Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Համազգային Նոր Մեկնարկ Ապահովելու Համար

Նոյեմբեր 12, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ ստորագրուած յանձնուողական յայտարարութիւնը յետանկախ Հայաստանի ամենապարտուողական եւ միակողմանի զիջումներ ներառող փաստաթուղթն է: Հայկական ուժերը կը հեռանան ոչ միայն բանակցային փաստաթուղթերու մէջ նշուած տարածքներէն, այլ նաեւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ կը ձգեն կարգավիճակի ճշդման համար միջազգային ընտանիքի կողմէ ընդունուած եւ նկատի առնուած քաղաքներ (նախկին ԼՂԻՄ-ի սահմաններ): Գրչի հարուածով համաձայնութիւն կը տրուի նաեւ Կոպըլի կամ Քի Ուեսթի առաջադրած Նախիջեւանէն Թուրքիա ցամաքային կամուրջի կամ գերիշխան ճանապարհի հարթումին: Ռուսական խաղաղապահները կը ժամանեն Արցախ, եւ պաշտօնապէս կը յայտարարուի, որ Արցախեան գօտիի ազրպէյճանական կողմին մէջ կը հաստատուի թուրք եւ ռուս զինուորական գործողութիւններու համակարգման կեդրոն: Տակաւին. հայաստանեան տարածքէն ազրպէյճանական մարզի վերադարձի յանձնառութիւններ արձանագրուած են այս բոլորին մէջ:

Մոսկուան եւ Անգարան կը ստանան իրենց առաջադրածները: Համանախագահ Միացեալ Նահանգները եւս Նախիջեւան-Ազրպէյճան ճանապարհով կ՛առարկայացնեն այն, ինչ որ մերժուած էր իբրեւ Կոպըլի ծրագիր կամ կեանքի չէր կոչուած Քի Ուսեթի մէջ. երկուքն ալ` ամերիկեան նախաձեռնութիւն: Համանախագահներէ դուրս կը մնայ Ֆրանսան, որ այս տխրահռչակ յայտարարութենէն ետք վերստին աշխուժացման միտումներ կը դրսեւորէ:  Նախագահ Մաքրոնը կը յայտարարէ Պաքու եւ Երեւան իր շուտափոյթ այցելութեան մասին` ընդգծելով, որ այս բոլորին մէջ պէտք է նկատի առնուին Հայաստանի շահերը, մինչ իր արտաքին գործոց նախարարը կը յորդորէ կողմերուն` անցնիլ կարգաւորման բանակցութիւններուն:

Ստորագրուածը հրադադարի հաստատման համար միակողմանի զիջումներով ստորագրուած փաստաթուղթ է. պիտի յաջորդեն, սկզբունքով,  կարգաւորման բանակցութիւնները`  տեսականօրէն յանգելու համար խաղաղութեան համաձայնագիրի: Հայաստանը, սակայն,  բանակցային դիրքերու իր առաւելութիւնները կորսնցուցած կարգավիճակով պիտի մասնակցի բանակցութիւններուն: Փոխզիջումի բանաձեւը այս պայմաններուն մէջ կորսնցուցած է իր նշանակութիւնը: Հայկական կողմը զիջելու բաժին չունի իր զինանոցին մէջ: Տեսականօրէն չի բացառուիր, որ կարգաւորումը հրադադարի յայտարարութեան նման պիտի բաւարարէ Մոսկուայի, Անգարայի եւ Միացեալ Նահանգներու առաջադրանքները կամ անոնց միջեւ պիտի յանգի աշխարհաքաղաքական գործարքի: Եթէ անշուշտ անոնց միջեւ շահերու բախման նոր կէտեր չստեղծուին նոյն տարածաշրջանին թէ աշխարհագրական այլ միջավայրերու մէջ:

Եթէ անգամ ընդունինք, որ փաստաթուղթը պարտադրուած էր, թէ թշնամիին սպառազինութիւնը անհամեմատ էր, թէ զինուորական փորձագիտական յորդորը ամէն գնով պատերազմի դադրեցման հրամայականն էր, թէ մնացածը պահելու որոշումի այլընտանքի բացակայութիւնն էր, այնուամենայնիւ, որեւէ համոզիչ պատասխան չունին` ստորագրութեան որոշումի գաղտնիութիւնը, մինչ այդ բոլոր ուժերը համատեղելու, համախմբելու առաջարկներուն անտեսումը, պատասխանատուութիւնը համազգային ձեւով  ստանձնելու ահազանգի շրջանցումը:

Շատ հասկնալի են  եւ արդարացուած այս բոլորէն ետք ժողովրդային յուզական ալիքի բարձրացումը, հրաժարականի  պահանջները, յայտարարութեան փաստաթուղթը մերժելու ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքներու ծրագրումները:

Իշխանութիւնները ենթարկուած են պարտադրանքի կամ  ներքաշուած աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու եւ տարածաշրջանի գլխաւոր ուժերու խաղին: Ժողովուրդը սակայն ի՛նքն է, որ, թէկուզ երկարաժամկէտ դիմակայութեամբ, կ՛ընդունի կամ կը տապալէ նման միակողմանի տխրահռչակ զիջումնային համաձայնութիւնները:

Նման աշխարհաքաղաքական գործարքներու կայացման ուղիներու վրայ մեզի պարտադրուեցան վտանգներով լի հայ-թրքական համաձայնութեան արձանագրութիւններ: Հետեւողական «ո՛չ»-ի շարժումը տապալեց այդ արձանագրութիւնները: Ի հարկէ այստեղ կայ հիմնական տարբերութիւն: Այդ պարագային կար վտանգ հայապատկան տարածքներու պահանջատիրութենէն հրաժարումին, այստեղ կայ գործնական հեռացում տարածքներէ եւ յանձնում թշնամիին: Էականը, սակայն,  հետեւողական պայքարով «աւազակապետներու գծած քարտէսները պատռելու» Քրիստափորեան խորհուրդին հաւատարիմ ըլլալու գաղափարական երթէն անշեղ մնալն է:

Բնականաբար ընելիք կայ` ցուցական գործողութիւններով համաժողովրդային շարժումով մերժե՛լ փաստաթուղթը, շարունակել վճռակամ պայքարը Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ անոր անկախութեան միջազգային ճանաչման համար:

Հիմա կայ սակայն ցաւոտ փաստ: Հրամայականը այդ ցաւը ներքին բախումներու չառաջնորդելն է. համազգային կորուստի վերականգնման համար նախ ներքին մթնոլորտի առողջացումն է: Իսկ առողջացման, համերաշխութեան հաստատման եւ բոլոր ուղղութիւններով նպատակաուղղուած աշխատանքի վերամեկնարկումի համար կարեւոր է առաջին քայլը` գործադիր իշխանութեան անցնցում հեռացումը:

Զինուորականէն դիւանագիտական, տնտեսականէն մինչեւ կրթական ու մշակութային նոր աշխատանքային խումբի կազմութիւնը հրամայական է: Համազգային համախմբուածութիւնը` գերակայ եւ անմիջականօրէն գործադրելի օրակարգ:

 

Նախորդը

Բազմահազար Հայորդիներ Մերժեցին Յանձնուողական Համաձայնագիրը Եւ Պահանջեցին Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարականը

Յաջորդը

ՀԱՊԿ-ն Կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Պատերազմի Դադրեցման Մասին Յայտարարութեան Որդեգրումը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?