Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Սահմանադրութեամբ Նախատեսուած Հրաժարական` Անցնցում Փոփոխութիւններու Համար

Դեկտեմբեր 8, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի երկրաշարժի 32-րդ տարելիցի նշումներուն ընթացքին, յիշատակի խորհուրդը այժմէական-քաղաքական հնչեղութեամբ ներկայացնելու որեւէ փորձ բնականաբար կանգ առաւ վերականգնումի հրամայականին վրայ: Հիմա ազգովին եւ իբրեւ պետականութիւն վերակազմակերպուելու, ամբողջ համակարգ մը արմատապէս վերահունաւորելու անհրաժեշտութեան առջեւ կանգնած ենք: Կառուցումը ո՛չ միայն յետերկրաշարժեան ժամանակահատուածին զուտ շինարարական առաջադրանքներ կ՛ենթադրէ, այլ նաեւ կրթական, մշակութային, ռազմական, դիւանագիտական եւ յատկապէս բարոյահոգեբանական ուղղութիւններ կը ներառէ:

Երկրաշարժի կեդրոն Գիւմրի քաղաքը այսօր տարածաշրջանային նոր կարգավիճակ ստանալու նախադրեալներ կը պարզէ: Անկախ Նախիջեւան-Ազրպէյճան ցամաքային կամուրջ հաստատելու յայտարարութեամբ առաջադրուած կէտէն, Անգարայի վարիչներուն կողմէ սկսած են ուրուագծուիլ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման միտումներ: Ատիկա առաջին հերթին կ՛առարկայանայ սահմանի բացումով: Անգարան կը պայմանականացնէր Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու սկսումը առաջին հերթին արցախեան հարցի հանգուցալուծումով, որ թրքական դիտակէտէն անշուշտ կ՛ենթադրէր հայկական ուժերու հեռացում «ազրպէյճանական» տարածքներէ:

Հիմա նոր կացութիւն է. եւ եթէ տարածաշրջանային-աշխարհաքաղաքական շահագրգռութիւն գոյութիւն ունի մէկ կողմէ իրանեան, միւս կողմէ վրացական ելքերուն այլընտրանքային ուղիներ հարթելու, այդ պարագային գործընթացներ կրնան արագանալ: Ռուս-ամերիկեան գործարքի շրջանակներուն մէջ չեն բացառուիր սահմանաբացման գործողութիւնները:

Սահմանի բացումը կը վերաիմաստաւորէ սահմանամերձ շրջաններն ու քաղաքները, այս պարագային նախկին աղէտի գօտին` Գիւմրիով յատկանշուած:

Խնդիրը սակայն յանկարծակի նման գործողութեան դիմաց մեր երկրի այսօրուան անպատրաստ վիճակն է: Առանց օրինական դաշտի համապատասխան ուղղուածութեան որդեգրումին, սահմանափակումներուն, մաքսային յատուկ քաղաքականութեան մշակման, ոչ տեղական արտադրութեան ողողումը շատ պարզ տրամաբանութեամբ կը հարուածէ առանց այդ ալ արդէն ճգնաժամի մէջ յայտնուած երկրի տնտեսութիւնը, ժխտական բեկում յառաջացնելով տեղական արտադրանքին մէջ: Հարցը միայն տնտեսական բնոյթ չունի անշուշտ եւ սերտօրէն առնչուած է Անգարայի կողմէ չյայտարարուած նպատակներու:

Իշխանութիւններու յայտարարած գիտելիքահենք տնտեսութեան կայացումը այս նոր ալիքին դէմ դնելու դիմադրողականութիւնը չունի: Խօսքը արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, առեւտուրի  ուղղութիւններու հիմնական վերափոխման հրամայականին մասին է: Այս ոլորտները եւս ռազմավարական նշանակութիւն ներկայացնող այլ ոլորտներու նման նոր համակարգի, նոր վարչակառավարման դրութեան եւ բնականաբար նոր մասնագէտներու կարիքը ունին կաթուածահար վիճակէ դուրս բերելու համար պետականութիւնն ու երկիրը ամբողջ:

Անհրաժեշտ են արագ, արմատական փոփոխութիւններ: Երբ ռազմական դրութիւնը չէ վերացած, սահմանադրականօրէն կարելի չէ կազմակերպել արտահերթ ընտրութիւններ: Լուծումը պէտք է ըլլայ բացառապէս սահմանադրական:

Սահմանադրութեան 149-դ յօդուածի երկրորդ կէտը յստակօրէն կը հաստատէ.

«Վարչապետի հրաժարական ներկայացնելու կամ վարչապետի պաշտօնը թափուր մնալու այլ դէպքերում կառավարութեան հրաժարականն ընդունուելուց յետոյ` եօթնօրեայ ժամկէտում, Ազգային ժողովի խմբակցութիւններն իրաւունք ունեն առաջադրելու վարչապետի թեկնածուներ: Ազգային ժողովը վարչապետին ընտրում է պատգամաւորների ընդհանուր թուի ձայների մեծամասնութեամբ»:

Ահաւասիկ այսօրուան հանգոյցի լուծման սահմանադրական բանալին: Այս քայլն է, որ հասարակութիւնը դուրս կը բերէ բեւեռացումէ, եւ յուսաբեկուած մթնոլորտէն դուրս բերելու նախադրեալներ կը պարզէ: Անցումային համաձայնական կառավարութիւնը, ըստ էութեան երկիրը կը նախապատրաստէ արտահերթ ընտրութիւններու: Վազգէն Մանուկեանին վարչապետի պաշտօն ստանձնելը չ՛ենթադրեր յեղաշրջում: Կ՛ենթադրէ լարուած մթնոլորտի լիցքաթափում, մասնագիտական աշխատանք` փրկելու յետպատերազմեան հայրենիքը եւ նախապատրաստելու ազատ, արդար, թափանցիկ ընտրութիւններ` անցնցում ապահովելու համար նոր խորհրդարանի ձեւաւորումը:

Այս բոլորին մեկնարկը սակայն, ինչպէս բանաձեւուած է Սահմանադրութեան մէջ, վարչապետի հրաժարականն է:

Նախորդը

«Մեր Փրկութիւնը Ազգային Համաձայնութիւնն Ու Միասնականութիւնն Են» Շեշտեց Նախագահ Սարգսեան

Յաջորդը

Փետրուար 2021-ի Վերջերը Լիբանան Կը Ստանայ Պատուաստի Իր Բաժինը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?