Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հայկական Տեղեկատուական Առաւելութիւններ` Աշխարհաքաղաքական Նախադրեալներով

Հոկտեմբեր 1, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական տեղեկատուական ռազմավարութիւնը` քաղաքական, թիրախային  եւ հանրային կարծիքի ձեւաւորման առումներով, որոշ արդիւնքներու յանգած է արդէն:

Պատերազմի սանձազերձման առաջին վայրկեաններէն արդէն զգալի էր հրամայականը տեղեկատուական առումով կեդրոնանալու Պաքուի նախայարձակ ըլլալու հանգամանքին վրայ: Հիմնական նշանակութիւն ունեցող այս հանգամանքին վրայ լուսարձակներ կեդրոնացնելը ո՛չ միայն պատերազմի այս փուլին կը վերաբերէր, այլ ամբողջ հակամարտութեան էութեան հետ խոր առնչութիւն ունէր: Արցախի հայութեան դէմ գոյութենական սպառնալիքի հերթական արարն է, որ կը փորձէ իրականացնել Պաքուն: Հայկական կողմը կը կանխարգիլէ իր դէմ ծրագրուած ցեղասպանական գործողութիւնները:

Նախայարձակ ըլլալու հանգամանքը ազրպէյճանական ինքնախոստովանանքներ ունի: Երկու շաբաթէ ի վեր Ազրպէյճանի նախագահը կը խօսի բանակցային գործընթացի սպառած ըլլալուն եւ ուղղակի` խնդիրը ռազմական միջոցով լուծելու մասին: Այս առումով շատ են տուեալները, որոնք կը ներկայացուին ազրպէյճանական նախայարձակողականութիւնը փաստելու առումով:

Ազրպէյճանական ուժերու կողմէ բնակավայրերու դէմ հրթիռակոծումները եւ քաղաքացիական անձերու զոհուիլը շատ արագ բարձրաձայնուեցան թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն կողմէ: Աւելի՛ն, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը ընթացք տուած է հայկական կողմի դիմումին` փաստահաւաք ներկայացնելու քաղաքացիներու դէմ կիրարկուած զինուորական գործողութիւններու մասին: Այս գործընթացները կը զուգակցուին միջազգային լրատուական լայն հնչեղութեամբ:

Ամէնէն կարեւոր բաղադրիչը սակայն Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան մասին միջազգային մամուլի աննախադէպ տարողութեամբ արձագանգն է: Հայկական գերատեսչութիւններու եւ առհասարակ լրատուամիջոցներու այս մասին կատարուող բարձրաձայնումները ունին քաղաքական նպաստաւոր ենթահող: Տաւուշեան դէպքերէն սկսեալ Անգարայի սպառնալիքներու առաստաղի բարձրացումը, թրքական վերահսկողութեան տակ գտնուող սուրիական տարածքներէ ահաբեկիչ տարրերու տեղափոխումը Ազրպէյճան, թրքական զինական արհեստագիտութեան տրամադրումը, մէկ ազգ երկու պետութիւն բանաձեւի ռազմական գործնական դրսեւորումները, թրքական օդուժի մասնակցութիւնը եւ այդ բոլորի ընթացքին թուրք սպայակոյտի խօսակցութիւններու արձանագրութիւնները հայկական կողմէն կը ներկայացուին միջազգային կարծիքին:

Այս բոլոր տուեալները պարզ են ու համոզիչ: Թրքական ներգրաւուածութեան դատապարտանքի միջազգայնացումը սակայն ունի աշխարհաքաղաքական ենթահող: Պաշտօնական յայտարարութիւնները ընդհանուր համապատկերին մէջ անհեթեթ հաւասարեցումի, հակամարտող կողմերուն նոյն կոչը յղելու դասական մօտեցումներով առկայ է: Եւ այստեղ եւս պէտք է նկատել ինչպէս Մոսկուայի, այնպէս նաեւ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու երրորդ կողմին ուղղուած զգուշացումները: Իսկ այս երեքը արդէն մտաբերել կու տան միջնորդական ձեւաչափը: Տեղեկատուական դաշտը, ի տարբերութիւն պաշտօնական պետականին, շատ աւելի կը բարձրաձայնէ, կը վերլուծէ եւ կը մեկնաբանէ Անգարայի դերակատարութիւնը, մասնակցութիւնը եւ խաղի կանոններ փոխելու մտադրութիւնը: Հակաթուրք տրամադրութիւններու աշխարհագրութիւնը ընդարձակուած  է Միջին Արեւելքէն մինչեւ հիւսիսային Ափրիկէ, Եւրոպայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ: Համատարած այս աշխարհագրութեան քաղաքական մօտեցումներուն արտացոլացումը միջազգային մամուլին մէջ պարզ է: Այնպէս է, որ հայկական կողմի կասեցումը թրքական յառաջխաղացքին կ՛առաջադրեն Անգարայի դէմ զինուորական, քաղաքական եւ տեղեկատուական  առումով կռիւ մղող թէ՛ միջինարեւելեան, թէ՛ ափրիկեան եւ թէ՛ որոշ առումներով ամերիկեան կողմերը:

Երրորդ զգայուն բաղադրիչը Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչութեան տարհանման գործողութիւններն են: Այս հանգամանքը եւս, որքան ալ որ անոր սուր հնչեղութիւն տալու փորձ կը կատարէ հայկական կողմը, նման արձագանգում չէր ունենար միջազգային մամուլին մէջ, եթէ չըլլային Անգարային հակադրուած կողմերու քաղաքական դիրքորոշումները: Թուրքիա միջազգային մամուլի ամէնէն հեղինակաւոր ներկայացուցիչներուն կողմէ ահաբեկչութեան սատարող, ահաբեկչութիւնը հովանաւորող եւ ահաբեկիչները պատանդուած վիճակի մէջ պահող երկիր է, որ նման պարագաներու կ՛օգտագործէ: Հսկայական են նաեւ այն նիւթերը, որոնք կը խօսին ահաբեկիչներու ինքնախոստովանանքներու մասին:

Տեղեկատուական անվտանգութեան առումով սադրիչ գործողութիւններ ու փորձ կատարեց թուրքեւազրպէյճանական միացեալ գործիքակազմը` քանդելով պետական եւ ոչ պետական լրատու գործակալութիւններուն կայքերը: Կայքերու վերականգնումի աշխատանքները շատ արագ ընթացան: Այժմ անխափան կը շարունակեն գործել հայկական պաշտօնական եւ լրատուական կայքերը: Որոշ ժամանակահատուածի համար չգործարկուեցան Ազրպէյճանի յատկապէս պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու պաշտօնական կայքերը: Կայքահէններու պատերազմը պիտի շարունակուի անշուշտ:

Թուրքեւազրպէյճանական միացեալ տեղեկատուական քարոզչամեքենան կարճաժամկէտ կտրուածքով որոշ խնդիրներ կը փորձէ լուծել: Ընդհանուր առումով հայկական առաւելները տեսանելի են այս գետնի վրայ: Միջազգային լրատուադաշտը ուղղակի թէ անուղղակի կը խօսի Ազրպէյճանի թրքական գաղութայնացման, շահարկուելուն եւ այս բոլորին ետին` թրքական գործօնի նկրտումներուն մասին:

«Ա.»

Նախորդը

Արցախի Դէմ Յարձակողական Գործողութեան Օդային Ղեկավարումը Ստանձնած Են Թուրքիոյ Ռազմաօդային Ուժերը. Հայկական Զօրքերը Հերոսաբար Ետ Կը Մղեն Թշնամիին Գրոհները

Յաջորդը

«Քորոնա» Համավարակը Կը Շարունակէ Իր Սրընթաց Սլացքը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?