայ համոզում, որ անիկա բոլորովին ինքնուրոյն չի շարժիր Լիբանանի մէջ: Մինչ, Փարիզը սուրիական, իրաքեան թատերաբեմերէն իր բացակայութիւնը կ՛ուզէ հակակշռել...

Ակնարկ.   Յետցնցումնային Քարտէսի Ուրուագծումը

Ակնարկ. Յետցնցումնային Քարտէսի Ուրուագծումը

Նաւահանգիստի պայթումին` պատահար թէ՞ ծրագրաւորուած խափանարարութիւն ըլլալու իրականութեան բացայայտումը կը թուի, որ երկրորդական նշանակութիւն կը ստանայ: Քաղաքական տրամաբանութեամբ նման իրավիճակ դուռ կը բանայ քաղաքական մեծ քայլերու, նոր գործընթացներու: Որքան ալ ոչ բարոյական հնչէ, այնուամենայնիւ լայնածաւալ եւ աշխարհի ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացուցած պատահարներ լիարժէք կ՛օգտագործուին աշխարհաքաղաքական ծրագիրներ գործարկելու: Այս պատճառով ալ իրականութեան բացայայտումէն աւելի շահագրգիռ է հետաքննութեան լիբանանեա՞ն, թէ՞ միջազգային բնոյթը:...

Ակնարկ. Կը Յաղթահարենք Նաեւ Ա՛յս Փուլը

Երկրաշարժի համազօր պայթումը ծայր աստիճան տագնապահար վիճակի հասցուց երկիրը իբրեւ պետութիւն եւ իբրեւ հասարակութիւն: Անկախ պայթումի բուն շարժառիթներուն յայտնաբերումէն, յետցնցումային նոր իրավիճակ պիտի ստեղծուի նաեւ քաղաքական հարթութեան վրայ: Լիբանանը երկար ամիսներէ ի վեր տարածաշրջանային քաղաքականութեան հետ կապուած օրակարգերու պատճառով շրջափակուած է: Արգելակուած են ամէն տեսակի օժանդակութիւն, աջակցութիւն երկրին հասցնելու բոլոր տեսակի ֆինանսական եւ տնտեսական գործընթացները: Հիմա աղէտի գօտիի յայտարարութեամբ կ՛ակնկալուի...

Ակնարկ.  Չափորոշիչներ

Ակնարկ. Չափորոշիչներ

Կրթական բարեփոխումներու եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հայ գրականութեան վերաբերող նախագիծը ստեղծած է թէժ մթնոլորտ հայրենիքի մէջ: Կարելի է տեսականօրէն ընդգծել,  որ արմատական իշխանափոխութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ հիմնական փոփոխութիւններու կը ձգտի եւ քաղաքական  վարքագիծը առանցքային կը դարձնէ տարբեր մարզերու եւ զանոնք ղեկավարող գերատեսչութիւններու աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ: Որեւէ հիմնական փոփոխութիւն տեղի կու տայ բանավէճերու, գաղափարներու, տեսակէտներու, նոյնիսկ հասկացողութիւններու առումով միտքերու...

Խմբագրական.  Սպիտակ Բանակն Ու Պատերազմը  Յաղթելու Նոր Հնարաւորութիւնը

Խմբագրական. Սպիտակ Բանակն Ու Պատերազմը Յաղթելու Նոր Հնարաւորութիւնը

Լիբանանեան բանակի օրուան նշումը եթէ մէկ կողմէ փառատօնային առումով իբրեւ տարողութիւն համեմատաբար անշուք է, միւս կողմէ, սակայն, անշքութիւնը պատճառած համավարակի պայմաններուն հետ առնչուելով, ուղերձներ կը պարփակէ: Վարակի դէմ պայքարը եւս պատերազմ է: Նոր տեսակի պատերազմ` կենսաբանական բնոյթով, որ նոր տեսակի զինուորներու, նոր տեսակի կանխագիլման զէնքերու եւ նոր տեսակի ռազմավարական մօտեցումներու կարիք ունի: Այստեղ պատուաստանիւթի գիւտի մրցապայքարը, նախազգուշական միջոցներու ձեռքբերումը, հայթայթումն...

Ակնարկ.    Չէզոքութեան Հռչակումէն Առաջ

Ակնարկ. Չէզոքութեան Հռչակումէն Առաջ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութիւնը կրնար ուղենշային իմաստ ստանալ այն առումով, որ գործող կառավարութեան օրով առաջին անգամն է, որ գերտէրութեան մը բարձրաստիճան պաշտօնատարը կը ժամանէ Լիբանան` ճգնաժամային պայմաններու մէջ բանակցութիւններ վարելու համար: Ակնկալութիւնը պարզ է: Ճեղքել տնտեսական պաշարումը եւ վերագործարկել օժանդակութիւններու ծրագիրը: Ֆրանսայի պաշտօնական կարգախօսը` «Օգնեցէ՛ք մեզի, որպէսզի կարենանք օգնել ձեզի» տեսքով, բարեկարգչական խնդիրներու կը վերաբերի: Լիբանան պէտք է...

Խմբագրական.   Լիզպոնը Եւ Անգարայի Բարձրագոյն Նիստերը

Խմբագրական. Լիզպոնը Եւ Անգարայի Բարձրագոյն Նիստերը

Յեղափոխական աւանդներու վերադարձով յատկանշուող  գործողութիւններու բարձրակէտը հանդիսացող Լիզպոնի հերթական ոգեկոչումը այս տարի իր վրայ կը հրաւիրէ քաղաքական կարեւոր դիտարկումներ: Անցեալ ամիս Թուրքիոյ նախագահին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Խորհրդատուական բարձրագոյն մարմինի նիստ` յատկացուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւը չէզոքացնելու միտուած օրակարգին: Երէկ Անգարայի պաշտօնական լրահոսը կը հաղորդէր, որ Թուրքիոյ անվտանգութեան խորհուրդը քննարկած է Ազրպէյճան-Հայաստան պետական սահմանագօտիին մէջ արձանագրուող դէպքերը: Հայկական գործօնը օրակարգի թեմա...

Խմբագրական.  Ցանցային Առաւելութիւններ Եւ Հայկական  Գերակայութիւն

Խմբագրական. Ցանցային Առաւելութիւններ Եւ Հայկական Գերակայութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւմտեան սահմանագօտիին մէջ արձանագրուած ռազմական գործողութիւնները, յատկանշուած ազրպէյճանական յարձակողապաշտ արկածախնդրութեամբ, շեշտեցին հրամայականը հայկական կողմին համար ցանցային նպատակաուղղուած աշխատանքներու շտապ ձեռնարկման: Նկատելի էր թշնամի կողմէն թուրքեւազրպէյճանական համակարգումը: Դրսեւորուած` Անգարայի բարձրագոյն մակարդակներէ արագ արձագանգումներով, Թուրքիոյ  ներգրաւուածութեան չափով, յայտարարութիւններու առաստաղի բարձրութեամբ,  Եւրոպայի մէջ հակահայ ցոյցերու միացեալ կազմակերպումներով եւ բողոքի գործողութիւններու կողք-կողքի կանգնումով: Արդի պատերազմական գործողութիւնները ընդհանրապէս կը բնութագրուին իբրեւ հիպրիտային: Ռազմականին...

Ակնարկ.  Սահմանագօտիի Հրահրումով Անգարան Նոր Գործարք Կ՛առաջարկէ Մոսկուային

Ակնարկ. Սահմանագօտիի Հրահրումով Անգարան Նոր Գործարք Կ՛առաջարկէ Մոսկուային

«Մէկ ազգ երկու պետութիւն» առաջադրանքին ընդառաջ Պաքուի եւ Անգարայի վարիչներուն կատարած յայտարարութիւններուն մէջ ռազմավարական մօտեցումի առումով առանցքային զուգահեռները ակներեւ են: Ալիեւի համար ազրպէյճանցի ժողովուրդը յոգնած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ անիմաստ բանակցութիւններէն, եւ միջնորդները ատիկա պէտք է հասկնան: «Ազրպէյճանցի ժողովուրդը յոգնած է այս անիմաստ բանակցութիւններէն: Այդ իսկ պատճառով, բոլոր անոնք, որոնք այս օրերուն իրենց միջնորդական առաջարկները կը կատարեն, թող մտածեն...

Ակնարկ.  Էրտողանի Հրամանագիրին Թիրախը Յունաստանն Է

Ակնարկ. Էրտողանի Հրամանագիրին Թիրախը Յունաստանն Է

Սուրբ Սոֆիան վերստին մզկիթի վերածելու Էրտողանի հրամանագիրը անշուշտ տարբեր թիրախներ հարուածելու նպատակը կը հետապնդէ: Եթէ ներքին սպառման համար Անգարայի վարիչը դիրքեր ամրապնդելու, ուժ ցուցադրելու եւ համաթրքական տարածականութեամբ  վարկանիշի մրցանշային կէտեր կ՛ուզէ ապահովել, ապա համիսլամական աշխարհին մէջ ախոյեան եւ իսլամ զանգուածներու առաջնորդը հանդիսանալու յաւակնոտ քայլ կ՛առնէ: Առաջին անգամը չէ, որ Սուրբ Սոֆիայի ուղղութեամբ նման ոտնձգութիւններ կը կատարուին: Ասկէ առաջ եւս իսլամական...

Ակնարկ.  Պարտադիր Արեւելումներ

Ակնարկ. Պարտադիր Արեւելումներ

Համաշխարհային առումով կը թուի, որ տնտեսական պատերազմը Ուաշինկթըն-Փեքին յարաբերակցութեամբ կ՛ընթանայ: Տնտեսական բեւեռի վերածուած Չինաստան բոլոր ոլորտներուն մէջ ազգային տնտեսութիւն կայացուցած պետութիւն է, որ արտահանման հսկայական տարածականութիւն գրաւած է արդէն: Փոխուող աշխարհակարգին մէջ կենսաբանութիւնը գերակայ ուղղութիւն է յայտնապէս: Ոչ անպայման բնապահպանութեան դասական ընկալումով  յատկանշուող քաղաքական ուժերու յառաջընթացի իմաստով, այլ  յատկապէս վարակաբանական շեշտադրումներով: Պսակաձեւ ժահրին ստեղծած համաշխարհային իրավիճակը կը յուշէ, որ աշխարհը...

Խմբագրական.    Սահմանադրական Փոփոխութեան Ձեռնարկելէ Առաջ

Խմբագրական. Սահմանադրական Փոփոխութեան Ձեռնարկելէ Առաջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան օրուան նշումներուն առիթով,  իբրեւ հրատապութիւն ներկայանցող հարց, առաջին հերթին լուսարձակ կը  խլէ սահմանադրական վիճարկելի փոփոխութիւններու գործընթացը, որուն ձեռնարկեցին իշխանութիւնները: Անկախ իրաւագիտական հարթութեան վրայ ծաւալած վէճերէն, հակոտնեայ մեկնաբանութիւններէն, տնօրինումներուն օրինականութիւնը հաստատող թէ մերժող դիրքորոշումներէն, կան սուր հարցականներ, որոնք տակաւին կը մնան անպատասխան: Սահմանադրական դատարանին վերաբերող փոփոխութիւններու իրաւասութիւնը հանրաքուէո՞վ, թէ՞ խորհրդարանով կարելի է կատարել: Սակայն պահ մը փորձենք շրջանցել...

Ակնարկ.  Կը Մերժուի Գրաքննութիւնը, Կ՛արտօնուի  Միջամուխ  Ըլլալը

Ակնարկ. Կը Մերժուի Գրաքննութիւնը, Կ՛արտօնուի Միջամուխ Ըլլալը

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ներլիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն գնահատական տալը նախադէպեր ունէր: Հիմա իրաւական դաշտ բերելու փորձ կը կատարուի միջազգային համաձայնագիրներով եւ Վիեննայի պայմանագրութեամբ ամրապնդուած դիւանագիտական ընդունուած կարգերու խախտումի հերթական երեւոյթ մը: Զգացական հակազդեցութիւն կամ պատահականութիւն չէ լիբանանցի քաղաքացիին կողմէ դատ յարուցելը եւ դատաւորին կողմէ այդ բողոքին ընթացակարգ որոշելը: Իրաւաչափ է նման բողոքի դատական իրաւակարգի որոշում կայացնելը:...

Ազգային Հանդիպումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կասեցնելու Լիբանանի Քաղաքացիական Անվտանգութեան Սպառնացող Ամէն Տեսակի Սադրանք` Ընդգծելով, Որ Այդ Սադրանքներուն Դէմ Դնելը Լիբանանեան Հաւաքական Պատասխանատուութիւն Է

Խմբագրական. Բացառե՛լ Առաջին Ընտրանքը

Հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութիւնը համալիբանանեան խորհրդակցութիւն կազմակերպելու առումով բախեցաւ որոշ դժուարութիւններու: Ներլիբանանեան հեռակայ բանավէճերը, փոխադարձ մեղադրանքները, հեռակառավարելիութեան իրողութիւնը եւ միջհամայնքային լարուածութեամբ յառաջացած գրեթէ նախաբախումնային կացութիւնը խոչընդոտներ էին, որ թէ՛ ձեւաչափով եւ թէ՛ բովանդակութեամբ արագօրէն կայանար համալիբանանեան խորհրդակցութիւնը: Ասով հանդերձ առնուած քայլը օրինաչափ էր եւ ակնկալելի` հանրապետութեան նախագահին կողմէ: Քաղաքացիական անհնազանդութեան բողոքի դրսեւորումներէն մինչեւ համակարգային փոփոխութեան պահանջ, լիբանանեան դրամանիշի գահավիժումէն մինչեւ զանգուածային...

Ակնարկ.  Յայտարարուած Եւ Չյայտարարուած Օրակարգերը

Ակնարկ. Յայտարարուած Եւ Չյայտարարուած Օրակարգերը

Թուրքիոյ նախագահին գլխաւորութեամբ եղած խորհրդակցական նիստի երեւոյթը բնականաբար որոշ դիտարկումներ կը հրաւիրէ իր վրայ: Նախ անշուշտ հրապարակումը: Նման խորհրդակցութիւն հրապարակայնացնելու որոշումը նախագահի մակարդակով կ՛ըլլայ միայն: Փաստօրէն յատուկ յայտարարութիւն կատարած է այս մասին նախագահական աշխատակազմի հաղորդակցութեան բաժինի ղեկավարը: Հրապարակայնացնելով իրադարձութիւնը, Անգարան քանի մը ուղղութեամբ ուզած է ուղերձ յղել: Նախ ներքին` այն առումով, որ կառավարութիւնը կը նախապատրաստուի դէմ դնելու Ցեղասպանութեան ճանաչման հետագայ...

Ակնարկ.   95-րդ Յօդուածը Խախտողները

Ակնարկ. 95-րդ Յօդուածը Խախտողները

Խորհրդարանական երկրորդ ուժի եւ խորհրդարանական ընդդիմութեան առաջին ուժի ղեկավարին նկատմամբ կիրարկուած տնային խուզարկութիւնները, հարցաքննութիւնները, անձեռնմխելիութիւնը վերցնելու դատախազական դիմումն ու Ազգային ժողովի քուէարկութիւնը ալեկոծած են թէ՛ խորհրդարանական, թէ՛ հասարակական եւ թէ՛ ընդհանրապէս ժողովրդային դաշտերը: Պարզ է, որ քրէական իրաւակարգի մեկնարկի որոշումի ժամանակը բազում մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանայ, ընդ որում տրամագծօրէն հակոտնեայ. մէկ կողմէն կը մեկնաբանուի, որ իշխանափոխութիւն առաջադրելու ԲՀԿ-ի առաջնորդին կոչին...

Խմբագրական.  Թրքական Յենարաններ Լիբանանի Մէջ

Խմբագրական. Թրքական Յենարաններ Լիբանանի Մէջ

Լիբանանեան հեռատեսիլի կայանի յայտագիրին յաջորդած գրգռիչ ելոյթը կարելի է համարել անմիջական հակազդեցութիւն: Հետեւաբար` ոչ ծրագրուած սադրանք յառաջացնելու նախապատրաստուած մարտավարական քայլ: Խնդիրը այս պարագային ընկերային ցանցերու վրայ շատ արագ բռնկումն է եւ հետզհետէ նաեւ այդ թեմաներու շահարկումը հոգեւոր -հասարակական կեդրոններու կողմէ: Այս արդէն կը նշանակէ, որ պարարտ հող ձեւաւորուած է Թուրքիան հարուածող որեւէ տեղեկատուական քայլի դիմաց վայրագ հակայարձակում կազմակերպելու: Նման ենթահողի...

Խմբագրական. Տխուր Զուգահեռներ

Խմբագրական. Տխուր Զուգահեռներ

Հայաստանի Հանրապետութեան գործող սահմանադրութեան էական իրաւադրոյթներէն կը նկատուի հակակշիռ գործողութիւններու օրէնսդրական դաշտին մէջ ձեռնարկելու կարելիութեան ընձեռումը: Սկսեալ` անկախ  խորհրդարանական ընտրութիւններուն ապահոված արդիւնքներէն, ընդդիմութեան համար նախօրօք ճշդուած չափաբաժինէ մինչեւ խորհրդարանական յանձնախումբերու մէջ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու մասնաբաժիններու ամրագրումը: Բոլորը նպատակ ունին պետական համակարգի յաւելեալ ժողովրդավարացումը եւ այդ առաջադրանքին հասնելու համար հակակշռող պետական հաստատութիւններու կայացումը: Այսպէս է պարագան եւրոպական շատ մը երկիրներու եւ պատահական...

Ակնարկ.   Լիբանանը Դէպի Նոր Ճամբաբաժան

Ակնարկ. Լիբանանը Դէպի Նոր Ճամբաբաժան

Ակնկալելի էր, որ արտակարգ դրութենէն դէպի կեանքի բնականոն հուն վերադարձին համընթաց վերստին աշխուժանային բողոքի գործողութիւնները: Համակողմանիօրէն կայ գիտակցութիւն, որ Լիբանանի պարագային ի տարբերութիւն աշխարհը հարուածած պսակաձեւ ժահրին ստեղծած համատարած իրավիճակներուն, խնդիրը ըստ էութեան այլ բնոյթ ունի եւ ժահրին ստեղծած տագնապէն շատ աւելի առաջ ձեւ ու մարմին ստացած էր արդէն: Պսակաձեւ ժահրի յաղթահարման համար յայտարարուած միջոցները պարզապէս կը յետաձգէին այն, ինչ...

Ակնարկ.  «Երազ Մը Ունիմ»-էն Մինչեւ «Չեմ Կրնար Շնչել» Կամ` Աջի Եւ Ձախի Պայքարի Վերադարձը

Ակնարկ. «Երազ Մը Ունիմ»-էն Մինչեւ «Չեմ Կրնար Շնչել» Կամ` Աջի Եւ Ձախի Պայքարի Վերադարձը

Մինիափոլիսի դէպքը արագօրէն դուրս եկաւ Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն եւ յայտնուեցաւ աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտին: Կը թուէր, որ Մարթին Լութըր Քինկով սկսած ցեղերու իրաւահաւասարութեան շարժումը շատ ճամբայ կտրած է եւ խտրականութիւնը սահմանադրութեամբ, օրէնքով եւ քաղաքական թէ հասարակական-ընկերային մարզերու մէջ հիմնովին չէզոքացուցած: Սպիտակ-սեւի բաժանարար գիծերը ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ վաղուց ջնջուած կը թուէին ըլլալ: Աշխարհաքաղաքական ժամանակակից գործընթացներու...

Page 36 of 62 1 35 36 37 62

Արխիւներ