Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թիւերով Ականապատումը

Մայիս 16, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիւքսելեան հանդիպումներէն կարելի է արձանագրել քանի մը կէտ:

Նախ այն, որ Պրիւքսելի միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւնները կը վերականգնուին այս ձեւով: Ազրպէյճանը, փաստօրէն դէմ ըլլալով Փարիզի միջնորդական մասնակցութեան, առկախած էր քառակողմ ձեւաչափը, որմէ ետք ընդհանրապէս սառած էր նաեւ պրիւքսելեան միջնորդութիւնը: Ազրպէյճանական արգելքը վերցուած է փաստօրէն, որովհետեւ Պրիւքսելի վերագործարկումով չ՛աւարտիր այս նոր գործընթացը: Յայտարարուած է արդէն, որ շուտով Քիշնեւի մէջ կը հանդիպին կողմերու առաջին դէմքերը. Միշելի առընթեր` Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի առաջին դէմքերու ներկայութեամբ: Պարզ է, որ Փարիզի դէմ ազրպէյճանական արգելքը վերցուած է:

Նկատենք, որ Ազրպէյճանի ուղղութեամբ պաշտօնական Փարիզը փոփոխութիւն բերած էր իր յայտարարութիւններուն մէջ: Վերջին շրջանին յայտարարութիւններու փոխադարձ հաւասարակշռման վարքագիծը ինքզինք զգալի կը դարձնէր:

Ֆրանսայի հռետորաբանութեան փոփոխութեամբ պայմանաւորուած չէ սակայն Պրիւքսելի վերագործարկումը եւ Ֆրանսայի վերադարձը: Պրիւքսելը փոխկապակցուած է Ուաշինկթընին, համաձայնեցուցած` անոր հետ, եւ ամերիկեան ճնշումով է, որ կը վերստանձնէ միջնորդական առաքելութիւն: Արլինկթընեան հանդիպումները ընդգծեցին ամերիկեան ներգրաւուածութեան աստիճանաչափը եւ նախապատրաստեցին Պրիւքսելի հանդիպումը: Պլինքընը պարզ դարձուց, որ իր պետութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ եւ մասնակցիլ խաղաղութեան գործընթացին: Միշելը յայտարարեց մօտաւորապէս նոյնը. տեղի պիտի ունենան իրերայաջորդ հանդիպումներ նոյն ձեւաչափով: Միշելի բառերով «մենք պայմանաւորուած ենք պրիւքսելեան հանդիպումներ կայացնել այնքան յաճախ, որքան անհրաժեշտ է»:

Համադրուած այս բեմագրութիւնը  ըստ էութեան ունի ուղղակի ուղերձ նախ Մոսկուային: Նոյեմբերեան համաձայնութեան միջնորդը առանձինը պիտի չշարունակէ խաղաղութեան պայմանագիրի հասնելու գործընթացը:

Հիմա տեսնենք, թէ ի՛նչ նորութիւն բերաւ Պրիւքսելը: Միշելի յայտարարութիւնը կը յատկանշուի քանի մը առանցքով:

Պրիւքսելի վերագործարկման եւ Փարիզի մասնակցութեան արգելքի վերացման դիմաց Պաքուն պէտք է ստացած ըլլայ որոշ երաշխիքներ: Աւելի՛ն. եթէ պահուող անձերու տունդարձը շաբաթներու հարց է, ապա իր պահանջած գինը պէտք է ստացած ըլլայ Պաքուն:

Տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիմամբ տեղ գտած էր դարձեալ պրիւքսելեան նախաձեռնութեամբ հոկտեմբեր 2022-ին փրակեան հանդիպման հետեւած յայտարարութիւններուն մէջ: Այդ փոխճանաչումի հիման վրայ պիտի իրականանային սահմանազատման եւ սահմանագծման գործողութիւնները:

Ազրպէյճանը յայտնապէս չէր բաւարարուած այս յայտարարութեամբ: Հիմա տարածքներու յստակ թիւեր գրանցուած են: Ազրպէյճանի 86.600 քառ.  քմ-ի սահմաններուն մէջ պիտի ճշդուին Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքի հարցերը:

Առանց 86.600 քառ. քմ նշումին, ո՛չ ՄԱԿ-ին, ո՛չ ալ Ալմա Աթային յղում կատարելը կ՛ենթադրէր ընդունիլ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ: ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ազգերու ինքնորշման իրաւունքը իրար հակասող յօդուածներ չեն, իսկ Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումը ազդարարած Ալմա Աթայի հռչակագիրի ընդունումէն առաջ Արցախը արդէն անկախացած էր: Տակաւի՛ն. հայկական կողմը իր վերապահութիւնը ներառել տուած էր այն կէտին, որ կ՛ըսէր, թէ ԱՊՀ-ի անդամ կրնան դառնալ նաեւ այլ պետութիւններ: Հայկական ներկայացուցչութեան առաջարկով ձեւակերպուեցաւ` «ինչպէս նաեւ մինչ Ալմա Աթայի հռչակագիրը հանրաքուէով անկախացած  միաւորներ (սուբիեկտներ)»:

Այս բոլորին վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ այն, որ Ազրպէյճանը ստորագրած էր հռչակագիրը, սակայն չէր վաւերացուցած, եւ` Պաքուն ոչ թէ ԱՊՀ-ի անդամակցութիւնը վաւերացուցած էր, այլ ԱՊՀ-ի կանոնադրութիւնը. կամ` մուսաւաթական Ազրպէյճանի ժառանգորդ յայտարարած Ազրպէյճանը ժառանգորդն է  նաեւ այդ օրուան Ազրպէյճանի սահմաններուն, որոնք 86.600-ին հետ կապ չունին: Նման իրաւական այլ փաստացի ուղիներ եւս կային, որոնց վրայ յենելով Արցախը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս կը նկատուէր:

Թուանշաններու ամրագրումը կը փակէ այդ ուղիները: Երեւանը չի կրնար ստորագրել որեւէ փաստաթուղթ, որ կը հակասէ թէ՛ Սահմանադրութեան նախաբան նկատուող Անկախութեան հռչակագիրին,  եւ թէ՛ 1992-ի Գերագոյն խորհուրդի որոշումին:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայկական Մարզի Կազմաւորում Եւ Ղարաբաղի Կառավարման Հարցի Քննարկում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?