Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ստեփանակերտը Ազդարարեց Արմատական Փոփոխութիւններու Մեկնարկը

December 18, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի տեսաուղերձը ստեղծուած ներքաղաքական  իրավիճակէն դուրս գալու եւ դէպի հանգուցալուծում առաջնորդուելու ուղի կը հարթէ: Արցախի Սահմանադրութեան համաձայն ընտրուած նախագահը մէկ տարիէն առաջ չի կրնար հրաժարիլ իր պաշտօնէն: Հետեւաբար նախագահ Յարութիւնեան ողջմիտ ժամկէտին կը խոստանայ համապետական արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպել:

Իշխանութեան անցնցում փոխանցումի կարեւորագոյն այս քայլով չի սահմանափակուիր նախատեսուած գործողութիւններու շարքը: Միաժամանակ հրաժարելով մեծամասնութիւն կազմող կուսակցութեան նախագահի պաշտօնէն` Արայիկ Յարութիւնեան կ՛ազդարարէ ընդհանրապէս քաղաքական կեանքէն հանգրուանային ձեւով դուրս գալու գործընթացը:

Աւելի՛ն. Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարութիւնը ընդդիմադիր գործիչի յանձնելով` Արցախի նախագահը կը նախանշէ հետագայ որոշումներուն վրայ միանձնեայ ազդեցութիւն չունենալու եւ անվտանգութեան վերաբերող բոլոր հարցերը համապատասխան գերատեսչական խորհուրդին հետ համաձայնեցնելու որոշումը:

Իշխանութեան փոխանցման կամ նախագահութենէն հրաժարման այս հոլովոյթը տակաւին պիտի համալրուի համաձայնական նոր կառավարութեան ձեւաւորումով, Ազգային ժողովի պաշտօններու վերաբաշխումով:

Արցախի պետական համակարգը վերջին Սահմանադրութեամբ գերնախագահական է: Հիմա սահմանադրական լիազօրութիւնները պահելով ըստ էութեան որոշումներու կայացման եղանակն է, որ կը փոխուի եւ պատասխանատուութիւնը կը տարածուի Արցախի պետական դաշտը կազմած բոլոր ուժերուն վրայ:

Ա՛յս աշխատելաձեւն էր, որ կը պահանջուէր ճգնաժամի մէջ յայտնուած կառավարութենէն` բոլոր ուժերուն մասնակցութեամբ մեր երկրին դէմ սանձազերծուած պատերազմի յաղթահարման համար: Այդ պայմաններուն մէջ առաջադրուած ռազմաքաղաքական խորհուրդը փաստօրէն պիտի համախմբէր բոլոր ուժերը, պիտի համակարգէր պատերազմ մղելու բոլոր գործողութիւնները` դիւանագիտականէն ռազմական, տեղեկատուականէն մարդասիրական`  հաւաքական պատասխանատուութեամբ ծառանալու լայնածաւալ յարձակումին դէմ:

Հիմա արդէն ունինք, այն ինչ որ ունինք: Եւ Արցախը փաստի դիմաց կանգնած կը դիմէ մթնոլորտի լիցքաթափման, վէրքերը ամոքելու միջոցներու, գործող համակարգին պատասխանատուութիւնը ստանձնելով սահմանադրականօրէն հեռանալու եւ համախմբման նախադրեալներ գոյացնելու:

Բնականաբար մոգական գաւազանի ազդեցութեամբ աղէտալի վիճակը չի դարմանուիր կարճ ժամանակի մէջ: Այնուամենայնիւ վերականգնումի համար ենթահող նախապատրաստելու քայլեր են, որոնք կ՛առնուին Արցախի պետութեան բարձրագոյն դիրքերէն:

Ստեփանակերտի առած քայլերուն համապատասխան քայլեր չեն երեւիր Երեւանի մէջ: Մեղաւորի եւ պատասխանատուի բառախաղերէն, մինչեւ ժողովուրդին անունով խօսելու-չխօսելու պարանաձգութիւնները կ՛երկարաձգեն արդէն իսկ պետական սահմաններու վերահսկելիութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձուցած իշխանութեան կողմէ ստեղծուած իրավիճակի գոյութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը  վարչապետին լայն լիազօրութիւններ շնորհելով պաշտօնաթողութեան պայմանական ժամկէտներ չէ ճշդած: Այստեղ պարզ է սահմանադրական լուծումը` երկիրը անցնցում նոր ուղի դուրս բերելու համար:

Հայութեան նորագոյն զարթօնքի մեկնարկը ազդարարուած էր 1988-ին Ստեփանակերտէն: Երեւանն ու այնուհետեւ ամբողջ սփիւռքը միացած էին համազգային մակարդակով նոր ելակէտ ապահոված Ստեփանակերտէն ծայր առած շարժումին:

Ծանր այս պարտութենէն ետք, ազգովին վերազօրաշարժի ենթարկուելու անյետաձելի հրամայականին դիմաց կանգնած ենք: Վերազարթնելու, ուժերը վերստին լարելու եւ ստացած հարուածին ազդեցութենէն դուրս գալու քայլեր եւ գործողութիւններ են պէտք: Արցախը նախանշանը տուաւ այդ ուղղութեամբ շարժելու: Երեւանը անյապաղ պէտք է միանայ Ստեփանակերտէն սկսած արմատական փոփոխութիւններու շարժումին:

Նախորդը

Արժանապատուութեան Երթին Մասնակիցները Կը Հաստատեն. «Փաշինեանի Հեռացումը` Քաղաքական Օրակարգի Թիւ Մէկ Հարց»

Յաջորդը

Հակառակ Պարզուող Մտահոգիչ Իրադարձութիւններուն. Ճիգերը Կը Շարունակուին Հարթելու Խրթին Հարցերը` Տեղական Թէ Արտաքին Մակարդակներու Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.