Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ստորագրուած Փաստաթուղթը Հակասահմանադրական Է

Նոյեմբեր 13, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորագրուած յանձնուողական յայտարարութեան փաստաթուղթը արցախեան պատերազմական գօտիի սահմաններէն հեռացած է եւ ներառած Հայաստանի տարածքներուն վրայ թրքական-ազրպէյճանական պահանջներու իրականացման յանձնառութիւններ: Նման պայմաններ ընդունելով` հայկական կողմը լրիւ ներքաշուած է Ազրպէյճան-Արցախ հակամարտութեան էութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան վերափոխելու Պաքուի երկարատեւ ռազմավարական ծրագիրին մէջ: Հրադադարի պայմանականութիւնը դէպի հայաստանեան տարածքներ առաջնորդելով եւ նման պայմաններու պաշտօնական վաւերացումով, Երեւան իր համաձայնութիւնը կու տայ բանակցութիւններէն Ստեփանակերտը դուրս մղելու ազրպէյճանական առաջադրանքին:

Այստեղ կայ սակայն հիմնական խնդիր: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու վերաբերող որեւէ փոփոխութիւն  որեւէ ձեւով միանձնեայ իրաւասութիւններուն սահմաններուն մէջ չի տեղադրուիր:

Այսպէս. Հայաստանի Սահմանադրութեան յօդուած 121-ը կը հաստատէ.

«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչատարածքային միաւորներն են մարզերը եւ համայնքները: Վարչատարածքային բաժանումը, կառավարութեան ներկայացմամբ, սահմանւում է օրէնքով»:

Աւելի՛ն. յօդուած 205-ի համաձայն`

«Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի փոփոխութեանը վերաբերող հարցերը լուծւում են հանրաքուէների միջոցով»:

Հիմա տեսնենք, թէ պարտուողական յայտարարութեան 2-րդ եւ 9-րդ կէտերը ի՛նչ կը բանաձեւեն:

«Աղտամի շրջանը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան Ղազախի շրջանում հայկական կողմից պահուող տարածքները վերադարձւում են ազրպէյճանական կողմին մինչեւ 2020 թ. նոյեմբերի 20-ը (2-րդ կէտ)»:

Եւ`

«Տարածաշրջանում բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերն ապաշրջափակուած են: Հայաստանի Հանրապետութիւնն ապահովում է փոխադրական կապեր Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ` երկու ուղղութիւններով քաղաքացիների, փոխադրական միջոցների եւ ապրանքների անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրական հսկողութիւնն իրականացնում են Ռուսաստանի Դաշնութեան ԱԴS Սահմանապահ ծառայութեան մարմինները: Կողմերի համաձայնութեամբ կը տրամադրուի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջանների հետ կապող նոր փոխադրական հաղորդակցութիւնների կառուցում (9-րդ կէտ)»:

2-րդ կէտը յայտարարութեան հետագային հրապարակուած բնագիրներուն մէջ կը բացակայի. այդուհանդերձ,  երբ առաջին հրապարակուած տարբերակին մէջ ամրագրուած է, ապա կը տարուինք համոզուելու,  որ այդ մասին կայացած է համաձայնութիւն:

Շարունակենք սահմանադրական տրամաբանութիւնը: Եթէ Ղազախի շրջանին մէջ հայկական կողմէն պահուող տարածքներու յանձնումը այսօրուան հայաստանեան սահմաններու փոփոխութիւն կ՛ենթադրէ, այդ կը նշանակէ, որ հակասութեան մէջ է փաստաթուղթը ստորագրողը Սահմանադրութեան հետ: Եթէ կ՛ընդունինք, որ վարչատարածքային փոփոխութիւն է եղածը, ապա անիկա կը պահանջէ համապատասխան օրէնք` Ազգային ժողովով հաստատուած:

Եթէ կը նկատենք, որ Նախիջեւանէն Հայաստանի վրայով դէպի Ազրպէյճան անցք տրամադրելը հայաստանեան տարածքի վրայ այլ գերիշխանութեան հաստատում է` թէկուզ խաղաղապահ տեսքով, ապա այդ մէկը կը նշանակէ տարածքի փոփոխութեան համար կազմակերպել հանրաքուէ:

Ըստ նոյն 9-րդ կէտին` կողմերու համաձայնութեամբ կը տրամադրուի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն կապող նոր փոխադրական հաղորդակցութիւններու կառուցում: Հայաստանեան տարածքի վրայ նոր փոխադրական հաղորդակցութիւններու կառուցումը երկու պետութիւններու միջեւ կայացած պատերազմական գօտիին հետ չառնչուող  եւ ըստ էութեան համաթրքական վաղեմի ծրագիրի հետ կապ ունեցող առաջադրանք է: Հայկական կողմը, առանց դիւանագիտական կապեր ունենալու, առանց հարցը խորհրդարանէն անցընելու եւ անոր սահմանադրականութեան հաստատումը ապահովելու  միակողմանի զիջում կը կատարէ այս ձեւով:

Յայտարարութեան բովանդակութիւնը հեռացած է արցախեան գօտիէն եւ երկու պետութիւններու միջեւ հեռահար նպատակներ հետապնդող միակողմանի զիջումով փաստաթուղթ ստորագրած է: Նման խնդիրներ ոչ միայն օրէնքի կամ հանրաքուէի անհրաժեշտութիւնը կ՛ընդգծեն,  այլ նաեւ` անոնց սահմանադրականութեան հաստատումը:

Առ ի յիշեցում, Սահմանադրութեան 6-րդ յօդուածի Ա. կէտը կ՛ըսէ.

«Պետական  եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններն ու պաշտօնատար անձինք իրաւասու են կատարելու միայն այնպիսի գործողութիւններ, որոնց համար լիազօրուած են Սահմանադրութեամբ կամ օրէնքներով»:

Այս յայտարարութեան հակաիրաւաչափ ըլլալու սահմանադրական նախադրեալներ կան: ՈՉ-ի շարժումի անցած ուղին մեզի կը յուշէ, որ այստեղ ոչ թէ վերապահութիւններ բանաձեւելու անհրաժեշտութիւնը կայ, այլ պարզապէս պաշտօնապէս յայտարարելու այս փաստաթուղթին հակասահմանադրականութիւնը:

 

Նախորդը

Երկրորդ Օրն Ըլլալով Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Ցոյցերը Շարունակուեցան` Պայքարը Մինչեւ Վերջ Շարունակելու Վճռակամութեամբ

Յաջորդը

«Ներկայ Զինադադարին Մէջ Շարադրուած Պայմանները Անընդունելի Են Արցախի Երկարաժամկէտ Անվտանգութեան Համար» Կ՛ըսէ Քոնկրեսական Փալոն

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?