Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ազգ – Բանակ Հայեցակարգի Վերականգնման Հրամայականը (Բանակի Օրուան Առիթով)

Յունուար 28, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարոյահոգեբանական առումով ամէնէն բարդ պայմաններուն մէջ կը նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի օրը։ Արտաքին եւ ներքին, ինչպէս նաեւ առարկայական եւ ենթակայական պատճառներու հանրագումարը յանգեցուց արցախեան հայրենիքի տարածքային ցաւոտ կորուստներու։

Այսօր, դժբախտաբար շրջուած է հայոց բանակի տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ միաւորը ըլլալու համատարած համոզումը։ Միաժամանակ սակայն պէտք է նկատի ունենալ այն հանգամանքը, որ  հայկական ուժերը դատապարտուած էին պատերազմելու ո՛չ միայն Պաքուին, այլ նաեւ հիմնականին մէջ Թուրքիոյ դէմ։ Եթէ աւելցնենք նաեւ վարձկանններու ներգրաւումն ու նաւթատոլարներով ապահովուած գերարդիական զինուժը, ապա կը մտածենք գերազանցապէս անհաւասար պատերազմի մը մասին։ Իսկ նման պայմաններու մէջ հայոց բանակին 44-օրեայ պատերազմ մղելը, դիմակայելը վերստին մտածել կու տայ անոր մարտունակ էութեան մասին։ Մանաւանդ որ բազմաթիւ էին ինչպէս ժամկէտայիններու, նոյնպէս ալ պայմանագրայիններու եւ պահեստազօրայիններու սխրանքները։ Մարտունակութեան վրայ չէր, որ ստուեր կը ձգուէր։ Խնդիրները այլ հանգամանքներու կը վերաբերէին։

Փոխուած էր պատերազմի բնոյթը։ Ռազմական դասական ոճը փոխարինուած էր հեռավար համակարգով, անօդաչու սարքերով, ուր մարդկային ուժը եւ մարտունակութիւնը մղուած էին երկրորդ կարգ։ Ռազմավարութիւնները այնպէս կը մշակուէին, որ օդային եւ հակաօդային համակարգերու գերազանցելիութիւնն էր, որ ճամբայ կը բանար դիրքերու եւ տարածքներու վերահսկողութեան։

Փոխուած էր նաեւ վերջին տարիներուն հայոց բանակը ղեկավարած մարդուժի նկատմամբ պետական վարչախումբի մօտեցումը։ Հեղինակազրկման, յանկարծակի պաշտօնազրկումներու, առանց հետաքննական մարմիններու եզրակացութեանց սպասելու, քառօրեայ պատերազմի պատասխանատուներ մեղադրելու պաշտօնական բնոյթ կրող  յայտարարութիւնները հարուածած էին բոլորի յարգանքին արժանի հայոց զինեալ ուժերու համակարգը։ Խախտած էին հաստատութենական մօտեցում ունենալու պետական դրութեան յենասիւները։

Քաղաքականացուած մօտեցումով վարկահարուած ստացած  Ազգ-բանակ հայեցակարգի գործնականացման փուլերը կ՛առկախուէին։ Հակառակ անոր որ թշնամի պետութիւններու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը պատերազմի վերսկսման ահազանգները կը հնչեցնէին։

Ազգ-բանակի առկախումը կամ նոյնիսկ չեղեալ նկատուիլը, պատերազմի նախաշեմին գտնուելու իրողութեան անտեսումը, զուգահեռ բարձրաձայնուող  յոխորտանքները  եւ մանաւանդ բանակցութիւններէն հայկական կողմին հրաժարման համազօր պաշտօնական յայտարարութիւն կատարելը, յաչս միջազգային հանրութեան կը հիմնաւորէին Պաքուի սանձազերծումը։

Հիմա արդէն կը խօսուի գերագոյն գլխաւոր հրամանատարութիւն-պաշտպանութեան նախարարութիւն-բանակի հրամանատարութիւն ուղղահայեցային յարաբերակցութեան ոչ ներդաշնակ աշխատելուն եւ այդ բոլորի հետեւանք պատերազմի ղեկավարման առնչուած ճակատագրական սխալներու մասին։

Ռազմական ոլորտին հետ կապուած իրադարձութիւններու մասին գնահատական տալը ռազմագիտական համապատասխան փորձաքննութիւններու արդիւնք միայն կրնայ ըլլալ։ Տեսականօրէն սակայն մեր երկրի կիսապատերազմական իրավիճակը, թշնամիին ախորժակները, թուրքեւազրպէյճանական միացեալ զինուած ուժերու յաճախակի ռազմափորձերը, թրքական ստորաբաժանումի առկայութիւնը Արցախի սահմանամերձ տարածքներուն վրայ, աւելի՛ն՝ վտանգի յաւելեալ մօտեցումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմաններուն, կը վերաշեշտէ ամբողջ բնակչութեան  նման ոտնձգութիւններու պատրաստ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը։

Ազգ-բանակ կառուցակարգի կայացման գործընթացին կրնայ ձեռնարկել նման հայեցակարգի հաւատացող, պարտութիւնները յաղթանակի վերածելու պատրաստ, բանակի հեղինակութեան վերականգնման ձեռնարկող եւ այդ բոլորին զուգահեռ զինուժի 5-րդ սերունդի ձեռքբերումը առաջնային օրակարգի վերածող նոր ձեւաւորուելիք իշխանութիւնը։

 

 

Նախորդը

Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ. «Մեր Կարմիր Գիծը Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային Ամբողջականութիւնն Է»

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը «Դրական Զարգացումներու» Ոյսին Տակ Որոշած Է Յետաձգել Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?