Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր «Ազդակ»-ը Ճգնաժամերուն Ընդառաջ (Ա.)

Դեկտեմբեր 28, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2020-ի արհաւիրքային հետեւանքները միայն «Ազդակ»-ը չէ, որ կրեց անշուշտ: Սակայն մեր խնդիրը այս աւանդական դարձած սիւնակներուն մէջ «Ազդակ»-ի դիմագրաւած դժուարութիւնները ներկայացնելն է: Տպագիր մամուլին, տեղեկատուական հիմնահարցերուն, առաւել եւս համավարակի, մեծ պայթումի, ֆինանսական աննախադէպ ճգնաժամի եւ պատերազմի տարուան մէջ թերթին երթը անխափան շարունակելը բազմապատկուած ճիգերու կը կարօտէր:

Ծրագրելը դժուար էր այս պայմաններուն մէջ: Ծրագիրները ընդհանրապէս բնորոշուեցան հակաճգնաժամայնութեամբ: Հետեւաբար` կարճաժամկէտ աշխատանքային ուղղութիւններ, որոնց նպատակը ճգնաժամի հետեւանքները ոչ անպայման վերացնելն էր, այլ ըստ կարելւոյն զանոնք վնասազերծելը:

Համավարակը եւ անոր հետեւած ամբողջական փակումի պետական որոշումները նոյնիսկ պահ մը առաջնորդեցին մեզ ժամանակաւորապէս դադրեցնելու թերթին տպագիր հրատարակութիւնը: Մինչ, խմբագիրներու եւ թերթերու արտօնատէրերու սենտիքաները կը քննարկէին ամբողջ Լիբանանի տարածքին լոյս տեսնող թերթերու հրատարակութեան բացառապէս ելեկտրոնայնացումը եւ տպագիրի առկախման որոշումի չէին յանգեր, «Ազդակ»-ի պարագային, յատկապէս ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի վճռակամ որոշումով թերթը ոչ մէկ օր դադրեցաւ լոյսին գալէ:

Ժամանակաւոր պատշաճեցումի հրամայականը հետզհետէ պարտադիր կը դառնար: Խնդիրը ո՛չ միայն համավարակի յատուկ կանոններու յարգումի աշխատակազմի համախմբումը չկիրարկելն էր եւ այդ հիմունքով ալ ֆիզիքապէս չհամատեղուիլը նոյն յարկին տակ, այլ նաեւ շեշտակիօրէն ֆինանսական սուր տագնապի ահագնացումը:

Լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկում, շուկայի փակումի պատճառով` ծանուցումներու կտրուկ անկում, եթէ ոչ վերացում, զուգահեռ` կազմակերպ կեանքի ձեռնարկներու բաժինի ամբողջական սառեցում, ինչ որ իր կարգին տեղի կու տար ձեռնարկներու յայտարարութիւններէ թերթին մուտքագրուող գումարներու բացակայութեան:

Անհրաժեշտ էր առաջին եւ երկրորդ պատճառներով ուրեմն աշխատանքային ժամանակաւոր դրութեան անցում: Նուազագոյն աշխատակազմով 4 էջով սահմանափակուող օրաթերթի հրատարակութիւն:

«Ազդակ»-ի կայքը բնականաբար բովանդակային առումով հետզհետէ որոշ տարբերութիւններով պիտի սկսէր յատկանշուիլ: 4 էջը սկզբնական շրջանին զուտ լրատուական բովանդակութիւն ունէր` առաւելաբար կեդրոնանալով համավարակի եւ լիբանանեան քաղաքական լրատուութիւններուն վրայ: Մինչ «Ազդակ»-ի կայքը պիտի շարունակէր իր տարածքներուն վրայ ներկայացնել յօդուածներ, վերլուծումներ, ուսումնասիրութիւններ, որոնք ժամանակաւորապէս պիտի առկախուէին տպագիրի էջերէն:

Ամիսներ անց համավարակի կանոններու համեմատական թուլացումին առընթեր տպագիրը 4-էն կը դառնար 8 էջի` վերստին իր բովանդակութեան մէջ ներառելով գրական, մշակութային, կնոջական, մարզական, մանկապատանեկան, գաղութէ-գաղութ, հայրենի կեանք եւ համահայկական խնդիրներու վերաբերող վերլուծական յօդուածագրութիւնը:

Լուծուած է ժամանակաւոր դրութեան վերածուելու պատճառներէն առաջինը` համավարակի առումով համեմատաբար բնական պայմաններու վերադարձով աշխատանքային բնականոն պայմաններու վերականգնումը. ծանրօրէն կը յամենայ ֆինանսական տագնապը:

Համավարակի պայմաններու յաղթահարման ճիգի ընթացքին էր, որ հզօր պայթումը սասանեց ամբողջ Լիբանանը: Հզօր հարուածի քանդումներէն անմասն չմնացին «Ազդակ»-ի խմբագրատունն ու տպարանը: Ընթացիկ խմբագրական, անձնակազմային եւ տպագրական  ելքերու ծանր թղթածրարին վրայ կ՛աւելնային վերանորոգման ծախսերը: Հանգրուանային ձեւով անմիջական անհրաժեշտութիւն ներկայացնող վերանորոգումներուն հետագային յաջորդեցին երկրորդ հանգրուանի վերաշինութիւնները:

Այս բոլորին համար հերթական անգամ փութացին իրենց լուման ներդրելու «Ազդակ»-ի բարեկամները, ընթերցողները, հովանաւորները: Հիմնականը անշուշտ Կեդրոնական կոմիտէի անվերապահ աջակցութիւնն էր եւ վճռակամութիւնը` «Ազդակ»-ի հրատարակչական երթը անխափան պահելու: Երթը պէտք էր անխափան պահել ամէն պարագայի եւ յատկապէս համավարակին եւ պայթումին առընթեր Արցախի մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի պատճառով շտապ, կարելիի սահմաններուն մէջ հաւաստի ու առարկայական եւ այդ բոլորին կից մեկնաբանական լրատուութիւն եւ վերլուծական գրութիւններ հրապարակելու:

Որեւէ յաւակնութիւն չունինք արձանագրելու, որ մեզի պարտադրուած ծանր ճգնաժամերէն յաջողեցանք լաւագոյն ձեւով դուրս գալ: Շատ հաւանաբար նման աննախադէպ ճգնաժամերը կը պահանջեն հակաճգնաժամային աւելի ազդեցիկ տեղեկատուական գործողութիւններ, ընդհուպ` տպագիր հրատարակչական:

Կը թուի, որ թէ՛ համավարակի եւ թէ՛ ռազմաքաղաքական առումներով մեր ապրած տարածաշրջանները տակաւին ճգնաժամեր կը խոստանան մեզի: Անհրաժեշտ է պատրաստուիլ նմանատիպ իրավիճակներու մէջ ազդեցիկ գործունէութիւն ծաւալելու նպատակով:

Նախորդը

Հակառակ Տօնական Օրերու Արձակուրդի «Տեղքայլին». Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Քուլիսային Ճիգերը Կը Շարունակուին

Յաջորդը

«Չեմ Կասկածիր` Պայտըն Պիտի Վերադառնայ Հիւլէական Գործարքի Պարտաւորութիւններու Կատարման» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?