Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միջազգային Գործիքակազմի Ներդրումի Բուն Շարժառիթը

Մայիս 9, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արլինկթընեան բանակցութիւններուն մասին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու պաշտօնական լրահոսներուն բովանդակութեան մէջ չկայ էական տարբերութիւն: Հիմնական բաժինը այն է, որ խաղաղութեան ծրագիրի կէտերէն ոմանց շուրջ գոյացած է համաձայնութիւն, իսկ որոշ կէտերու շուրջ` ոչ:

Սակայն մինչեւ արլինկթընեան բանակցութիւններ բազմաթիւ նիւթեր կային Մոսկուայի մէջ ըլլալիք հանդիպման նախապատրաստութիւններուն մասին: Ուաշինկթընի միջամտութիւնը յանկարծակի էր եւ  Մոսկուայէն առաջ անցնելու յստակ քայլ:

Կեդրոնանանք Ուաշինկթընի յայտարարութեան վրայ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին համաձայն,  կողմերը կեդրոնացած քննարկումներէ ետք էական յառաջընթացի հասած են բարդ խնդիրները լուծելու հարցով: Երկու կողմերն ալ  անկեղծ հաւատարմութիւն դրսեւորած են յարաբերութիւններու կարգաւորման ու  երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ հակամարտութեան դադրեցման:

Պլինքընի համաձայն, ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ազրպէյճանը սկզբունքօրէն համաձայնած են որոշակի պայմաններու եւ աւելի լաւ կը հասկնան մէկզմէկու դիրքորոշումները չլուծուած հարցերու վերաբերեալ: Ամերիկացի նախարարը ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն առաջարկած է վերադառնալ իրենց մայրաքաղաքներ, իրենց կառավարութիւններուն հետ խորհրդակցիլ այն մասին, որ յաւելեալ բարի կամքի, ճկունութեան եւ փոխզիջման պարագային համաձայնութիւնը  հասանելի է: Կողմերը պիտի շարունակեն ստանալ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը այս բոլորի իրականացման համար:

Ամերիկեան յառաջընթացի լաւատեսական շեշտը հակակշռուած է կողմերու տարածած յայտարարութիւններուն մէջ: Հետեւող յայտարարութիւնները երկու կողմէն կը խօսին կէտերու մասին, որոնց շուրջ կարելի չէ եղած համաձայնիլ:

Ուաշինկթընի միջնորդական աշխուժութիւնը ընդգծող երեւոյթներ են Արլինկթընի հանդիպումները: Հանդիպումներու տեւողութիւնը եւս ցոյց կու տայ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութեան աստիճանաչափը:

Խնդիրը անշուշտ յառաջընթացէն կամ տեսանելի համաձայնութենէն աւելի կանխելն էր Մոսկուան: Այդ մրցավազքին միացաւ նաեւ Պրիւքսելը. երէկ յայտարարուեցաւ, որ 14 մայիսին, Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է հանդիպում, այս անգամ առաջին դէմքերու մակարդակով:

Պաշտօնական Ուաշինկթընի յայտարարութիւններուն մէջ կը խօսուի ամերիկեան աջակցութեան եւ մասնակցութեան մասին: Շարունակուող գործընթացին Միացեալ Նահանգները կ՛ըսեն ներկա՛յ:

Առ այժմ ի տարբերութիւն նախկին ոճին, ռուսական պաշտօնական արձագանգները աւելի մեղմ են: Նախագահի բանբերը կը յիշեցնէր, որ միակ պայմանաւորուածութիւնը եռակողմ փաստաթուղթերն են, իսկ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կը յորդորէր սպասել հանդիպումներու արդիւնքներուն:

Տարակարծութիւնները յայտնաբար կը վերաբերին Արցախի կարգավիճակին, «անքլաւ»-ներուն եւ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին: Զանգեզուրի միջանցքի մասին յանկերգելու պարտականութիւնը Պաքուէն փոխանցուած է Անգարային, յատկապէս երբ Հայաստան Արցախ կենսաճանապարհին վրայ Պաքուն տեղադրեց անցակէտ, որ ի դէպ նախատեսուած չէ նոյեմբերեան յայտարարութեան մէջ: Պարզ է ուղերձը: Բանալ Նախիջեւան- Ազրպէյճան ճանապարհը` ճանապարհ ճանապարհի դիմաց կամ անցակէտ անցակէտի դիմաց տրամաբանութեամբ: Թէեւ պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ ակնարկ չկայ, սակայն մեկնաբանական նիւթերուն մէջ կ՛արծարծուի միջազգային գործիքակազմի ներդրումի անհրաժեշտութիւնը Արցախի ուղղութեամբ:

Միջազգային գործիքակազմը կ՛ենթադրէ երկու ուղղութիւն: Առաջինը բանակցային գործընթացի վերագործարկման` Ստեփանակերտ-Պաքու յարաբերակցութեամբ: Երկրորդ, անվտանգութեան ապահովման առումով` դէտերու, խաղաղապահութեան եւ կամ այլ առաքելութիւններով: Միջազգային գործիքակազմի առաջադրանքը ռուսական գործօնի հակակշռում կ՛ենթադրէ, եթէ ոչ դուրս մղում:

Արցախը շրջափակելով, անցակէտ տեղադրելով եւ ընդհանրապէս նոյեմբերեան յայտարարութիւնը խախտելով, ըստ էութեան Պաքուն Ուաշինկթընին եւ Պրիւքսելին խաղաթուղթ կը տրամադրէ եւ ենթահող կը հարթէ շեշտելու միջազգային գործիքակազմերու ներդրման անհրաժեշտութիւնը:

14 մայիսին, պրիւքսելեան հանդիպումներուն առընթեր Թուրքիոյ տարածքին տեղի կ՛ունենան համապետական ընտրութիւններ: Ընտրութիւններէն ետք չի բացառուիր նոր շրջափուլ Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Այդ փոփոխութիւնը կրնայ նկատուիլ նաեւ Անգարա- Մոսկուա յարաբերութիւններուն մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 9 Մայիս 2023)

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Քուէյթ

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?