Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Նոր Համակարգի Կոչեր. Մե՛ր Հայեցակէտերը

Սեպտեմբեր 1, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի նախաշեմին Հանրապետութեան նախագահը, իր ուղերձով կոչ կ՛ուղղէր պատմական իրերը կոչելու իրենց անուններով: Այլ խօսքով, ուղղակի սլաքներով կը մեղադրէր Օսմանեան կայսրութիւնը` Լիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ, ջարդարարական եւ ցեղային զտման քաղաքականութիւն կիրարկած ըլլալու յանցանքով:

Անգարան կը հակազդէր ամենաբարձր ատեաններով. ոչ միայն Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը, այլ Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդականը բացատրութիւն կը պահանջէր պաշտօնական Պէյրութէն:

Պէյրութը, գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ, նահանջ կ՛արձանագրէր: Պատահածը, սակայն, քաղաքական ընթերցումով չէր վերաբերէր պատմական ժամանակաշրջանի մը գնահատումին. ըստ էութեան, թրքական ազդեցութեան տարածման դէմ լիբանանեան որոշ արգելանքներ կանգնեցնելու նախանիշ էր:Հանրապետութեան նախագահին կիրակի օրուան ուղերձը շրջանցած էր պատմական այս խնդիրը: Այդ չի նշանակեր, սակայն, որ Օսմանեան ջարդարարութիւնը պիտի չվերարծարծուի 100-ամեակի տարբեր ձեւաչափերով նշումներու ընթացքին:

Շրջանցումը քաղաքական տրամաբանութեամբ ընկալելի է: Հիմա, հրատապսուր բնոյթով օրակարգեր կան, եւ պատմական յետադարձ ակնարկներ կրնան անտեղի նկատուիլ: Ամբողջ պետականութեան մը գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ է եւ միջազգային ընտանիքին անմիջական պահանջներւն ներքոյ պետութիւնը ստիպողականութեան տակ է որոշումներ կայացնելու:

Այժմէական առնչութիւնը օսմանականութեան հետ տարբեր ուղղութիւն ունի: Այսօր միջազգային միջամտութեան ամէնէն սուր թեմաները` ապաշնորհ վարչակառավարումն է, փտածութիւնը, թալանը եւ այդ բոլորին համակարգային դրոյթը` համայնքային պետական կարգը:

Պարզ է, որ պետական այս կարգերու ակունքին կանգնած է Օսմանեան կայսրութիւնը, եւ եթէ իրերը պիտի կոչենք իրենց անուններով, ապա ուրեմն այս բոլոր ծանր հետեւանքներու համակարգային պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ Թուրքիոյ նախորդ իշխանութիւններուն ուսերուն:

Միաժամանակ նկատելի է նաեւ այն, որ երկրի ապահամայնքայնացումն ու պետութեան քաղաքացիականացումը, պահանջող պետութիւնները անպայման չեն գերադասեր երկրին բարեկարգումը:

Հիմա, իրադրութիւններու բերումով ամէնէն աշխուժ միջամտող-միջնորդը` Ֆրանսան է:

Լիբանանի նկատմամբ աւելի աշխարհաքաղաքական դիտարկումով, օսմանացման (այս պարագային նոր օսմանականացման) եւ ֆրանսական հոգատարացման բախումն է, որ տեղի կ՛ունենայ:

Այս բախումը արեւելեան Միջերկրականի մէջ կը դրսեւորուի Թուրքիոյ դէմ Ֆրանսա-Կիպրոս-Յունաստան-Եգիպտոս, Իտալիա եւ ԵՄ-ի այլ երկիրներ առանցքներու ձեւաւորումով: Այստեղ արդէն գերխնդիրը ընդծովեայ ուժանիւթային պաշարներու օգտագործման չափաբաժիններ ապահովելու օրակարգն է:

Այժմ պէտք է հայկական ոսպնեակով համակողմանի վերլուծում կատարել համակարգաստեղծ տարբեր փորձերուն:

Բնականաբար նոր օսմանականացումը չի բխիր հայկական կողմի շահերէն, միաժամանակ սակայն կարելի չէ հակադրուիլ երկրի ապահամայնքայնացման պահանջներուն, մանաւանդ երբ հանրապետութեան նախագահը, ի՛նք կը խօսի այս նպատակին տանող ճանապարհային քարտէսի գծման հրամայականին մասին: Ամբողջ խնդիրը կը կայանայ նոր քարտէսին մէջ հայկական գործօնի ազդեցիկութիւնը պահպանելու առաջադրանքին մէջ:

Իսկ այս առաջադրանքը ըստ էութեան ո՛չ կարգախօսային է, ո՛չ յանկարծակի, եւ ոչ ալ իշխանափոխութեան իրականացման գործօն:

Անիկա կը բխի Սփիւռքի արիւնատար հանգամանքը պահպանելու սկզբունքէն:

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ուղերձը` Հայրենադարձութեան, Անոր Ռազմավարութեան Եւ Հայոց Բանակին Մասին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (1 Սեպտեմբեր 2020)

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?