Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Համաշխարհային Պայմաններ Եւ Հայկական Նախաձեռնութիւններ (Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման Տօնին Առիթով)

September 21, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը կը յառաջացնէ համաշխարհային  ներկայ  պայմաններուն նկատառումով խոհեր, որոնք քաղաքական ընկալումով անպայման պէտք է պայմանաւորուին ժամանակակից գործընթացներով:

Աշխարհը, կը թուի, թէ թեւակոխած է համաճարակներու պատճառով ստեղծուող իրավիճակային փուլ: Կենսոլորտային հարցերը, գիւղատնտեսական, արդիւնաբերական, ճարտարարուեստական նորարարութիւնները, ուժանիւթի գործարկման նոր եղանակները եւ կենսա-արհեստագիտութիւնը յայտնաբար տեղի կու տան նոր վարակներու ստեղծման, ծնունդին: Եւ որովհետեւ անվերջ են այս գործընթացները, անվերջ պիտի ըլլայ նաեւ, ըստ միտումի, վերափոխումը: Այս պարագային` բացասական իմաստով:

Տեսականօրէն կայ այլ գործընթաց մը եւս: Վարակներու վերափոխումները կամ ծնունդները ընդհանրապէս կրնան նաեւ ունենալ սարքովի բնոյթ, ի տարբերութիւն վերը նշուած այսօրուան միջամտութիւններուն իբրեւ հետեւանք ստեղծուող վարակներու տեսութեան: Այս արդէն կենսաբանական պատերազմի մասին է, որ կու գայ աւելնալու արհեստական բանականութեամբ, քիմիական եւ հեռակառավարուող պատերազմներու տեսակներուն վրայ:

Անվտանգային ռազմավարութիւններուն մէջ կենսաբանական ոլորտը արդէն իսկ սկսած է ստանալ առաջնային նշանակութիւն: Տարբեր պետութիւններու ազգային անվտանգութեան խորհուրդներուն մէջ կը ներառուին այս ոլորտներու փորձագէտները` կանխելու, տարածման կշռոյթները չէզոքացնելու կամ` ի պահանջել հարկին, նախաձեռնելու գործառոյթներու իրականացման համակարգերը ղեկավարելու նպատակով:

Նման վարակներու պատուաստանիւթի գիւտը կրնայ որոշիչ դեր ունենալ համավարակի պատճառով փլուզուած տնտեսութիւններու վերականգնման աշխատանքներուն մէջ: Այստեղ արդէն երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենայ տուեալ երկրին ծովային սահման ունենալը կամ ընդհանրապէս ցամաքային սահմաններուն շրջափակուած ըլլալը: Խօսքը գիտելիքահենք տնտեսական ռազմավարութեան մասին է` մեծ հաշուով, որ, եթէ առաւելաբար կը բնորոշուէր իբրեւ հեռակառավարուող եւ արհեստական բանականութեամբ օժտուած համակարգով, այս պարագային` համամարդկային նշանակութիւն ունեցող գիտական յայտնութեամբ: Գիւտ, որ ոչ միայն կը փրկէ կեանքներ, այլ նաեւ կ՛ապասառեցնէ կաթուածահար կացութեան մատնուած տնտեսութիւններ` համաշխարհային մակարդակով:

Կենսաբանական գիտելիքներու մէջ գերազանց մակարդակով յատկանշուած մասնագէտներու հաւաքագրման մրցապայքարը պիտի ստանայ համաշխարհային բնոյթ: Մրցավազքը շեշտակիօրէն կը վերաբերի իւրաքանչիւր համավարակի դէմ առնուած միջոցներու ձեռքբերման: Իսկ կենսաբանական համաշխարհային քարտէսին վրայ Հայաստանը իր անկախ տեղը պիտի գրաւէ:

Ոչ միայն գիտական ասպարէզին մէջ, այլ նաեւ գիւղատնտեսական առումով պարարտ ենթահող ունի մեր երկիրը: Այս երկու ուղղութիւններու զարգացումը բարենպաստ արդիւնքներ կ՛ապահովէ մեր երկրին: Ապագայագիտութիւնը կ՛արծարծէ ջրային շտեմարաններու, գիւղատնտեսութեան եւ հակավարակային պայքարի ռազմավարութեան վերաբերող խնդիրներ:

Ազրպէյճանի նաւթային հանքերը չեն ներկայացներ նախկին արժէքը: Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները աշխարհագրական նախկին կարեւորութիւնը չեն վերապահեր Թուրքիոյ: Ներկայ պայմաններուն մէջ չ՛աշխատիր նաեւ թուրքեւազրպէյճանական «մէկ ազգ-երկու պետութիւն» բանաձեւը: Այս պայմաններուն մէջ Երեւանը հետզհետէ կը միանայ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ձեւաւորուող ռազմավարական նոր առանցքներու, որոնք յամենայնդէպս կանխարգելիչ գօտիներ են թրքական յառաջխաղացքին:

Տարածաշրջանային վերագծուող քարտէսներու վրայ թէ հետագայ միտումներու նկատառումով նոր աշխարհակարգին մէջ դեր վերցնելու նախադրեալներով Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամբողջ հայկական աշխարհի ցանցային դրուածքը լիարժէք օգտագործելու հարկադրանքին առջեւ կանգնած է:

21-րդ դարու համաշխարհային գործընթացները կրնան բարենպաստ իրավիճակներ ստեղծել հայութեան եւ մեր երկրին համար: Անհրաժեշտ է, որ բանի ազգային արժեհամակարգի  բոլոր բաղադրիչները իւրացուցած եւ հայկական համաշխարհային ցանցը նպատակաուղղուած գործարկող հայոց պետականութիւնը:

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչներու Շնորհաւորական Այցը Առաջնորդ Սրբազան Բաբգէն Արք. Չարեանին

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Յունաստանի Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն` «Յունական Թերթի Մէջ Էրտողանի Մասին Ոչ Պատշաճ Վերնագիրին Պատճառով»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Յարմարուելու Դասեր
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յարմարուելու Դասեր

February 14, 2026
Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»

February 14, 2026
Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.