Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Փրկութեան Կառավարութիւն` Գերիշխանութեան Համար (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Նոյեմբեր 21, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութիւններու սահմանափակումի որոշումները, բացի համավարակին հետ կապուած հանգամանքներէն, անկախութեան խորհուրդի մշուշապատման  իրականութիւնը կը յուշեն: Անկախութիւնը գերիշխան որոշումներու կայացման պետական գործիքակազմ կ՛ենթադրէ. առ այսօր Լիբանանի քաղաքական երկնակամարին վրայ չ՛երեւիր ինքնիշխան որոշումներու բնական ընթացքը:

Կը թուէր, որ համավարակի եւ պայթումի ամէնէն ծանրակշիռ հետեւանքները յաղթահարելու համար Լիբանանի քաղաքական կողմերը շտապ կարգով անսային փրկութեան կառավարութեան կողմերու առաջադրանքի կոչերուն:

Իրավիճակի ծանրակշռութեան տարողութիւնը կ՛ընդգծէր գէթ անգամուան մը համար շրջել կառավարութիւն կազմելու աւանդական եղանակի առեւտուրի սեղանը եւ գերադասել փրկութիւնը: Որոշող տարրերը, հերթական անգամ արգելակեցին փրկութիւնը, իսկ փրկութիւնը պայմանաւորուած չէ անկուսակցականութեամբ, զուտ մասնագիտականացած կազմով կամ համայնքային համակարգի փոփոխութեան նախապայմանով: Փրկութեան կենսատարրը ազգային համաձայնութիւնն է, իսկ ազգային համաձայնութեան գոյացման երաշխիքը` համայնքներու եւ անոնց քաղաքական ուժերուն միջեւ կայանալիք պարտադիր համախոհութիւնն է, փրկելու հաւաքական գիտակցութեան իրացումը: Անկէ ետք ինչ ձեւաչափ եւ բովանդակութիւն ալ ունենայ գործադիր իշխանութիւնը, ամուր նախադրեալներ կ՛ունենայ իրականացնելու համար փրկութեան աշխատանքը: Այլապէս, երբ չկայ ազգային համաձայնութիւնը, զուտ տեսական սահմաններու մէջ կը մնայ ամէնէն մասնագիտական մարդուժով կազմուած կառավարութիւնը:

Փրկութիւնը, ուրեմն, նախ ազգային գիտակցութեան ձեւաւորումն է, ապա ինքնուրոյն որոշում կայացնելու կամքի դրսեւորումը եւ անոնց հիման վրայ այդ բոլորին գործնականացումը:

Պայմանները թոյլատու չեղան նաեւ արժանաւորապէս նշելու Մեծն Լիբանանի հիմնադրութեան 100-ամեակը: Պատմական դրուագներու վերհանումը, անոնց արդիական հնչեղութիւն տալը հերթական անգամ պիտի համոզէր, թէ ովքեր էին եւ ե՛ն այս երկրին եւ իր ժողովուրդին անվտանգութեան, խաղաղ արարման հիմնական սպառնացողները:

Թէկուզ այս պայմաններուն մէջ, այնուամենայնիւ Լիբանանը պիտի նշէ 100-ամեայ յոբելեանը:

Հանրապետութեան նախագահը այս առիթով հրապարակած ուղենշային ուղերձը կարեւոր  փոխանցումներ կը կատարէր: Իրերը կոչել իրենց անուններով, ընդգծել այն ջարդարար քաղաքականութիւնը, որ կիրարկուեցաւ լիբանանցի ժողովուրդին  նկատմամբ եւ մանաւանդ անոր տայ այժմէական հնչեղութիւն, ի վերջոյ ընդգծելու համար, որ գաղութայնացում  իրականացուցած բռնատիրութեան դէմ պայքարեցան Լիբանանի գերիշխանութիւնը առաջադրողները:

Եւ այս առումներով Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի նշումը զուտ պատմական իրադարձութեան մը յոբելեանի մէջ չի սահմանափակուիր: Կը նպաստէ ազգային հաւաքական գիտակցութեան ձեւաւորման, ինքնուրոյն որոշումներու կայացման գործընթացին եւ այդ բոլորէն ետք` Փրկութեան կառավարութեան կազմութեան:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ ՀԵՄ. «Մեզ Լռեցնելը Անկարելի Է»

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութիւն-Թուրլիա Անջատումը Կը Խորանայ, Յարաբերութիւնները Կը Մօտենան Բեկումնային Պահուն» Կ՛ըսէ Պորել

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?