Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հրաժարեալ Վարչապետին Նախաձեռնութիւնը

Յունուար 21, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան առկախուած գործընթացը վերագործարկելու նախաձեռնութիւն կ՛առնէ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապը: Քաղաքական կեանքին մէջ առհասարակ գուցէ եզակի երեւոյթ է պարզուածը: Ըստ էութեան նշանակեալ վարչապետի գործառոյթն է, որ կ՛իրականացնէ մեկնող վարչապետը: Պարզ է տրամաբանութիւնը: Մինչ այժմ ընթացած բանակցութիւնները, հանդիպումները չեն յանգած համաձայնութեան, եւ գործընթացը առկախուած է: Հիմա նոր նախաձեռնութեամբ հիմնականին մէջ միջնորդական առաքելութիւն կ՛իրականացնէ հրաժարեալ վարչապետը: Եւ ասիկա Լիբանանին յատուկ երեւոյթ է:

Եթէ երեւոյթը լիբանանեան աւանդական քաշքշուքներու առումով բացասական եզրակացութիւն կը բանաձեւէ, միւս կողմէ սակայն դարձեալ եզակիութեամբ դրական երանգներ կը հաղորդէ: Մեկնողը «ինձմէ ետք ջրհեղեղ» կարծրատիպը կը շրջէ եւ հանգուցալուծման համար իր շարունակուող ընթացիկ պատասխանատուութիւնը կարելիի սահմաններուն մէջ կը դրականացնէ:

Պետական մարդու պահուածք է Տիապի դրսեւորածը: Ինչ որ նման նախաձեռնութեան մը համարժէք ընդառաջումներու անհրաժեշտութիւնը կը յուշէ: Մանաւանդ որ պայմանները ճակատագրականօրէն ծանր են ո՛չ միայն աւանդական թղթածրարներու կուտակումով ստեղծուած իրավիճակի ուղղութեամբ, այլ նաեւ համավարակի ահագնացումով ստեղծուած մարդասիրական աղէտի գոյութեամբ:

Այստեղ եւս Տիապի գլխաւորած եւ ընթացիկ աշխատանքներ վարող կառավարութեան համապատասխան գերատեսչութիւնները կը փորձեն իրականացնել անկարելին` մարդկային կեանքեր փրկելու առումով: Հակառակ ծանրագոյն այս պայմաններուն եւ քաղաքացիական արդարացի դժգոհութիւններուն, տեսանելի է իրաւապահ մարմիններ-առողջապահական համակարգ-քաղաքացիական հասարակութիւն  լուռ համագործակցութեան մթնոլորտ մը: Փակումը զգալի է, նոյնիսկ` փակումի երկարաձգման որոշումի նախադրեալներուն դիմաց հասկացողութիւնը եւ թելադրուող զգուշաւորական միջոցառումներու որդեգրման զանգուածային օրինակները:

Նման պայմաններու մէջ է, որ հրաժարեալ վարչապետը կը տեսակցի հանրապետութեան նախագահին, նշանակեալ վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին հետ, իւրաքանչիւր հանդիպումէ ետք կը կատարէ լաւատեսութիւն փոխանցող յայտարարութիւններ` միջնորդական առաքելութեան մը առարկայացման յուսադրիչ պատգամը յղելով հասարակութեան: Տիապը ընդունող իւրաքանչիւր պետական գործիչ կ՛արձագանգէ համահունչ` դրական երանգներու պահպանման առումով:

Տիապի կողմէ առաջնորդուող այս գնացքը պէտք է տեղ հասցնել անպայման: Կը թուի, որ ենթահող կը վերաձեւաւորուի Պէյրութի Կեդրոնական տունէն դէպի Պաապտա ճամբան հարթելու` իբրեւ նախապատրաստութիւն նախագահ-վարչապետ հանդիպումի:

Քաղաքական իրատեսութիւնն ու լիբանանեան քաղաքական մշակոյթի իրազեկուածութիւնը կը յուշեն անշուշտ, որ կառավարութեան կազմութեան գնացքը միայն լիբանանցի ճանապարհորդներով չէ, որ կ՛ընթանայ: Գնացքի մեկնարկը կ՛ազդարարուի, կը շարժի, արագութեան, դանդաղկոտութեան կամ կասեցումի կոճակները կը սեղմուին արտալիբանանեան շրջանակներու կողմէ: Եւ խնդիրը այդ ատեն է միայն, որ դուրս կու գայ լիբանանեան մանր առեւտրային պարունակէն` ստանալու համար քաղաքական մեծ արդիւնաբերութեան տարողութիւն:

Առանց սուզուելու աշխարհաքաղաքականութեան ովկիանոսի ջուրերուն մէջ, նկատենք միայն, որ Ուաշինկթըն-Թեհրան նոր համաձայնութիւններու  մասին երկկողմանի անհրաժեշտութիւններ կը յուշուին, Ծոցի մէջ կ՛արձանագրուի համաարաբական համախոհութիւն, եւ արաբական երկիրներէ Թեհրանի նկատմամբ կամուրջներ վերակառուցելու յորդորներ կը հնչեն:

Դժուար է հաստատելը, որ աշխարհաքաղաքական թայմինկը նպաստաւոր է համալիբանանեան համախոհութիւն գոյացնելու: Առնուազն սակայն այդ ուղղութեամբ մտածողութիւն զարգացնելու հիմունքներ կան: Եւ Հասսան Տիապ իր նախաձեռնութեան յաջողութիւններու գրաւականներու հաշուարկին մէջ բացառած չ՛ըլլար նաեւ այս հանգամանքները:

Այս բոլոր տուեալներուն լոյսին տակ հաւանաբար պէտք է դիտարկել մեկնող վարչապետի նորագոյն փորձը` միջնորդելու եւ այդ միջնորդութեամբ դէպի փրկութեան կառավարութեան կազմութիւն առաջնորդելու լիբանանեան գնացքը:

Գնացքին վախճանակէտը դեռ տեսանելի չէ. երեւցածը` գնացքին մեկնարկի ազդանշանին լոյսն է:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ի Հեճուկս Դաւաճաններուն Եւ Թշնամիներուն` Արցախը Եղած Է, Կայ ու Պիտի Մնայ Հայկական»

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Արձանի Մը Պատմութիւնը` Մուշուրբայի Արձանը

RelatedPosts

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գաղութային

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յունուար 27, 2023
Մշակոյթի Նախարարութեան Եւ Համազգայինի  Միջեւ Համագործակցութեան  Եւ Փոխըմբռնման Յուշագիրով.  Մշակոյթի Նախարարութիւնը Կը Ճանչնայ  Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները
Գաղութային

Մշակոյթի Նախարարութեան Եւ Համազգայինի Միջեւ Համագործակցութեան Եւ Փոխըմբռնման Յուշագիրով. Մշակոյթի Նախարարութիւնը Կը Ճանչնայ Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները

Յունուար 27, 2023
Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով  Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու  Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Բանաձեւով Կոչ Կ՛ուղղեն Պայտընին Դադրեցնելու Ռազմական Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In